Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պոլսոյ Ջրանցքի Հիմը Պիտի Դրուի Յունիսի Վերջաւորութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

June 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Սեւ ծովը Մարմարա ծովուն հետ կապող Պոլսոյ ջրանցքի հիմը պիտի դրուի յունիսի վերջաւորութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Էրտողան յայտնած է, որ իր կարծիքով, ջրանցքը պիտի նպաստէ քաղաքի աշխարհագրական, ռազմավարական եւ գեղագիտական զարգացման:

2011-ին Էրտողանի յայտարարած` 25  միլիառ տոլար արժողութեամբ 45 քիլոմեթրնոց ջրուղին, ըստ լրատուամիջոցներու, բախած է խիստ հակազդեցութեան: Մասնագիտական կազմակերպութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ Պոլսոյ ընդդիմադիր քաղաքապետը կը պնդեն, որ ջրանցքը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ` Պոլսոյ մէջ հաւանական մեծ երկրաշարժի առումով, նաեւ` վնաս պիտի հասցուի մայրաքաղաքի վերջին անտառային տարածքներուն, Մարմարա ծովու կենդանական հարստութեան:

«Կան մարդիկ, որոնք կը մտահոգուին, անոնք կան եւ թող ըլլան: Երբ մենք շահագործման յանձնենք Պոլսոյ ջրանցքը, ատիկա պիտի բարձրացնէ Պոլսոյ աշխարհագրական եւ ռազմավարական արժէքը, ինչպէս նաեւ բնական գեղեցկութիւնը», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ ջրանցքին վրայ պիտի կառուցուի վեց կամուրջ, իսկ աջ ու ձախ կողմին վրայ պիտի կառուցուին երկու քաղաքներ, որոնք քաղաքը դէպի լաւը պիտի փոխեն:

«Մենք ատիկա պիտի ընենք: Մենք պէտք է շատ լաւ հասկնանք Պոլսոյ արժէքը», շեշտած է Էրտողան:

Թուրքիոյ բնակիչներուն 45,4 առ հարիւրը դէմ է այդ նախագիծին, իսկ 38,5 առ հարիւրը կ՛աջակցի ջրանցքի կառուցման:

Նշենք, որ վերջերս Պոսֆորի նեղուցին մէջ նաւ մը արկածի ենթարկուած էր` կաթուածահար ընելով նեղուցի աշխատանքները. Թուրքիոյ մէջ շատերը կը պնդեն, որ ատիկա դիտաւորեալ էր` ցոյց տալու համար Պոլսոյ ջրանցքին անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Համար Սպիտակամորթներու Գերազանցութեան Գաղափարի Կողմնակիցները Մեծագոյն Ահաբեկչական Սպառնալիքը Կը Հանդիսանան» Կ՛ըսէ Պայտըն

Յաջորդը

Շապաքի Ղեկավարը Իսրայէլի Մէջ Արիւնահեղութենէ Եւ Քաղաքական Ահաբեկումներէ Կը Զգուշացնէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.