Միջազգային

Զելենսքի. «Թրամփի Հետ Խօսեցանք  Դիւանագիտութեան Մասին»

Զելենսքի. «Թրամփի Հետ Խօսեցանք Դիւանագիտութեան Մասին»

Երեքշաբթի գիշեր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպումը: Զելենսքի հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Մենք քննարկեցինք «Փաթրիոթ» համակարգերու համար հրթիռներու արտադրութեան արտօնագիրի տուչութեան հարցը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գաղափարներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ: «Մենք նաեւ խօսեցանք դիւանագիտութեան մասին. կարեւոր է կեանքի կոչել դիւանագիտական հոլովոյթը: Մեր խումբերը պիտի համակարգեն իրենց հետագայ...

Գահիրէ. «Տմիաթի Նաւահանգիստին Մէջ  Երկու Նաւերու Վրայ Յառաջացած Հրդեհը  Անօդաչու Թռչող Սարքի Հետեւանքով Էր»

Գահիրէ. «Տմիաթի Նաւահանգիստին Մէջ Երկու Նաւերու Վրայ Յառաջացած Հրդեհը Անօդաչու Թռչող Սարքի Հետեւանքով Էր»

Եգիպտոսի նախարարաց խորհուրդը յայտարարեց. «29 յուլիս 2026-ին Տմիաթի նաւահանգիստին մէջ երկու նաւերու վրայ յառաջացած հրդեհը վերահսկողութեան տակ առնելէն, եւ առնչակից կողմերու կողմէ դէպքին շուրջ նախնական հետաքննութենէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ անիկա հետեւանք է անօդաչու թռչող սարքի, եւ որեւէ կողմ դէպքին համար պատասխանատուութիւն չստանձնեց»: «Առնչակից կողմերը կը շարունակեն հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար դէպքին մանրամասնութիւնները` եւ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու` Եգիպտոսի շահերն ու...

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Հանդիպումս  Անոր Հետ Ունեցած Լաւագոյն Հանդիպումներէս Էր»

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Հանդիպումս Անոր Հետ Ունեցած Լաւագոյն Հանդիպումներէս Էր»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի գիշեր Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումը նկատեց իրենցմիջեւտեղի ունեցած լաւագոյն հանդիպումներէն մէկը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Իրանի վերաբերեալ համակարգումին, ապահովական խնդիրներու եւ «Իսրայէլի պետութեան ապագային» վերաբերող այլ խնդիրներու: Նեթանիահուի գրասենեակը իր կարգին շեշտեց, որ ժողովի ընթացքին Լիբանանէն, Սուրիայէն կամ Կազայէն հեռանալու ամերիկեան ճնշումներ չեն եղած: Նեթանիահու ժողովէն ետք...

Իրաքի Մէջ Սէուտական-Ամերիկեան Միացեալ  Յարձակումներ, Իրան Յարձակում Գործեց  Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Մը Վրայ

Իրաքի Մէջ Սէուտական-Ամերիկեան Միացեալ Յարձակումներ, Իրան Յարձակում Գործեց Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Մը Վրայ

Ամերիկեան բանակը չորեքշաբթի արշալոյսին յայտարարեց, թէ իրանեան հրթիռներ վար առած է եւ սէուտական ուժերու հետ գործակցած է Իրաքի մէջ «Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսներու» կողմէ վերջին օրերուն յարձակումներ գործելու համար օգտագործուած դիրքեր հարուածելու համար: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ յարձակում գործած է «Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի մը վրայ»: Այսպիսով, վերջ գտաւ կռիւի ժամանակաւոր դադարը: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը...

Լաւրով. «Կացութիւնը Լուրջ Է. Ամբողջ  Արեւմուտքը Ոտքի Կանգնած Է Ռուսիոյ Դէմ»

Լաւրով. «Կացութիւնը Լուրջ Է. Ամբողջ Արեւմուտքը Ոտքի Կանգնած Է Ռուսիոյ Դէմ»

Այժմ ստեղծուած է լուրջ իրավիճակ, երբ Ռուսիոյ դէմ ոտքի կանգնած է ամբողջ արեւմտեան աշխարհը: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Քոնտրաշովի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Այժմ, երբ Արեւմուտքի ներկայացուցիչները սկսած են խօսիլ «ռազմավարական պարտութեան» մասին, երբ անոնք աշխուժօրէն կ՛աջակցին մեր այս վերահաստատներուն, որոնք Եւրոպայի մէջ կը կազմակերպեն ամէն տեսակի հակառուսական ընկերութիւններ,...

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.  Հորմուզի Նեղուցին Վերաբերեալ Քննարկուող  Համաձայնութիւնը Համակարգման Կը Վերաբերի,  Եւ Անցումի Կամ Այլ Տուրքեր Չկան

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Հորմուզի Նեղուցին Վերաբերեալ Քննարկուող Համաձայնութիւնը Համակարգման Կը Վերաբերի, Եւ Անցումի Կամ Այլ Տուրքեր Չկան

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրան կը չափազանցէ ներկայացնելով Հորմուզի նեղուցի վերաբերեալ պահանջներ, որոնք Օմանը, Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային ընտանիքը կը մերժեն: Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսած է, թէ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ քննարկուող համաձայնութիւնը համակարգման կը վերաբերի, եւ անցումի կամ այլ տուրքեր չկան: Իրանցի պաշտօնատար մը իր կարգին լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թեհրան մերժեց Հորմուզի նեղուցի շրջանային միացեալ...

Օման Իրանին Հորմուզի Նեղուցին Վերաբերեալ  Շրջանային Մեքանիզմի Առաջարկ Ներկայացուցած Է

Օման Իրանին Հորմուզի Նեղուցին Վերաբերեալ Շրջանային Մեքանիզմի Առաջարկ Ներկայացուցած Է

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ կարգ մը իրանցիներ Մալակայի եւ Սինկափուրի նեղուցներու օրինակի որդեգրման ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին: Պաշտօնատարը ամերիկեան կայքին նշած է, որ ամերիկեան պատժամիջոցներն ու ծովային շրջափակումը երկար պիտի տեւեն` Թեհրանին բանակցութեան սեղան վերադառնալ ստիպելու համար` փոխանակ լայնածաւալ ռմբակոծման արշաւ շղթայազերծելու: Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Օմանը Իրանին առաջարկած է Հորմուզի նեղուցին կամաւոր...

Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Իրավիճակներու  Արձագանգման Համակարգը Դժուարութեամբ  Կը Դիմակայէ Սպանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ Բռնկած Հրդեհները

Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Արձագանգման Համակարգը Դժուարութեամբ Կը Դիմակայէ Սպանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ Բռնկած Հրդեհները

Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման համակարգը դժուարութեամբ կը դիմակայէ Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ բռնկած հրդեհները, որոնք կը շարունակեն ծանրաբեռնել տեղական ուժերը: Այս մասին հաղորդեց «Եուրոնիուզ»: Հրդեհները կը գերազանցեն արձագանգման կարելիութիւնները: Կրակը Սպանիոյ մէջ ոչնչացուցած է աւելի քան 80.000 հեկտար տարածք, իսկ Ֆրանսայի մէջ` աւելի քան 42.000 հեկտար: Հրդեհները, որոնք 320.000 մարդու ստիպած են իրենց տուները...

Ուժգին Երկրաշարժ Ճափոնի Մէջ

Ուժգին Երկրաշարժ Ճափոնի Մէջ

7,1 աստիճան ուժգնութեամբ ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Ճափոնի հարաւային Քիուսիու կղզիի Քումամոթօ շրջանը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` երկրաշարժին հետեւանքով դադրեցուած է երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, եւ վնասուած են ինքնաշարժներու երթեւեկին համար օգտագործուող շարք մը կամուրջներ: Ճափոնական աղբիւրներու համաձայն, երկրաշարժին հետեւանքով մասնակիօրէն դադրեցուած է կղզիի ելեկտրականութեան մատակարարումը, շուրջ 40 հազար շինութիւն զրկուած է ելեկտրականութենէ: Քումամոթոյի մէջ առեւտուրի կեդրոններէն մէկը փուլ եկած է: Ճափոնի...

Փենթակոն Վերատեսութեան Կ՛ենթարկէ  Եւրոպայի Մէջ Ամերիկեան Զօրքերու Տեղակայումը

Փենթակոն Վերատեսութեան Կ՛ենթարկէ Եւրոպայի Մէջ Ամերիկեան Զօրքերու Տեղակայումը

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը սկսած է վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպայի մէջ ամերիկեան զօրքերու տեղակայման հարցը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է պատերազմի փոխնախարար Էլպրիճ Քոլպին: Անոր համաձայն, վերատեսութեան նպատակն է, ՕԹԱՆ-ի եւրոպական անդամները ցամաքամասի պաշտպանութեան համար աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու մղելը, իսկ դաշինքը վերածուի աւելի արդիւնաւէտ զինուորական կառոյցի: Քոլպին նշած է, որ փոփոխութիւնները պիտի համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան...

Այզենքոթ. «Իսրայէլեան Յառաջիկայ  Կառավարութեան Կազմութիւնը Պէտք Է Սիոնական  Մեծամասնութեան Վրայ Հիմնուած Ըլլայ»

Այզենքոթ. «Իսրայէլեան Յառաջիկայ Կառավարութեան Կազմութիւնը Պէտք Է Սիոնական Մեծամասնութեան Վրայ Հիմնուած Ըլլայ»

«Եաշար» կուսակցութեան ղեկավար եւ Իսրայէլի վարչապետութեան թեկնածու Ղատի Այզենքոթ յայտնեց, որ իսրայէլեան յառաջիկայ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ «սիոնական մեծամասնութեան» վրայ: Ան սպառնաց յաւելեալ ընտրութիւններու դիմել, եթէ հարետիմ կուսակցութիւնները մերժեն ընդունիլ իր պայմանները` նախ եւ առաջ բոլորին համար հաւասարապէս պարտադիր զինուորական կամ քաղաքային ծառայութիւնը: Ան այս մասին յայտնեց Թել Աւիւի համալսարանին մէջ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի եւ Ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու...

Միացեալ Նահանգներ 60 Երկիրներու Դէմ  Նոր Մաքսատուրքեր Հաստատեցին

Միացեալ Նահանգներ 60 Երկիրներու Դէմ Նոր Մաքսատուրքեր Հաստատեցին

Միացեալ Նահանգներ հարկադիր աշխատանքի դէմ պայքարի պատրուակով 60 առեւտրական գործընկերոջ դէմ մաքսատուրքեր հաստատած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչին: Անոր տուեալներով` տուրքերու չափը կազմած է 10 առ հարիւրէն 12,5 առ հարիւր: Սահմանափակող քայլեր հաստատուած են 60 երկիրներու, ներառեալ Եւրոպական Միութեան պետութիւններու նկատմամբ: Տուրքերը արդէն ուժի մէջ մտած են: «Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ տուրքերու...

Թեհրան. «Միացեալ Նահանգներու Հետ  Պատգամներու Փոխանակում Գոյութիւն Ունի»

Թեհրան. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Պատգամներու Փոխանակում Գոյութիւն Ունի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ պատգամներու փոխանակում գոյութիւն ունի: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ միջնորդները, որոնց շարքին` Փաքիստանն ու Քաթարը, իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմը պէտք էր Իրանին իր սառեցուած գումարներուն հասնելու առիթ ընծայէր, սակայն իր խոստումները չյարգեց: «Չենք կրնար արտօնել, որ Հորմուզի նեղուցը մեր ազգային անվտանգութեան վնասելու համար նախայարձակներուն ձեռքին...

Պրազիլի Իշխանութիւնները Իրենց Մօտ  Կանչեցին Արժանթինի Դեսպանը

Պրազիլի Իշխանութիւնները Իրենց Մօտ Կանչեցին Արժանթինի Դեսպանը

Արժանթինի նախագահ Խաֆիեր Միլիի մասնաւորաբար Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի հասցէին կատարած «վարկաբեկիչ յայտարարութիւններէն» ետք, Պրազիլի կառավարութիւնը իր մօտ կանչեց Արժանթինի դեսպանը: Այս մասին դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց ԱՖՓ լրատու գործակալութեան: Նախքան այդ, Պրազիլ խորհրդակցութեան համար իր մօտ կանչած էր Արժանթինի մէջ իր դեսպանը, երբ Միլի իր պրազիլցի պաշտօնակիցը, առանց անոր անունը տալու, «գող» եւ «դատապարտեալ» կոչեց Սան...

Իրան. «Կասպից Ծովուն Մէջ Իրանեան Նաւու Մը Վրայ  Ուքրանական Յարձակումը Անպատասխան Պիտի Չմնայ»

Իրան. «Կասպից Ծովուն Մէջ Իրանեան Նաւու Մը Վրայ Ուքրանական Յարձակումը Անպատասխան Պիտի Չմնայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց շաբաթավերջին Կասպից ծովուն մէջ իրանեան նաւու մը վրայ ուքրանական յարձակումի «անսպասելի» հետեւանքներէն` շեշտելով, որ այդ արարքը «անպատասխան պիտի չմնայ»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի լրագրողներուն յայտնեց. «Ուքրանական այս արարքը բացարձակապէս ապօրինի եւ անարդարանալի է, ինչ որ կը հակասէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մըն է, որ հաստատօրէն մեր կողմէն անպատասխան պիտի չմնայ»:...

«Ամերիկան Կղզին Գրաւելու  Եւ Բնաջնջելու Կը Ձգտի»  Կ՛ըսէ Քուպայի Նախագահը

«Ամերիկան Կղզին Գրաւելու Եւ Բնաջնջելու Կը Ձգտի» Կ՛ըսէ Քուպայի Նախագահը

Քուպայի նախագահ Միկել Տիազ-Քանել Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց իր երկիրը գրաւել ձգտելու եւ անոր նկատմամբ բնաջնջման քաղաքականութիւն կիրարկելու յանցանքով: Տիազ-Քանել յայտնեց, որ Քուպան այսօր պատմական ճակատամարտ կը մղէ բնաջնջման քաղաքականութեան մը դէմ, որուն նպատակը երկիրը գրաւելու համար ամբողջ ժողովուրդը խեղդամահ ընելն է: Ան նշեց, որ շրջափակումը պատերազմի զէնք է եւ զոհեր կը պատճառէ: Տիազ-Քանել շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը ջանայ Քուպայի եւ...

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Պատերազմը  Պիտի Շարունակենք, Եթէ Մեր Ուզածը 100 Առ Հարիւր Չստանանք»

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Պատերազմը Պիտի Շարունակենք, Եթէ Մեր Ուզածը 100 Առ Հարիւր Չստանանք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ֆրանսական «Էլ.Սէ.Ի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի դէմ լայնածաւալ պատերազմը պիտի շարունակենք, եթէ մեր ուզածը 100 առ հարիւր չստանանք»: Երկու աղբիւրներ «Աքսիոս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ ամերիկեան բանակը ձեռնարկած է Իրանի դէմ լայնածաւալ գործողութիւններու շղթայազերծման հաւանականութեան ծրագիրներ պատրաստել, «սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին իր հրամանը չէ տուած»: «Թրամփ ուրբաթ օր կանաչ լոյս չտուաւ, երբ...

Դամասկոսի Մէջ Շարհ-Կութիերես Հանդիպում

Դամասկոսի Մէջ Շարհ-Կութիերես Հանդիպում

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ շաբաթ օր Դամասկոսի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ եւ ՄԱԿ-ի միջեւ մարդասիրական եւ բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արագ ոտքի կանգնելու ու վերաշինութեան ջանքերը: Ընդգծուեցաւ Սուրիոյ գերիշխանութեան, միութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կարեւորութիւնը: Կութիերես նախքան այդ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ...

Քրեմլին. «Ուքրանիոյ Հետ Կարգաւորման  Մեր Հիմնական Պայմանը  Մեր Նպատակներու Իրագործումն Է»

Քրեմլին. «Ուքրանիոյ Հետ Կարգաւորման Մեր Հիմնական Պայմանը Մեր Նպատակներու Իրագործումն Է»

Փեսքով շաբաթ օր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապի «սառեցումը» ներկայիս կարելի չէ` Քիեւի դիրքորոշման պատճառով: Քրեմլինի բանբերը վերյիշեցուց, որ ռուսական պայմանները յայտարարուած են երկու տարի առաջ` աւելցնելով. «Ամէն ինչ կրնայ մինչեւ այս օրուան աւարտը վերջ գտնել, եթէ Քիեւի վարչակարգը անհրաժեշտ որոշումները տայ»: Փեսքով այդպիսով կը մեկնաբանէր Ղազախստանի նախագահ Քասեմ Ժոմարթ Թոքայեւի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ...

Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները  Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով»

Թրամփ. «Ծոցի Մէջ Նաւերուն Հասած Վնասները Պիտի Փոխհատուցուին Իրանեան Սառեցուած Գումարներով»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ յաջողութեամբ աւարտած է Իրանի վրայ հարուածներու 13-րդ գիշերը: Ըստ իրանեան աղբիւրներու, յարձակումներուն պատճառով Խուզիստան եւ Հորմուզղան նահանգներուն մէջ արձանագրուած են 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ: Ամերիկեան յարձակումները կեդրոնացան Իրանի հարաւին եւ հարաւ-արեւմուտքին վրայ: Իրանեան բանակը իր կարգին յայտնեց, որ «Արշ» անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Պահրէյնի Շէյխ Իսա ռազմակայանին մէջ վառելանիւթի ամբարներն ու ամերիկեան...

Page 17 of 881 1 … 16 17 18 … 881

Արխիւներ