Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որո՞նք Են Արաբները. Արաբական Լիկան Արաբական Չէ» Թուրքիա Ինքզինք Կը Նկատէ Արաբներու Անունով Խօսելու Ամէնէն Իրաւասու Կողմը

September 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Եասին Աքթայ բուռն կերպով քննադատեց Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով անցեալ չորեքշաբթի օր գումարուած ժողովէն բխած որոշումը, որ ըստ իրեն, «արաբական պետութիւններու հարցերուն թրքական միջամտութիւններու վերաբերեալ պնդումներ» կը պարունակէր: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ի արաբերէն ծառայութիւնը:

Աքթայ «Արապի 21» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին որոշումին անդրադառնալով յայտնեց. «Այս կեցուածքը զաւեշտալի է: Որո՞նք են արաբները: Արդեօ՞ք օրինակ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները աւելի արաբական են, քան Թուրքիան»:

«Մեր երկրին մէջ գտնուող արաբներուն թիւը աւելի քան տասը միլիոն է, իսկ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններուն մէջ արաբներուն թիւը մէկ միլիոնը չ՛անցնիր», աւելցուց ան:

«Արդեօ՞ք կը կարծենք, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները այժմ իրենք են, որ արաբներու շահերը կը պաշտպանեն, երբ իրենք են, որ պաղեստինցիներուն իրաւունքները սիոնականներուն ծախեցին», հարց տուաւ ան:

«Դժբախտաբար Արաբական լիկան արաբական չէ, եւ արաբներուն իրաւունքները անոր չեն հետաքրքրեր», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականը:

«Արաբական լիկան, օրինակի համար, ինչո՞ւ չի հետաքրքրուիր Սուրիոյ իրադարձութիւններով, այդտեղ ամէն օր գաղթականներ կան, որոնք Եւրոպա կ՛երթան ձեւով մը, որ արաբներուն համար ամօթալի կը նկատենք: Ինչո՞ւ գաղթականները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս կամ Պահրէյն չեն ապաստանիր, սակայն Թուրքիա կ՛ապաստանին», հարց տուաւ Աքթայ:

«Այդ իրողութիւնը Թուրքիոյ աւելի իրաւունք կու տայ արաբներուն անունով խօսելու, քան շարք մը արաբական երկիրներուն, եւ ատիկա պէտք է նկատի առնուի», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդարանը` աւելցնելով. «Թուրքիան արաբներուն անունով խօսելու ամէնէն շատ իրաւունք ունեցողն է` ի տարբերութիւն շարք մը արաբական երկիրներու, արդար դատերուն եւ անիրաւուածներուն կողքին կանգնելուն պատճառով»:

 

Նախորդը

Էրտողան Մաքրոնին Խորհուրդ Տուած Է «Թուրքիոյ Հետ Գործ Չունենալ»

Յաջորդը

«Կը Շարունակենք Արաբական Սկզբունքներուն Վրայ Մնալ, Եւ Խաղաղութիւնը Պաղեստինցիներուն Համար Լաւագոյն Առիթները Կ՛Ապահովէ Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

January 16, 2026
Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն  Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին  Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

January 16, 2026
Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ  Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ  Զինուորական Ներկայութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.