Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ազրպէյճանը Հայաստանի Հետ Տագնապը Լուծած Է Ռազմաքաղաքական Եղանակով, Պատրաստ Ենք Նաեւ Բանակցութիւններու Սկսելու Հայաստանի Հետ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուրջ»

October 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ վերջ դրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:

«Յետհակամարտային ժամանակաշրջանը, ընդհանուր առմամբ, հանգիստ կ՛անցնի: Յետհակամարտային կ՛ըսեմ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անցեալին մնացած է: Ազրպէյճան վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, կատարած է ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը պահանջէր հայկական ուժերու անյապաղ հեռացումը Ազրպէյճանի տարածքէն: Ազրպէյճան Հայաստանի հետ տագնապը լուծած է ռազմաքաղաքական եղանակով», ըսաւ Ալիեւ:

Ալիեւ շեշտած է, որ համաձայնագիրի կնքումէն ետք հայկական ուժերը դուրս եկած են Ակնայի, Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջաններէն, իսկ մինչ այդ «ազրպէյճանական զինեալ ուժերը մարտի դաշտին մէջ աւելի քան 300 գիւղ եւ քաղաք ազատագրած են»:

«Պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի աւելի քան 150 քաղաքացի զոհուած կամ վիրաւորուած է ականներու պայթումներու պատճառով», ըսաւ Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով, որ Հայաստանը «կը մերժէ տրամադրել ականապատուած տարածքներու բոլոր քարտէսները»: Անոր համաձայն, մինչեւ հիմա տրամադրուած քարտէսներու ճշգրտութիւնը 25 առ հարիւր է:

«Անցեալ տարուան ընթացքին` այն բանէն ետք, երբ Ազրպէյճանը վերականգնեց վերահսկողութիւնը Իրանի հետ պետական սահմանի 130 քիլոմեթրնոց ճամբու հատուածին վրայ, կանգնեցուցած է թմրեցուցիչի շրջանառութիւնը Իրանէն Ճեպրայիլի (Ջրական) շրջանէն դէպի Հայաստան եւ Եւրոպա», աւելցուց Ալիեւ` Հայաստանն ու Իրանը մեղադրելով դէպի Եւրոպա թմրեցուցիչներ տեղափոխելու յանցանքով:

Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան Հայաստանին վերադարձուցած է պատերազմի ժամանակ բոլոր գերեվարուածները: Ալիեւ նիստի ընթացքին անցեալ տարուան նոյեմբերի վերջին գերի ինկած աւելի քան 60 շիրակցի զինուորականները ներկայացուցած է իբրեւ ներթափանցողներ:

Ազրպէյճանի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին սկսելու` տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով:

«Պատրաստ ենք նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագիրի մասին բանակցութիւններու սկսելու: Ազրպէյճանը` իբրեւ յաղթող երկիր, պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման, եւ յոյսով ենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը չի փախցներ այս պատմական կարելիութիւնները», եզրափակեց Ալիեւ:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիան Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Լուրջ Տրամադրուած Է

Յաջորդը

Անդրադառնալով Արցախեան Տագնապի Լուծման` «Վատ Խաղաղութիւնը Նոյնիսկ Աւելի Լաւ Է, Քան Լաւ Պատերազմը» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.