Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էնտի Պըռնհամ Ստանձնեց Բրիտանիոյ Վարչապետի Պաշտօնը

July 21, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը Պաքինկհամ պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական կուսակցութեան նոր ղեկավար Էնտի Պըռնհամը,  զինք նշանակեց Բրիտանիոյ վարչապետ եւ անոր պարտականութիւն տուաւ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կազմել:

Էնտի Պըռնհամ ստանձնեց Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօնը` խոստանալով սկսիլ «10-ամեայ ծրագիր», որ պիտի լուծէ Բրիտանիոյ յառաջընթացը խոչընդոտող հիմնարար խնդիրները:

«Ատիկա չի նշանակեր, որ ես կը պատրաստուիմ 10 տարի այստեղ ըլլալ: Խօսքը կառուցուածքային փոփոխութիւններու մասին է», յայտարարեց ան Տաունինք Սթրիթի մէջ իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ` խոստանալով բրիտանացիներու կարիքները դնել կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը:

Արձանագրելով, որ ինք վերջին տասը տարուան մէջ արդէն Բրիտանիոյ եօթներորդ վարչապետն է, Պըռնհամ յայտարարեց. «Մենք պէտք է ընդունինք, որ բաւականաչափ արդիւնաւէտ չենք եղած»:

Ան նշեց, որ օտարերկրեայ առաջին ղեկավարները, որոնց հետ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն պիտի ունենայ, պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ նախագահները:

Ան ամբողջութեամբ շրջանցեց Ուքրանիոյ աջակցութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերը, սակայն խոստացաւ շարունակել նախորդ կառավարութեան դէպի ռազմականացում ընթացքը:

Բրիտանիոյ նոր վարչապետը, սակայն, «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ես Ուքրանիոյ պիտի աջակցիմ հարիւր տոկոսով, ճիշդ ինչպէս Քիր Սթարմըրը կ՛ընէր»:

Նախորդը

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Ազրպէյճան Քնեսեթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Քուէարկութիւնը Կասեցնելու Գործարք Կնքած Է

Յաջորդը

Իրաքի Վարչապետը Շաբաթավերջին Իրան Այցելելով Փոխըմբռնման Շարք Մը Յուշագիրներ Պիտի Ստորագրէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.