Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Հռչակագիրը Ստորագրուեցաւ. «Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Դառնայ Միջանցք Եղբայրական Փաքիստանէն Դէպի Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը

Յուլիս 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Զանգեզուրի միջանցքը պիտի դառնայ նոր միջանցք եղբայրական Փաքիստանէն դէպի Թուրքիա եւ Ազրպէյճան». երէկ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու նախագահներու առաջին եռակողմ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահները եռակողմ հանդիպումի աւարտին ստորագրեցին Պաքուի հռչակագիրը:

Կաֆարովա նշած է եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումներ կատարելու կարեւորութիւնը: Ան ըսած է. «Պաքուի հռչակագիրի ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատեմ ականապատուած տարածքներու քարտէսներ տրամադրելու հարցին մէջ Ազրպէյճանին աջակցութիւնը»:

Տեղեկատուութեան համաձայն, հռչակագիրը ստորագրած են Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը եւ Փաքիստանի խորհրդարանի նախագահ Ասատ Քայսերը:

Կաֆարովա նշած է, որ Պաքուի հռչակագիրը պիտի նպաստէ երեք երկիրներու ռազմավարական կապերու ամրապնդման:

Շենթոփ յայտարարած է, որ Պաքուի հռչակագիրը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման: «Այս փաստաթուղթը կարեւոր դեր պիտի ունենայ եռակողմ յարաբերութիւններու հաստատութենականացման տեսանկիւնէն», ըսած է Շենթոփ:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններուն միջեւ պիտի ստեղծուի համագործակցութեան եռակողմ հարթակ:

 

 

Նախորդը

Թունուզի Նախագահը Պլինքընին Կը Յայտնէ Օրինականութիւնը, Իրաւունքներն Ու Ազատութիւնները Յարգելու Իր Նախանձախնդրութիւնը

Յաջորդը

«Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Մարտական Առաքելութիւնը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Աւարտի» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?