Իրան-Իրաք Համաձայնագիր Երկկողմ Համագործակցութեան Ընդլայնման Եւ Շրջանային Ճգնաժամերը Դիւանագիտութեան Միջոցով Լուծելու Յանձնառութեան Վերահաստատման Վերաբերեալ
Իրաքի եւ Իրանի իշխանութիւնները Իրաքի վարչապետ Ալի Զայտիի Թեհրան կատարած պաշտօնական այցելութեան աւարտին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, թէ «Իրաքի վարչապետը եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը համաձայնութեան եկած են երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման ծիրին մէջ պատրաստելու եւ ձեւակերպելու Իրաքի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած համապարփակ եւ ռազմավարական փաստաթուղթ»: Երկու կողմերը նշած են «իրենց տեսակէտներու մերձեցումը...




















