Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիա Եւ Քանատա Միասնաբար Կը Յայտարարեն. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տագնապի Որեւէ Լուծում Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Բռնութիւնը Մերժելու Սկզբունքին Վրայ»

September 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարներ Տոմինիք Ռաապ եւ Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցութիւնները վերականգնելու։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը։

«Քանատան եւ Բրիտանիան խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ շփման գիծի երկայնքին լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններով։ Բնակելի կէտերու հրետակոծութիւններու եւ քաղաքացիական բնակչութեան շարքերուն մէջ զոհերու մասին հաղորդագրութիւնները խոր մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն։ Մենք կոչ կ’ուղղենք անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, հետեւելու քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան եւ զինադադարի մասին համաձայնութեան», կը նշուի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Նախարարները նաեւ ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի որեւէ լուծում պէտք է հիմնուած ըլլայ բռնութիւնը մերժելու սկզբունքին վրայ եւ ներառէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հաստատուած բանակցութիւններու միջոցով խաղաղ լուծում։

«Մենք կ’աջակցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքին եւ ամբողջութեամբ կ’աջակցինք համանախագահներու երէկուան յայտարարութեան», կը նշուի միացեալ յայտարարութեան մէջ։

 

 

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ն Կը Սպասէ Հայաստանի Դիմումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքի Դէմ Ազրպէյճանի Ոտնձգութեան Հարցը Քննարկելու

Յաջորդը

«Խաղաղութիւնը Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Նախագահը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.