Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Քուէյթի Մէջ Ռազմակայան Մը Հարուածեց

August 1, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Իրանի բանակի անօդաչու թռչող սարքերը հարուածներ հասցուցած են Քուէյթի «Ահմետ Ժապեր» ռազմակայանին մէջ տեղակայուած հալածիչներու օդակայանին, արբանեակային կապի համակարգերուն եւ սարքերու պահեստներուն»:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Քուէյթ գտնուող օդուժի ռազմակայանը կարեւոր դեր կը խաղայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրականացուող օդային հետախուզութեան եւ աջակցութեան գործողութիւններուն մէջ եւ կը հանդիսանայ ամերիկեան բանակին համար օդային աջակցութեան ապահովման առանցքային կեդրոններէն մէկը:

Իրանեան բանակը յայտարարեց. «Թշնամին խիստ կերպով կը թաքցնէ իր կորուստները»` աւելցնելով. «Մեր եւ Յեղափոխական պահակագունդի գործողութիւնները իրանեան անօդաչու թռչող սարքերուն եւ հրթիռներուն դէմ դնելը թշնամիին համար սուղ եւ չափազանց դժուար դարձուց»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ է կարելիութիւն տալ Իրանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն, պայմանով որ Թեհրանը զինադադարին համաձայնի:

«Ատիկա որեւէ բանակցութեան հիմքն է. անոնք կը սկսին զինադադարով, եւ առաջինը Իրանը ատոր պէտք է դիմէ», ըսած է օրաթերթի աղբիւրը:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահը շատ յստակ հասկցուցած է, որ կ՛ուզէ կարելի եղածին չափ շուտ հասնիլ գործարքի: Սակայն եթէ իրանցիները շարունակեն նաւերու վրայ յարձակիլ, ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ յարձակիլ, Պարսից ծոցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն վրայ յարձակիլ, անոնք ստիպուած պիտի ըլլան ատոր համար գին վճարել», աւելցուցած է ան:

«Նիւ Եորք Փոսթ»-ի տուեալներով, կողմերը կը շարունակեն թեքնիք խորհրդակցութիւնները եւ կը համագործակցին միջնորդներու հետ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի մէջ առնչակից կողմերուն հանդարտեցման եւ ինքնազսպման կոչ կ՛ուղղենք»:

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ձերբակալուած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հաշուոյն բրիտանական օդուժի Քարոթիրի ռազմակայանը լրտեսած բրիտանացի մը, որ նաեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւն ունի:

Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգները ներկայիս Քուէյթի մէջ իրենց զինուորական ներկայութեան տարողութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկեն»` աւելցնելով. «Փենթակոնը իրապէս Իրանի հետ պատերազմի ծագելէն առաջ կը սերտէր իր ուժերուն թիւը նուազեցնելու հարցը»:

«Փենթակոն Իրանի յարձակումներուն պատճառով Քուէյթի մէջ իր ներկայութիւնը կրճատեց` վտանգները նուազեցնելու համար», ըսած են պաշտօնատարները:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ ամերիկեան հետախուզական գնահատումները ցոյց կու տան, թէ Իրանի ռմբակոծման յաւելեալ գործողութիւնները պիտի չյանգեցնեն տապալմանը իրանեան վարչակարգին, որ կը գտնուի Յեղափոխական պահակագունդի վերահսկողութեան տակ:

Կայանը նաեւ իսրայէլացի պաշտօնատար մը մէջբերելով հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ներկայացուցած է պատերազմի համար երեք ընտրանքներ. առաջին` հիւլէական նիւթին վերացման վրայ կեդրոնացող գործադրելի համաձայնութիւն մը, երկրորդ` շրջափակում հաստատել աշխուժացնելով տնտեսական ճնշումները, եւ երրորդ` շղթայազերծել զինուորական հարուածներ, որոնք մասնաւորաբար կը կեդրոնանան մատակարարումներու փոխադրման համար օգտագործուող ցամաքային ճամբաներուն վրայ:

Նախորդը

Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն, Անոր Կուսակցութիւնը Կը Լուծարուի

Յաջորդը

24 Ժամուան Ընթացքին 49 Հազար Ապօրինի Գաղթականներ Մարոքէն Սպանիա Մուտք Գործած Են

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.