Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»

February 9, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կարծիքով, Իրանի հետ որեւէ բանակցութիւն պէտք է վերջ տայ անոր թեւաւոր հրթիռներուն եւ անոր առանցքին աջակցութեան:

«Այս թղթածրարը բանակցային որեւէ հոլովոյթի հիմնական բաղադրիչ մաս կը ներկայացնէ», նշեց գրասենեակը:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը նաեւ շեշտեց, որ «Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ոտնահարելու իրանեան որեւէ փորձ ուժեղ ու վճռական դիմակայման պիտի արժանանայ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ իր անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ քայլերը որդեգրել»:

Նախքան այդ, Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, թէ ան չորեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` քննարկելու համար Իրանի հետ բանակցութիւններու թղթածրարը:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւն մը չբաւարարէ մեր ապահովական կարիքները եւ սպառնալիքները ձգէ առանց լուծումի»:

«Մաարիւ» կ՛աւելցնէ, թէ Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին իսրայէլեան բանակի օդուժի հրամանատարը պիտի ընկերակցի Նեթանիահուին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Իրանեան վարչակարգին արտադրել ուզած թեւաւոր հրթիռներու քանակը մեզ եւ Եւրոպայի պետութիւնները կը վտանգէ»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ Նեթանիահուն հոյակապ կերպով կ՛աշխատի իրանեան սպառնալիքներու թղթածրարին վրայ:

Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ պիտի չընդունի հիւլէական Իրան մը, որ թեւաւոր հրթիռներու կարողութիւն ունի` շեշտելով, որ Նեթանիահու կարող է Թրամփի հետ խօսիլ եւ զինք այս թղթածրարին մէջ իսրայէլեան դիրքորոշումով համոզել:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնած է, որ իրանեան ներկայ վարչակարգին հետ որեւէ համաձայնութիւն անարժէք է` աւելցնելով, որ միակ լուծումը այդ վարչակարգի փոփոխութիւնն է:

Քոհեն աւելցուցած է, որ Իսրայէլի Իրանէն վտանգի ենթարկուելուն պարագային անոր դէմ պիտի գործէ, նոյնիսկ եթէ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութիւն կնքուի:

Նախորդը

Հելպըրկ Վանսի Հետ Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Յաջորդը

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.