Միջազգային

Թրամփ. «Էրտողան Քիչ Մնաց Իրանի Կողքին  Պատերազմին Պիտի Մասնակցէր, Սակայն  Կոչիս Ընդառաջելով Չմիջամտեց»

Թրամփ. «Էրտողան Քիչ Մնաց Իրանի Կողքին Պատերազմին Պիտի Մասնակցէր, Սակայն Կոչիս Ընդառաջելով Չմիջամտեց»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ մտադիր է Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցիլ` մեկնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ իր յարգանքէն: Թրամփ նշեց, որ Էրտողան ընդառաջած է շրջանային պատերազմին չմիջամտելու իր ուղղակի կոչին: «Ան բարեկամս է, եւ պատերազմէն դուրս մնաց: Ան Իրանի կողքին պատերազմին միջամտելու բնական թեկնածու էր… միւս կողմէ` ան Իսրայէլի մեծ համակիր մը չէ, ինչպէս գիտէք:...

Վենեզուելայի Մէջ Իրերայաջորդ  Երեք Ուժեղ Երկրաշարժներ

Վենեզուելայի Մէջ Իրերայաջորդ Երեք Ուժեղ Երկրաշարժներ

Չորեքշաբթի երեկոյեան Վենեզուելայի մէջ 7,2 եւ 7,5 աստիճան ուժգնութեամբ իրերայաջորդ երկու երկրաշարժներ տեղի ունեցան` պատճառելով մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Աւելի ուշ, 7,43 աստիճան ուժգնութեամբ երրորդ երկրաշարժ մըն ալ արձանագրուեցաւ: Մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ շէնքեր փուլ եկան: Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկես երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: Ան նաեւ յայտնեց, որ Քարաքասի միջազգային օդակայանը փակուած է` երկրաշարժներուն հետեւանքով կրած վնասներուն պատճառով:...

«Դէպի Աշխարհ Մեր Դարպասը Մէկ Կողմի  Վերահսկողութեան Տակ Ըլլալը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

«Դէպի Աշխարհ Մեր Դարպասը Մէկ Կողմի Վերահսկողութեան Տակ Ըլլալը Կարելի Չէ Ընդունիլ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը տակաւին բաց է` նշելով, որ Տոհային հաստատուած է, որ զայն փակելու հրաման չէ տրուած: ԱՆ ըսաւ, թէ կը նախատեսուի, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը համաձայնութենէն 30 օր ետք վերադառնայ իր բնականոն մակարդակին: Քաթարի վարչապետը շեշտեց, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի...

Թրամփ. «Իրան Պատրաստ Է Գործնականին Մէջ  Մեզի Որեւէ Բան Տալու, Եւ Ամերիկան  Ու Անոր Նախագահը Կը Յարգէ»

Թրամփ. «Իրան Պատրաստ Է Գործնականին Մէջ Մեզի Որեւէ Բան Տալու, Եւ Ամերիկան Ու Անոր Նախագահը Կը Յարգէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանը չափազանց նեղ կացութեան մատնեցի. անիկա տապալման եզրին էր, եւ պատրաստ է գործնականին մէջ մեզի ամէն բան տալու, եւ տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներուն ու անոր նախագահին հանդէպ մեծ յարգանք ունի»: «Ծերակոյտը պատերազմի լիազօրութիւններու օրէնքին շուրջ վատ թայմինկով եւ անօգուտ քուէարկութիւն կատարեց, այդպիսով աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան թիւ մէկ հովանաւորին տեղեկացնելով, որ...

Ֆրանսայի Մէջ Տաքի Ալիքին Հետեւանքով  68 Հազար Տուն Առանց  Ելեկտրականութեան Մնացած Է

Ֆրանսայի Մէջ Տաքի Ալիքին Հետեւանքով 68 Հազար Տուն Առանց Ելեկտրականութեան Մնացած Է

Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող Պրեթայնի մէջ տաքի ալիքին պատճառով 68 հազար տուն մնացած է առանց ելեկտրականութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Ֆինիսթեր շրջանի իշխանութիւնները: Ֆրանսայի մէջ տաքի պատճառով կարմիր վտանգի մակարդակ կը գործէ 58 շրջաններու մէջ, իսկ նարնջագոյն (նախավերջին)` 31 շրջաններու մէջ: Անբնական տաքի հետեւանքով դադրեցուած է շուրջ 10 հազար ուսումնական հաստատութիւններու աշխատանքը կամ փոխուած...

Լեւիթ. «Թրամփ Պիտի Չստորագրէ Որեւէ  Համաձայնութիւն, Որ Երկրին Ու Անոր Ազգային  Անվտանգութեան Չի Ծառայեր»

Լեւիթ. «Թրամփ Պիտի Չստորագրէ Որեւէ Համաձայնութիւն, Որ Երկրին Ու Անոր Ազգային Անվտանգութեան Չի Ծառայեր»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը պիտի չստորագրէ որեւէ համաձայնութիւն, որ երկրին ու անոր ազգային անվտանգութեան չի ծառայեր»: «Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն ետք քարիւղի գիները նուազեցան եւ պատերազմէն առաջուան մակարդակին պիտի վերադառնան», նշեց Լեւիթ: Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ազդուութիւնը կախեալ է համաձայնեցուած խոստումներու նկատմամբ ամբողջական յանձնառութենէն եւ զանոնք...

Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկեան Հովանաւորութեամբ  Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Բանակցութիւններու 5-րդ Փուլ

Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկեան Հովանաւորութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Բանակցութիւններու 5-րդ Փուլ

Երէկ կէսօրէ ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը, որ կ՛երկարի երեք օրերու վրայ: Երէկ տեղի ունեցան քաղաքական եւ զինուորական միացեալ բանակցութիւններ` դեսպան Սիմոն Քարամի նախագահութեամբ լիբանանեան զինուորական եւ քաղաքական պատուիրակութեամբ: Այսօր Փենթակոնի մէջ դարձեալ ամերիկեան հովանաւորութեամբ պիտի կատարուին զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ, իսկ վերջին նիստը պիտի գումարուի երրորդ...

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ  Կոչ Ուղղած Են Բանակցութիւններու  Սեղան Վերադառնալու

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Են Բանակցութիւններու Սեղան Վերադառնալու

Միացեալ Նահանգները հանդէս կու գան զինադադարի շուտափոյթ հաստատման եւ Ռուսիոյ ու Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տեն Նեկրիան: «Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են զինադադարի հաստատման եւ բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորման, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ վերջ  տրուի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին: «Անյապաղ զինադադարի...

Նեթանիահու. «Կը Գնահատեմ Մեր Ամերիկացի  Բարեկամներուն Աջակցութիւնը, Սակայն Կարիքը  Ունինք Մենք Մեզ Կախեալութենէ Ազատելու»

Նեթանիահու. «Կը Գնահատեմ Մեր Ամերիկացի Բարեկամներուն Աջակցութիւնը, Սակայն Կարիքը Ունինք Մենք Մեզ Կախեալութենէ Ազատելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Բարձր կը գնահատենք մեր ամերիկացի բարեկամներուն աջակցութիւնը, սակայն կարիքը ունինք մենք մեզ կախեալութենէ ազատելու եւ սպառազինման անկախ համակարգ կառուցելու»: «Իրանն ու շրջանին մէջ անոր գործակատարները հարուածեցինք, եւ ատիկա գործողութիւն մըն է, որ տակաւին չէ աւարտած», շեշտեց Նեթանիահու:  

Ըստ «Մաարիւ»-ի.  Թուրքիան Իսրայէլի Համար Իրանէն  Աւելի Մեծ Սպառնալիք Է

Ըստ «Մաարիւ»-ի. Թուրքիան Իսրայէլի Համար Իրանէն Աւելի Մեծ Սպառնալիք Է

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիան Իսրայէլի համար Իրանէն աւելի մեծ սպառնալիք եւ աւելի մեծ վտանգ կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ ան ՕԹԱՆ-ի մէջ երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի, եւ ռազմարդիւնաբերութեան մէջ անոր ինքնաբաւութիւնը հասած է շուրջ 80 առ հարիւրի: «Մաարիւ» կ՛ըսէ, թէ թրքական օդուժը շուրջ 200 օդանաւեր ունի, որոնց մեծամասնութիւնը «Էֆ-16 Ֆայթինկ Ֆայլքըն» տիպի են, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ առաքելութիւններու մէջ...

Զուիցերիոյ Մէջ.  Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններուն  Ընթացքին «Լիբանանի Պատերազմը  Աւարտելու Համար Մեծ Յառաջընթաց»

Զուիցերիոյ Մէջ. Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններուն Ընթացքին «Լիբանանի Պատերազմը Աւարտելու Համար Մեծ Յառաջընթաց»

Զուիցերիոյ մէջ աւարտեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տալու համար գումարուած Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու առաջին փուլը: Միջնորդներ Փաքիստանն ու Քաթարը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Զուիցերիոյ Պիւրկենսթոք հանգստեան վայրին մէջ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ միջնորդ երկու կողմերու` Քաթարի եւ Փաքիստանի հանրապետութեան մասնակցութեամբ բարձր մակարդակով բանակցութիւններու առաջին նիստը աւարտեցաւ»: Իրանն ու Միացեալ Նահանգները համաձայնութիւն...

Բրիտանիոյ Վարչապետ  Քիր Սթարմըր Հրաժարեցաւ

Բրիտանիոյ Վարչապետ Քիր Սթարմըր Հրաժարեցաւ

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Ան յայտնեց, որ մտադիր է հեռանալ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն` նշելով, որ կուսակցութեան նոր ղեկավարի ընտրութիւնները պիտի սկսին 9 յուլիսին: Սթարմըր նաեւ նշեց, որ պիտի շարունակէ Բրիտանիոյ վարչապետի աշխատանքները կատարել մինչեւ իր իրաւայաջորդի ընտրութիւնը:  

Եգիպտոս-Սէուտական  Արաբիա – Թուրքիա – Փաքիստան Ժողով

Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա – Թուրքիա – Փաքիստան Ժողով

Եգիպտոսը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Փաքիստանը կոչ ուղղեցին` «արագօրէն» հասնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ վերջնական համաձայնութեան մը, որ նկատի կ՛առնէ շրջանի պետութիւններուն ապահովական մտավախութիւնները, եւ ողջունեցին Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրը, որ գոյացաւ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ, զայն նկատելով լարուածութեան մեղմացման ու շրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլ մը: Նշեալ երկիրները այս մասին յայտարարեցին Գահիրէի մէջ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի,...

Քոսթա Եւրոպական Միութեան Երկիրներուն  Կոչ Ուղղած Է` Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական  Կապեր Հաստատելու

Քոսթա Եւրոպական Միութեան Երկիրներուն Կոչ Ուղղած Է` Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Կապեր Հաստատելու

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոսթա Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է Ռուսիոյ հետ ուղղակի դիւանագիտական կապեր հաստատելու: Ան յայտարարած է, թէ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններու ժամանակը տակաւին չէ եկած, սակայն, Պրիւքսելին անհրաժեշտ է անյապաղ ուղղակի ուղիներ հաստատել: Քոսթա նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պարտաւոր է ներկայացուած ըլլալ խաղաղութեան վերաբերեալ ապագայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, եւ Եւրոպայի շահերը պէտք է պաշտպանեն ինքնին...

Թրամփ. «Իրան Պատերազմի Ընթացքին  Ամբողջական Պարտութիւն Կրեց

Թրամփ. «Իրան Պատերազմի Ընթացքին Ամբողջական Պարտութիւն Կրեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան պատերազմի ընթացքին ամբողջական պարտութիւն կրեց»: «Ծայրայեղ ձախն ու դեմոկրատականները կը գիտակցին Իրանի դէմ մեր պատերազմին մէջ մեր իրագործած յաջողութեան տարողութեան», աւելցուց ան: «Իրան 47 տարի խուսափեցաւ իր ոճիրներուն համար հաշուետուութենէ, մինչեւ որ ես եկայ, եւ այդ ատեն ամէն ինչ փոխուեցաւ», ըսաւ Թրամփ: «Իրանի հետ պատերազմի շարունակութիւնը կրնայ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամ յառաջացնել», յայտարարեց Միացեալ...

Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ- Իրան Բանակցութիւններ

Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ- Իրան Բանակցութիւններ

Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտարարեց. «Իրան կը փակէ Հորմուզի նեղուցը` ի պատասխան Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումին»: «Ասիկա համաձայնագիրի խախտման առաջին պատասխան քայլն է: Եթէ յարձակումը շարունակուի, պիտի ծրագրաւորուին եւ իրականացուին լրացուցիչ քայլեր», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են. «Բանակցութիւններուն մէջ ներկայիս փշոտ գլխաւոր հարցը Լիբանանն է»: Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին նշեցին. «Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ Նեթանիահուին...

Վանս. «Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Իրանի  Պատերազմին Վերջ Տալու Ճշգրիտ Ձեւին Շուրջ  Որոշ Տարակարծութիւններ Ունի»

Վանս. «Թրամփ Նեթանիահուի Հետ Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Ճշգրիտ Ձեւին Շուրջ Որոշ Տարակարծութիւններ Ունի»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս յայտնեց. «Ամերիկեան շահերը պայման չէ, որ իսրայէլեան շահերուն հետ մշտապէս համընկնին»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Իրանի պատերազմին վերջ տալու ճշգրիտ ձեւին շուրջ որոշ տարակարծութիւններ ունի», ըսաւ ան: «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պէտք է շատ զգուշ ըլլան եւ շարժին մեր շահերուն ու ոչ թէ որեւէ այլ պետութեան շահերուն հիմամբ», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու...

Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ

Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վանս այս գիշեր Զուիցերիա պիտի չմեկնի` Իրանի հետ գումակային բանակցութիւններու ծրագիրներու չամբողջանալուն պատճառով»: «Գումակային բանակցութիւններու կէտերը բարդ են, եւ անհամբեր կը սպասենք կարելի եղածին չափ շուտ թեքնիք բանակցութիւններուն սկսելու», ըսաւ ան: Սպիտակ տան բանբերը նաեւ նշեց. «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը ամբողջովին պատրաստ է առաջին իսկ առիթով մեկնելու` թեքնիք բանակցութիւններուն սկսելու համար»: Լաւատեղեակ աղբիւր մը...

Թրամփ. «Փոխըմբռնման Յուշագիրը  Առանց Նախապայմանի Իրանեան  Անձնատուութիւն Մըն Է»

Թրամփ. «Փոխըմբռնման Յուշագիրը Առանց Նախապայմանի Իրանեան Անձնատուութիւն Մըն Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Իրանի հետ համաձայնութեան շուրջ բանակցեցայ պատերազմին համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի վերածուիլը կանխարգիլելու համար»: «Իրանի հետ փոխըմբռնման վերջին յուշագիրը իրողութեան մէջ առանց նախապայմանի իրանեան անձնատուութիւն մըն է», յայտարարեց Թրամփ: Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ փոխըմբռնման յուշագիրը դժուար ճամբու մը սկիզբն է, եւ անհրաժեշտ է իրանցի ժողովուրդին ու Դիմադրութեան շահերը պաշտպանել «խոստմնադրուժ...

Խամենէի Հակառակ «Այլ Տեսակէտ» Ունենալուն  Ընդունած Է Ուաշինկթընի Հետ Գործարքը

Խամենէի Հակառակ «Այլ Տեսակէտ» Ունենալուն Ընդունած Է Ուաշինկթընի Հետ Գործարքը

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին յայտարարած է, որ սկիզբը համաձայն չէ եղած Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին, սակայն զայն ընդունած է նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ հաւաստիացումներ ստանալէ ետք: «Սկզբունքով ես այլ տեսակէտ ունէի: Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով յարգարժան նախագահի… ինչպէս նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամներուն անունով իրանեան ազգի իրաւունքները… պաշտպանելու մասին ինծի յայտնած յանձնառութիւնը եւ այս...

Page 23 of 881 1 … 22 23 24 … 881

Արխիւներ