Դամասկոսի Մէջ Ընդունելով Մաքրոնը` Շարհ. «Ֆրանսայի Հետ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը Աշխարհի Հետ Մեր Ուզած Յարաբերութիւններուն Համար Բնորդ Է»
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, որուն հետ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Սուրիան համաշխարհային միջանցքներու շուկային մէջ անփոխարինելի օղակ դարձաւ, եւ ֆրանսական-սուրիական գործընկերութիւնը կը կեդրոնանայ գործնական ծրագիրներու վրայ` հեռու մնալով կարգախօսներէ»: «Նաւահանգիստներու, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ ջուրի ոլորտները ռազմավարական նոր գործակցութեան առաջնահերթութիւններն են, եւ սուրիական արդիւնաբերական քաղաքները կը պատրաստուին համաշխարհային...




















