Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Սապթա Եւ Մալիլա Քաղաքներուն Վրայ Սպանիոյ Գերիշխանութիւնը Քննարկումի Նիւթ Չէ»

August 15, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռուպլես յայտնեց, որ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Սապթա եւ Մալիլա քաղաքներուն վրայ Սպանիոյ գերիշխանութիւնը «քննարկումի նիւթ չէ»: Ան այդպիսով պատասխանեց Մարոքի արդարադատութեան նախարար Ապտելլաթիֆ Ուեհպիի յայտարարութեան, որուն մէջ ան երկու քաղաքներուն վրայ Ռապաթի գերիշխանութեան հաստատման պահանջը կը կրկնէր:

Սպանացի նախարարը Սապթա այցելութեան ընթացքին նշեց, որ երկու քաղաքները «բացառապէս սպանական են, եւ անոնց կարելի չէ ձեռք տալ»` աւելցնելով. «Սապթայի եւ Մալիլայի վրայ որեւէ յարձակում ամբողջ Սպանիոյ վրայ յարձակումի նման է:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ երկրին հողային ամբողջականութիւնը «որեւէ կողմի հետ չքննարկուեցաւ եւ երբեք պիտի չքննարկուի»:

Նշենք, որ Մարոք 1956 թուականին անկախանելէն ի վեր Սապթայի եւ Մալիլայի վրայ իր գերիշխանութեան տարածումը կը պահանջէ` զանոնք նկատելով Սպանիոյ կողմէ բռնագրաւուած շրջաններ, իսկ Սպանիան կը շեշտէ, թէ երկու քաղաքները իր հողերուն անբաժանելի մասն են:

 

Նախորդը

Իտալիոյ Եւ Դանիոյ Վարչապետները Կոչ Կ՛ուղղեն` Եւրոպական Միութեան Տարածքէն Դուրս Ստեղծելու «Վերադարձի Կեդրոններ»

Յաջորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Քուշներ Մտադիր Է Յառաջիկայ Շաբաթ Իսրայէլ Այցելել

RelatedPosts

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

September 29, 2026
Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

September 29, 2026
Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.