«Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛ուզէ, որ ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոն, որ փետրուարին լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացաւ, դառնայ ՄԱԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը:
Ըստ Թրամփի, 56 տարեկան Ինֆանթինօ «աշխարհի տարածքին բոլորին յարգանքը կը վայելէ եւ մարդիկը միաւորելու յատուկ կարողութեամբ օժտուած է»:
ՄԱԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը այս տարի պիտի ընտրուի` յաջորդելով փորթուկալցի Անթոնիօ Կութիերեսին, որ իր պաշտօնէն պիտի հեռանայ յառաջիկայ սեպտեմբերի վերջաւորութեան:
Տակաւին յստակ չէ, եթէ Ինֆանթինոն կ՛ուզէ ընտրապայքարին մասնակցիլ, եւ եթէ Թրամփ այս հարցը անոր հետ ուղղակի կերպով քննարկած է, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը, ըստ օրաթերթին, ատոր իրագործման իսկական կարելիութիւն կը տեսնէ` նկատի ունենալով, որ գոյութիւն ունին 7 այլ թեկնածուներ, որոնք ծանօթ աղբիւրի մը կողմէ «տկար» բնութագրուած են:


