Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Հետ Կը Խորհրդակցին «Էֆ-35»-ի Կացութիւնը Կարգաւորելու Համար» Կ՛ըսէ Փրայս

October 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարէ` հինգերորդ սերունդի «Էֆ-35» հալածիչներ Անգարային մատակարարելու շուրջ տարակարծութիւնները հարթելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

«Խօսելով ձեր բարձրացուցած խնդիրներուն մասին` կրնամ ըսել հետեւեալը. Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Թուրքիոյ հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ «Էֆ-35»-ի շուրջ տարակարծութիւնները լուծելու համար: Թուրք պաշտօնատարները յայտարարած են, որ հետաքրքրուած են «Էֆ-16»-ի գնումով: Պաշտպանական գնումներու թրքական ծրագիրները քննարկելու համար պէտք է կապ հաստատել թրքական իշխանութիւններուն հետ: Կրնամ ըսել, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ կողմէ ոչ մէկ ֆինանսական առաջարկ ունեցած են «Էֆ-16»-ներու վերաբերեալ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Թուրքիոյ հետ` «Էֆ-35»-ի ծրագիրին շուրջ տարակարծութիւնները լուծելու համար: Ես չեմ կրնար խօսիլ այս առնչութեամբ մասնաւոր զրոյցներու մասին», ըսած է Փրայս ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Դիւանագէտը այս մասին ըսած է ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ առաջարկած են «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառք` իբրեւ փոխադարձ հատուցում Անգարային «Էֆ-35» օդանաւեր փոխանցելու համար Թուրքիոյ կողմէ 1,4 միլիառ տոլար վճարելու դիմաց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ բացատրած է, որ ինք չի կրնար հաստատել զէնքի վաճառքն ու փոխանցումը` առանց Քոնկրեսի ծանուցման եւ հաստատման:

Փրայս շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները «մեծապէս կը գնահատեն ՕԹԱՆ-ի դաշնակից Թուրքիոյ հետ գործընկերութիւնը»:

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակիցն է: Մենք երկարաժամկէտ եւ խոր կապեր ու գործընկերութիւն ունինք Թուրքիոյ հետ», աւելցուցած է Փրայս:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Բանակը Լաչինի Մէջ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են Ամրապնդելու Ուքրանիոյ` Ռուսիոյ Յարձակումը Զսպելու Ունակութիւնը» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Ղեկավարը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.