Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Օդուժին Կողմէ Հիւսիսային Իրաքի «Մախմուր» Գաղթակայանի Ռմբակոծումը Զոհեր Կը Պատճառէ

June 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իրաք Թրքական Ուժերուն Իր Հողերէն
Հեռացումը Կը Պահանջէ

Թրքական պատերազմական օդանաւեր շաբաթ օր հիւսիսային Իրաքի մէջ ռմբակոծեցին «Մախմուր» գաղթակայանը, որուն պատճառով երեք քաղաքայիններ զոհուեցան եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է քիւրտ երեսփոխան Ռաշատ Ժալալի:

Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած էր նշեալ գաղթակայանը «մաքրել»:

Նինուէ նահանգի «Մախմուր» գաղթակայանի բնակիչ քիւրտ երեսփոխանը յայտնեց, որ թրքական ռմբաձիգները հարուածած են Թուրքիայէն քիւրտ գաղթականներ հիւրընկալող գաղթակայանին մէջ դպրոցի մը մօտ գտնուող մանուկներու պուրակ մը:

Իրաքեան ապահովական աղբիւր մը իր կարգին նշած է, որ օդային հարուած մը գաղթակայանին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած է, սակայն մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:

Նշենք, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը` ՔԱԿ-ը շաբաթ օր յայտարարած էր, որ անօդաչու թռչող սարք մը հարուածած է գաղթակայանը: Դէպքը պատահած էր Անգարայի դաշնակից հինգ փեշմերկաներու ՔԱԿ-ի կողմէ լարուած թակարդի մը ընթացքին սպանութենէն ժամեր ետք:

Էրտողան յունիսի սկիզբը խոստացած էր ՔԱԿ-ի դէմ մագլցումի դիմել` սպառնալով հարուածել Հիւսիսային Իրաքի մէջ եւ Թուրքիոյ հետ սահմանէն 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Մախմուր» գաղթակայանը` նշելով, որ այդտեղ ՔԱԿ-ի անդամներ կը գտնուին:

Իրաքի նախագահական պալատը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով թրքական ուժերուն իրաքեան հողերէն հեռացումը պահանջեց եւ դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ «Մախմուր» գաղթակայանի ռմբակոծումը:

Նախագահական պալատը նշեց, որ թրքական զինուորական ներկայութիւնը բարի դրացնութեան սկզբունքի, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքներու եւ ուխտերու խախտում մըն է` շեշտելով, որ հարցերը պէտք է լուծել համագործակցութեամբ եւ ոչ թէ միակողմանի քայլերով:

Նախագահական պալատը նաեւ մերժեց, որ Իրաքը դառնայ այլոց տագնապի թատերաբեմ եւ ոեւէ մէկուն դէմ յարձակումի մեկնակէտ:

Պաղտատ յուլիս 2020-ին Անգարայէն պահանջած էր անմիջապէս դադրեցնել իրաքեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիան պատասխանատու նկատած էր «շրջանային խաղաղութեան վնասող» այդ յարձակումներուն պատճառով մարդկային ու նիւթական վնասներուն:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահի Պաշտօնի Թեկնածուներու Պատկերասփռուած Բանավէճէն Ետք. Իրանեան Կառավարութիւնը Հակադարձելու Իրաւունք Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Յորդանանի Մէջ Ալիա Թագուհիի Օդակայանին Մօտ Բախումներ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.