Միջազգային

Ֆրանսայի Մէջ Անբնական Տաքին Պատճառով  Մէկ Շաբթուան Ընթացքին  Աւելի Քան 2 Հազար Մարդ Մահացած Է

Ֆրանսայի Մէջ Անբնական Տաքին Պատճառով Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Աւելի Քան 2 Հազար Մարդ Մահացած Է

22-էն 28 յունիսին Ֆրանսայի մէջ անբնական տաքի պատճառով մահացած է աւելի քան երկու հազար քաղաքացի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Սթեֆանի Ռիսթ: «Այսօր առաւօտեան Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ տուեալները 22-էն 28 յունիս շաբթուան ընթացքին մահերու թիւին, որ կը կազմէ շուրջ 2025 մահուան նոր դէպք», ըսած է Ռիսթ: Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարը աւելցուցած է,...

Վենեզուելայի Մէջ Երկրաշարժներու  Զոհերու Թիւը Բարձրացած Է Աւելի Քան 2500-ի

Վենեզուելայի Մէջ Երկրաշարժներու Զոհերու Թիւը Բարձրացած Է Աւելի Քան 2500-ի

Վենեզուելան հարուածած ուժգին իրերայաջորդ երկու երկրաշարժներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 2595-ի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկես: «Այսօրուան դրութեամբ` 2595 զոհ», լրագրողներուն ըսած է ան: Վիրաւորներուն թիւը հասած է 12400-ի: Յիշեցենք, որ 24 յունիսին Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցած են հզօր իրերայաջորդ 7,2 եւ 7,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժներ: Անոնք արձանագրուած են Մորոն...

Կալուզին. «Մոսկուան Պատրաստակամ Է  Աջակցելու Երեւանի Եւ Պաքուի Հաշտեցման»

Կալուզին. «Ռուսիան Հետամուտ Պիտի Ըլլայ Անդրկովկասի Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Վերաբերեալ Միջազգային Քննարկումները Ժընեւէն Այլ Բանակցային Հարթակ Տեղափոխելուն»

Ռուսիան հետագային եւս հետամուտ պիտի ըլլայ Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ միջազգային քննարկումները Ժընեւէն այլ բանակցային հարթակ տեղափոխելուն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին: «Զուիցերիան հակառուսական պատժամիջոցներուն միանալէն ետք այլեւս չէզոք կողմ չի նկատուիր», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը: Ան նշած է, որ Ժընեւի մէջ բանակցութիւններ կատարելու լրացուցիչ խոչընդոտ է Մոսկուայի եւ...

Չիքլի. «Էրտողանի Ղեկավարութեամբ Թուրքիան  Եւ Իսլամական Օրէնքի Ղեկավարութեամբ Սուրիան  Ներկայիս Իրանէն Շատ Աւելի Մեծ Մտահոգութեան Աղբիւր Են»

Չիքլի. «Էրտողանի Ղեկավարութեամբ Թուրքիան Եւ Իսլամական Օրէնքի Ղեկավարութեամբ Սուրիան Ներկայիս Իրանէն Շատ Աւելի Մեծ Մտահոգութեան Աղբիւր Են»

Իսրայէլի սփիւռքի նախարար Ամիխայ Չիքլի նշեց, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիան եւ իսլամական օրէնքի ղեկավարութեամբ Սուրիան ներկայիս Իրանէն շատ աւելի մեծ մտահոգութեան աղբիւր են: Նախարարը յայտնեց, որ իրանեան շիիական կայսրութեան ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ, եւ չարիքի նոր առանցքը Թուրքիայէն Սուրիա եւ Քաթար երկարող Իսլամ եղբայրներու առանցքն է: Չիքլի նախքան այդ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով նշած էր. «Այս է չարիքի նոր...

Տոհա. «Փոխըմբռնման Յուշագիրին Վերաբերող  Հարցերու Շուրջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Տոհա. «Փոխըմբռնման Յուշագիրին Վերաբերող Հարցերու Շուրջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Պըն Մոհամետ Անսարի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` քաթարցի եւ փաքիստանցի միջնորդներու Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ անջատ ժողովներու աւարտը յայտարարեց` նշելով, որ Լիւսերնի լիճի վեհաժողովի արդիւնքներուն հիմամբ Իսլամապատի մէջ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին առնչուած հարցերու շուրջ դրական յառաջընթաց արձանագրուած է: Անսարի ըսաւ, որ կողմերը համաձայնած են յառաջիկային շարունակելու քննարկումները այն նախատեսութեամբ, որ Իրանի գերագոյն...

Դամասկոսի Մէջ Պայթում

Դամասկոսի Մէջ Պայթում

Երէկ կէսօրէ ետք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ մայրաքաղաք Դամասկոսի Հիժազ շրջանին մէջ պայթումը տեղի ունեցած է սրճարանի մը մէջ: Սուրիոյ «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ  արդարադատութեան պալատին մօտ սրճարանի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումը լարուած ականի հետեւանքով է: Պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են 6 զոհեր եւ 22 վիրաւորներ:    

Պարամ. «Կիպրոսն Ու Յունաստանը Կրնան  Շրջանային Անվտանգութեան  Նոր Դաշինքի Մէջ Սիւներ Դառնալ»

Պարամ. «Կիպրոսն Ու Յունաստանը Կրնան Շրջանային Անվտանգութեան Նոր Դաշինքի Մէջ Սիւներ Դառնալ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ամիր Պարամ Յունաստանն ու Կիպրոսը նշեց իբրեւ Հնդկաստանէն ու Արաբական ծոցի շրջանէն մինչեւ Արեւելեան Միջերկրական երկարող առաջարկուած շրջանային անվտանգութեան կառոյցի մը մէջ կարեւոր գործընկերներ` ընդգծելով Իրանի հետ լարուածութեան ենթահողի վրայ անոնց հետզհետէ աճող ռազմավարական կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիս Հայ Տեֆինիշըն» դիմատետրեան էջը: Խօսելով Հերցլիայի խորհրդաժողովի ընթացքին` Պարամ յայտնեց, որ վերջին հակամարտութիւնները աւելի ուժեղ...

Վանս. «Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Իրանի  Պատերազմին Վերջ Տալու Ճշգրիտ Ձեւին Շուրջ  Որոշ Տարակարծութիւններ Ունի»

Վանս. «Եթէ Բանակցութիւնները Յաջողին, Իրանը Վերջնականապէս Պիտի Հրաժարի Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգելու Որեւէ Ախորժակ Ունենալէ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտնեց. «Իրանցիները անցնող երկու շաբթուան ընթացքին որեւէ նաւու վրայ յարձակում չգործեցին, եւ քարիւղը Հորմուզի նեղուցէն կը հոսի»: «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակ դարձուց, որ պիտի հակադարձենք, եթէ իրանցիները նաւերուն վրայ յարձակում գործեն», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններու արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, Միացեալ Նահանգները...

Սուրիոյ Փոխանցման Խորհրդարանը  Երկուշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

Սուրիոյ Փոխանցման Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ նշանակեց փոխանցման խորհրդարանի երեք մնացեալ անդամները, եւ խորհրդարանը երկուշաբթի օր պիտի գումարէ իր առաջին նիստը: Խորհրդարանի անդամ մնացեալ երկու երրորդը ընտրուած է ընտրական յանձնախումբերու ճամբով: Փոխանցման խորհրդարանին մաս կը կազմեն 70 անձեր, 55 այր մարդիկ եւ 15 կիներ, որոնց շարքին` նախկին վարչակարգին կողմէ բանտարկուած 13 անձեր: Խորհրդարանի նստաշրջանը 30 ամսուան վրայ կ՛երկարի եւ վերանորոգելի է:  

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի.  Ռուպիօ Մտադիր Է Միացեալ Նահանգներու  Նախագահի Թեկնածուի Տեղը Զիջիլ Վանսին,  Եթէ Ան Առաջադրուի

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի. Ռուպիօ Մտադիր Է Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուի Տեղը Զիջիլ Վանսին, Եթէ Ան Առաջադրուի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ չի նախատեսեր 2028 թուականի նախագահական ընտրութեան մէջ Հանրապետական կուսակցութենէն առաջադրել իր թեկնածութիւնը երկրի նախագահի պաշտօնին, եթէ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսը իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իր մտադրութիւնը յայտնէ: Այս մասին հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուպիոյի շրջապատի աղբիւրները: Ըստ լրատու գործակալութեան տուեալներուն, Ռուպիօ խորհրդականներու եւ օգնականներու հետ զրոյցներու ընթացքին բազմիցս յայտարարած է Վանսին տեղի...

Անսարի. «Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Տոհա  Կը Գտնուին, Սակայն Իրանցի Պաշտօնատարներուն Հետ  Ուղղակի Հանդիպում Պիտի Չունենան»

Անսարի. «Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Տոհա Կը Գտնուին, Սակայն Իրանցի Պաշտօնատարներուն Հետ Ուղղակի Հանդիպում Պիտի Չունենան»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշները Տոհա կը գտնուին, սակայն «իրանցի պաշտօնատարներուն հետ ուղղակի հանդիպում պիտի չունենան»: «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի որոշուած ժողով չկայ», նշեց Անսարի: Ան ըսաւ, թէ մինչեւ հիմա Իրանի 6 միլիառ տոլարի հասնող սառեցուած գումարներու փոխանցում տեղի չէ ունեցած`...

Ռուսական Բանակը Տոնեցքի  Եւ Զապորոժիէի Մէջ 3 Գիւղեր Գրաւած Է

Ռուսական Բանակը Տոնեցքի Եւ Զապորոժիէի Մէջ 3 Գիւղեր Գրաւած Է

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ռուսական բանակը Ուքրանիոյ Տոնեցք գաւառին մէջ Մալինովքա եւ Զապորոժիէի գաւառին մէջ Ռիվնի եւ Լիսնոյ գիւղերը առած է իր վերահսկողութեան տակ: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ ռուսական «Արեւելք» խումբի ուժերը շարունակած են իր յառաջխաղացքը եւ Նիեփրոփեթրովսք գաւառին մէջ հարուածած ուքրանական բանակի զինուորներն ու սպառազինութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ...

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Կալուզին. «Մոսկուան Եւ Պաքուն Լուծած Են 2024 Թուականի ԱԶԱԼ-ի Օդանաւի Արկածին Առնչուած Բոլոր Հարցերը»

Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը լուծած են ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան` ԱԶԱԼ-ի ճամբորդատար օդանաւի 25 դեկտեմբեր 2024-ի արկածի հետեւանքներուն առնչուած բոլոր հարցերը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք փոխհատուցման հարցը ամբողջովին լուծուա՞ծ է: «Մենք լուծած ենք ազրպէյճանական օդանաւի արկածի հետեւանքներուն կապուած բոլոր հարցերը: Սակայն այս հարցերը, ինչպէս կը հասկնաք, կը վերաբերին որոշակի անձերու, որոնք...

Կիւլեր. «Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-ը  Լքելու Մտադրութիւն Չունի»

Կիւլեր. «Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-ը Լքելու Մտադրութիւն Չունի»

«Միացեալ Նահանգներ ՕԹԱՆ-ը լքելու մտադրութիւն չունին», «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր: «Միացեալ Նահանգները, սակայն, կ՛ուզեն, որ իրենց եւրոպացի դաշնակիցներն ու Քանատան աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնեն Եւրոպայի անվտանգութեան համար: Անգարան եւս պէտք է ներգրաւուած ըլլայ պաշտպանական այդ ծրագիրներուն եւ նախագիծերուն մէջ», լրատու գործակալութեան նշած է ան: Կիւլերի համաձայն, այն կացութիւնը, որուն մէջ այժմ դաշինքը կը...

Պաղայի. «Վերջին Օրերուն Քննարկուած Է  Կովկասի Մէջ Արտաշրջանային Դերակատարներու  Ներգրաւման Հարցը, Որուն Հետ Իրան Համակարծիք Չէ»

Պաղայի. «Լիբանանի Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Է, Եւ Ամերիկան Յստակ Խոստում Տուած Է Բոլոր Ճակատներուն Վրայ Պատերազմը Դադրեցնելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին մէջ արտաքին միջամտութեան կարիք չկայ, որովհետեւ ատիկա միայն հարցերը պիտի բարդացնէ»: «Փոխըմբռնման յուշագիրի Հորմուզի նեղուցի վերաբերեալ կէտերուն նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնները յստակ են եւ զանոնք որեւէ այլ կողմէ լաւ գիտենք», ըսաւ ան: «Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին ամերիկացիներուն հետ որեւէ մակարդակի վրայ հանդիպում ունենալու ծրագիրներ չկան», նշեց Պաղայի` աւելցնելով. «Վաղը Տոհայի մէջ քաթարեան...

Թուրքիան Կրնայ Վաճառել  «Էս-400» Համակարգերը

Թուրքիան Կրնայ Վաճառել «Էս-400» Համակարգերը

Յաջորդ շաբաթ Անգարայի մէջ սկսող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընդառաջ Թուրքիան կրնայ ռուսական «Էս-400» օդային պաշտպանութեան հակամարգերը որեւէ երրորդ երկրի վաճառելու որոշում տալ: Այս մասին կը հաղորդէ Պրիւքսելի մէջ գործող «Եուրաքթիւ» կայքը` նշելով, որ այդ քայլին դիմաց «Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ իրեն պիտի արտօնեն կրկին մաս կազմել ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրին»: Անգարան այդ ծրագիրէն հեռացուած էր 2019 թուականին` ռուսական համակարգերը գնելէն ետք:...

Արաղչի. «Ամերիկայի Եւ Սիոնական Գոյացութեան  Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մասնաւորաբար Առաջին  Յօդուածը Խախտելը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան  Վերականգնումը Կը Խոչընդոտէ»

Արաղչի. «Ամերիկայի Եւ Սիոնական Գոյացութեան Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մասնաւորաբար Առաջին Յօդուածը Խախտելը Շրջանին Մէջ Ապահովութեան Վերականգնումը Կը Խոչընդոտէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնական գոյացութեան փոխըմբռնման յուշագիրը, մասնաւորաբար անոր առաջին յօդուածը խախտելը կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ ապահովութեան վերականգնումը»: Ան աւելցուց, որ Իրան կը ջանայ բարի կամեցողութեամբ գործադրել փոխըմբռնման յուշագիրը` «յարգումը յարգումի դիմաց» սկզբունքի համաձայն: Արաղչի ըսաւ, որ Իրան հակառակորդին համաձայնութեան որեւէ խախտման դէմ վճռական քայլեր պիտի որդեգրէ: Յուշագիրի առաջին յօդուածը կը նշէ. «Իրանի...

Անգարա Կը Դատապարտէ Իսրայէլեան  Բանակի Ներխուժումը Սուրիոյ Հարաւ

Անգարա Կը Դատապարտէ Իսրայէլեան Բանակի Ներխուժումը Սուրիոյ Հարաւ

Անգարա դատապարտած է իսրայէլեան բանակի ներխուժումը Սուրիոյ հարաւ` Կոլանի բարձունքներուն մօտ սկիզբ առած լարուածութեան ծիրին մէջ: «Այս յարձակումները կ՛ոտնահարեն սուրիացի ժողովուրդի կեանքն ու կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքի կանոնները», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան դադրեցնելու Իսրայէլի յարձակումները:

Պաքուի Մէջ Սկսած Է  «Թրքական Աշխարհի Շաբաթ»-ը

Պաքուի Մէջ Սկսած Է «Թրքական Աշխարհի Շաբաթ»-ը

Պաքուի մէջ սկսած է «Թրքական աշխարհի շաբաթ»-ը, նուիրուած` «Առաջին թրքագիտական համագումարի 100-ամեակին»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ը կը հաղորդէ, որ մինչեւ 3 յուլիս շարունակուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած են միջազգային գիտական եւ մշակութային ձեռնարկներ: Ձեռնարկներուն կը մասնակցին 20 երկիրներէ 215 ներկայացուցիչներ: Կը նշուի, որ «Թրքական աշխարհի շաբաթ»-ը կը կազմակերպուի Ազրպէյճանի նախագահի` 22 հոկտեմբեր 2025 թուականի «Առաջին թրքագիտական...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իրան Փոխադարձ  Յարձակումներ Կը Գործեն Եւ Զիրար  Կ՛Ամբաստանեն Զինադադարի Խախտման Մէջ

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ Կը Գործեն Եւ Զիրար Կ՛Ամբաստանեն Զինադադարի Խախտման Մէջ

Միացեալ Նահանգներ Իրանի վրայ նոր օդային յարձակումներ գործեցին` յայտնելով, որ անոնք հակադարձութիւն են շաբաթ օր Հորմուզի նեղուցին մէջ Փանամայի դրօշը բարձրացուցած նաւու մը վրայ անօդաչու թռչող սարքի մը յարձակումին: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հակադարձելով յայտարարեց, թէ հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Քուէյթի ու Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ենթակառոյցներու վրայ: Երկու երկիրները զիրար ամբաստանեցին զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելու յանցանքով:

Page 22 of 881 1 … 21 22 23 … 881

Արխիւներ