Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Թուրքիոյ Եւ Միւս Երկիրներուն Կոչ Կ’ուղղէ՝ Իւղ Չթափելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կրակին Վրայ

Սեպտեմբեր 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին համոզուած է, որ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու՝ տարբեր երկիրներու կոչերը այս պահուս միայն իւղ կը լեցնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կրակին վրայ։ «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով, որ պէտք է կողմերը համոզել՝ վերադառնալու հարցի քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծման ուղի։

«Քրեմլինի մէջ նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատեն կրակոցի եւ զինուորական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումը։ Որեւէ յայտարարութիւն՝ կողմերէն որեւէ մէկուն զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերելու, հաստատօրէն իւղ կը լեցնէ կրակին վրայ։ Մենք կտրականապէս դէմ ենք ատոր», նշած է Քրեմլինի բանբերը։

Փեսքով նշած է, որ Ռուսիան մնայուն կապի մէջ է Երեւանի, Պաքուի եւ Անգարայի հետ, եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է՝ ընելու ամէն բան, որպէսզի հակամարտող կողմերը համոզեն դադրեցնելու կրակոցը։

«Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր երկիրներուն, յատկապէս մեր գործընկերներուն, այնպիսիներուն, ինչպիսին Թուրքիան է, ամէն բան ընելու, որպէսզի հակամարտող կողմերը դադրեցնեն կրակոցը եւ վերադառնան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին», ըսած է Փեսքով։

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի իրենց գործընկերներուն հետ, եւ, որ համանախագահ երկիրները պէտք է պատասխանատու դիրք գրաւեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար։

 

Նախորդը

Արցախի Վրայ Յարձակումին Համար Դատապարտելով Պաքուն Եւ Անգարան՝ «Այս Ողբերգութեան Մէջ Մենք Չենք Կրնար Ըլլալ Միայն Հանդիսատես» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Յաջորդը

Զուիցերիան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Իր Տարածքին Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Բարձր Մակարդակի Հանդիպումներ Հիւրընկալելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Նոյեմբեր 8, 2025
Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան  Համաձայնագիրներուն
Գլխաւոր լուրեր

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ  Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են
Միջազգային

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?