Միջազգային

Պաքու Դատ Բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի Դէմ` Զայն  Մեղադրելով Զրպարտութեան Յանցանքով

Պաքու Դատ Բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի Դէմ` Զայն Մեղադրելով Զրպարտութեան Յանցանքով

Ազրպէյճան դատ բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ` ամերիկեան լրատուամիջոցը մեղադրելով զրպարտութեան յանցանքով: Պաքուն կը պնդէ, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը կեղծ տեղեկութիւններ տարածած է` գրելով, որ Ազրպէյճանը Իսրայէլին թոյլատրած է իր տարածքը օգտագործել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար: Ներկայացուած հայցը, «Պլումպըրկ»-ի համաձայն, կը վերաբերի յունիսին «Սի.Էն.Էն.»-ի հրապարակած յօդուածին, որուն մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլ յատուկ ջոկատայիններ ուղարկած էր Ազրպէյճան` հետախուզութիւն իրականացնելու եւ յարձակումներ գործելու համար:...

Զախարովա. «Մոսկուան Բաց Է Թիֆլիսի Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները  Վերականգնելու Համար»

Զախարովա. «Մոսկուան Բաց Է Թիֆլիսի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար»

«Ռուսիան բաց է Վրաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու կարելիութեան համար, սակայն այս պահուն այդ հարցը օրակարգի վրայ չկայ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` պնդելով, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ Վրաստանէն: «Մենք մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած ենք, որ բաց ենք նման կարելիութեան համար, սակայն այսօր այդ հարցը օրակարգի վրայ չկայ»,...

Ռուպիօ. «Ամերիկացիները Երբեք Յօրինուած  Ոճիրներու Համար Դատուելու Համար  Ծովերէն Անդին Պիտի Չտարուին»

Ռուպիօ. «Ամերիկացիները Երբեք Յօրինուած Ոճիրներու Համար Դատուելու Համար Ծովերէն Անդին Պիտի Չտարուին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Անցեալ ամիս, մեր ազգային գերիշխանութեան Միջազգային քրէական դատարանի սպառնալիքը կազմաքանդելու դիւանագիտական արշաւ նախաձեռնուեցաւ: «Թրամփի վարչակազմը ամերիկացիները այս կեղծ դատարանէն պաշտպանելու մեր աներեր առաքելութեան ծիրին մէջ պատժամիջոցներ հաստատած է Միջազգային քրէական դատարանի նախագահ Թոմոքօ Աքանիի եւ աւագ փաստաբան Ապտալլա Սիյիի դէմ»: «Ի պատիւ Անկախութեան հռչակագիրին, ամերիկացիները երբեք յօրինուած ոճիրներու համար դատուելու համար ծովերէն...

Փեքին. «Չինաստանը Հաւանութիւն  Կու Տայ Լաւրովի Խօսքերուն»

Փեքին. «Չինաստանը Հաւանութիւն Կու Տայ Լաւրովի Խօսքերուն»

Չինաստանը հաւանութիւն կու տայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքին այն մասին, թէ անհրաժեշտ է չմոռնալ այն փաստը, որ Ճափոնը ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան մէջ իբրեւ թշնամական պետութիւն նշուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լին Ցզիան: «Չինական կողմը հաւանութիւն կու տայ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յայտարարութեան: «Թշնամական...

Միացեալ Նահանգները Ջնջած Են Ուաշինկթընի Մէջ  Պրազիլի Դեսպանին Մուտքի Արտօնագիրը

Միացեալ Նահանգները Ջնջած Են Ուաշինկթընի Մէջ Պրազիլի Դեսպանին Մուտքի Արտօնագիրը

Պրազիլեան իշխանութիւններու ամերիկացի պաշտօնատարներու Պրազիլ մուտքի արտօնագիր տալ մերժելէն քանի մը օր ետք, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ջնջած են Ուաշինկթընի մէջ Պրազիլի դեսպան Մարիա Լուիզա Ռիպէյրօ Վիոթթիի մուտքի արտօնագիրը: Այս մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը: Պաշտօնատարին համաձայն, այս որոշումը դեսպանի` երկրէն վտարում չի նշանակեր, սակայն տեղի կ՛ունենայ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Հարցախոյզին.  Ամերիկացիներու Մեծամասնութիւնը Կը Կարծէ,  Թէ Թրամփ Իշխանութեան Վերադառնալէ  Ի Վեր Ապօրինի Կերպով Շահ Արձանագրած Է

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Հարցախոյզին. Ամերիկացիներու Մեծամասնութիւնը Կը Կարծէ, Թէ Թրամփ Իշխանութեան Վերադառնալէ Ի Վեր Ապօրինի Կերպով Շահ Արձանագրած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, թէ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը կը կարծէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր ընտանիքը անոր իշխանութեան վերադառնալէն ի վեր թուայնացած դրամանիշերու օրէնքներուն հակասող կերպով օգտուած են, եւ անոր քաղաքական որոշումները կ՛ազդուին անոր ղեկավարած սեփական աշխատանքներէն: Երկուշաբթի օր աւարտած քառօրեայ հարցախոյզը ցոյց տուած է, թէ Թրամփին աջակցող հանրապետականներուն կէսին կարծիքով` նախագահը կ՛արտօնէ, որ իր...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Թրամփ Իր Աւագ Բանագնացներէն Պահանջած Է  Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Դադրեցնել

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Թրամփ Իր Աւագ Բանագնացներէն Պահանջած Է Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Դադրեցնել

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր աւագ բանագնացներէն պահանջած է Իրանի հետ իրենց բանակցութիւնները դադրեցնել: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց դաշնակիցներուն յայտնած են, թէ իրենց ռազմավարութիւնը փոխելով Իրանը աստիճանաբար խեղդելու անցնելու ընթացքի մէջ են: Պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Թրամփ դժգոհ է, որ Թեհրան պատրաստ չէ իր պահանջներուն ընդառաջելու, եւ կը սպասուի,...

Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»

Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլն ու Սուրիան համաձայնած են ապահովական հարցերու մէջ ներկայ կացութիւնը պահպանել, եւ Սուրիան թրքական ուժերուն Հալէպի մօտ օդուժի ռազմակայանի մը մէջ տեղակայուիլ արտօնելով այդ համաձայնութիւնը խախտելու եզրին էր: Իսրայէլ Սուրիան իրերայաջորդ կերպով զգուշացուց, թէ այդ տեղակայումը իր անվտանգութեան սպառնալիք պիտի ներկայացնէ, սակայն Սուրիան նախընտրեց այդ զգուշացումները անտեսել: Նեթանիահուի գրասենեակը շեշտեց, թէ...

Իսլամապատ. «Այս Ամիս Պոլսոյ Մէջ  Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ  Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով»

Իսլամապատ. «Այս Ամիս Պոլսոյ Մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ այս ամիս Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը պիտի գումարուի: Նախարարութիւնը նշեց, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք շրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ կարծիքներու փոխանակում կատարած են, եւ երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց...

Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ  Միջեւ Գերիներու Փոխանակում

Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Գերիներու Փոխանակում

«Ռուսիան ու Ուքրանիան գերիներու հերթական փոխանակում կատարած են», կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Փոխանակումը կատարուած է 103 103-ի դիմաց ձեւաչափով», յայտնած է նախարարութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ գերիներու հերթական խումբի փոխանակումը կարելի դարձած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ:

Պաքու Ռուսիոյ Դեսպանին Բողոքագիր  Յանձնած Է` «Սպառնալից» Յայտարարութիւններու Պատճառով

Պաքու Ռուսիոյ Դեսպանին Բողոքագիր Յանձնած Է` «Սպառնալից» Յայտարարութիւններու Պատճառով

Ազրպէյճան Ռուսիոյ դեսպանը կանչած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` ռուսական լրատուամիջոցներուն մէջ հնչող «սադրիչ, վիրաւորական եւ սպառնալից» յայտարարութիւններուն պատճառով: Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովին ազրպէյճանական կողմը ռուսական լրատուամիջոցներուն եւ տեղեկատուական դաշտին մէջ վերջին շրջանին հնչող յայտարարութիւններուն վերաբերող լուրջ մտահոգութիւն եւ վճռական բողոք ներկայացուցած է: Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ անընդունելի է քննարկել Ազրպէյճանի ներքաղաքական գործընթացներուն միջամտելու կարելիութիւնները կամ կոչեր հնչեցնել Ազրպէյճանի...

Թրամփ Երեք Օրուան Համար Դադրեցուց Քանատայի Դէմ Հաստատուած  50 Առ Հարիւրի Մաքսատուրքերը

Թրամփ Երեք Օրուան Համար Դադրեցուց Քանատայի Դէմ Հաստատուած 50 Առ Հարիւրի Մաքսատուրքերը

«Ես դադրեցուցած եմ Քանատայի դէմ հաստատուած 50 առ հարիւրի մաքսատուրքերը»: Այս մասին «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Ես դադրեցուցած եմ Քանատայի դէմ հաստատուած 50 առ հարիւրի մաքսատուրքերը, որոնք նախատեսուած էին ուժի մէջ մտնել վաղը առաւօտեան, երեք օր ժամանակով` այն հիմամբ, որ Քանատան եւ Միացեալ Նահանգները, փաստաթուղթերը վերջնական տեսքի բերելնուն պէս, գործարք...

էրտողան թրամփին իրանի հետ բանակցութիւնները  շարունակելու կարեւորութիւնը կը յայտնէ

էրտողան թրամփին իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը կը յայտնէ

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրանի եւ Կազայի մէջ պատերազմները, ինչպէս նաեւ Մեքքայի համաձայնագիրը: Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է Իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Թուրքիան պատրաստ է այդ հոլովոյթին նպաստելու: Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ...

«Համաս Խոստացաւ Զինաթափուիլ, Իսկ Իսրայէլ`  Նախկին Խոստումներ Կատարել»  Կ՛ըսէ Խաղաղութեան Խորհուրդը

«Համաս Խոստացաւ Զինաթափուիլ, Իսկ Իսրայէլ` Նախկին Խոստումներ Կատարել» Կ՛ըսէ Խաղաղութեան Խորհուրդը

Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ խորհուրդի պաշտօնատարները «Միացեալ Նահանգներու նախագահի 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրի ամբողջական գործադրութեան ուղղութեամբ ընթանալը շարունակելու շուրջ խոր ու շինիչ բանակցութիւններ» վարած են: Համաձայնութիւն գոյացած է, որ իսրայէլեան ուժերը Համասի ամբողջական զինաթափումէն եւ Կազայի ամբողջական, ներառեալ թեթեւ ու ծանր զէնքերէն եւ փապուղիներէն, ապազինումէն առաջ Կազայէն դուրս չվերատեղակայուին: Խաղաղութեան խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան...

Իտլիպի Արեւելեան Գիւղական Շրջանի Ապու Զուհուր  Օդակայանի Էջուղիին Վրայ Իսրայէլեան 8 Յարձակումներ

Իտլիպի Արեւելեան Գիւղական Շրջանի Ապու Զուհուր Օդակայանի Էջուղիին Վրայ Իսրայէլեան 8 Յարձակումներ

Զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Իխպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջանի Ապու Զուհուր զինուորական օդակայանին վրայ 8 յարձակումներ գործեց: Աղբիւրը ըսած է, թէ յարձակումը օդակայանի ենթակառոյցին նիւթական վնասներ պատճառած է, եւ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցած օդային յարձակումները...

Պեն Ղաֆիր. «Կազայի Բնակիչները Արժանի  Չեն Ապրելու, Մարդ Չեն, Եւ Իսրայէլ  Պէտք Է Ամէն Գիշեր 30-40 Պաղեստինցի Սպաննէ»

Պեն Ղաֆիր. «Կազայի Բնակիչները Արժանի Չեն Ապրելու, Մարդ Չեն, Եւ Իսրայէլ Պէտք Է Ամէն Գիշեր 30-40 Պաղեստինցի Սպաննէ»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Իսրայէլ պէտք է Կազայի վրայ իր յարձակումները աւելցնէ, եւ իւրաքանչիւր գիշեր 30-40 պաղեստինցիներ սպաննէ»` աւելցնելով, որ Կազայի բնակիչները «արժանի չեն ապրելու եւ մարդ չեն»: Պեն Ղաֆիր դարձեալ կոչ ուղղեց` Կազայի մէջ վերաբնակեցման: «Ես ամբողջ Կազան մեր սեփականութիւնը կը նկատեմ, եւ բնակեցումը պէտք չէ 2005 թուականին դատարկուած Ղոշ Քաթիֆով բաւարարուի, այլ պէտք է...

Յունաստան Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Մէջ  Նատեր Թաննուսի Սպանութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ  Հասարակութեան Բոլոր Հատուածները Պաշտպանելու

Յունաստան Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Մէջ Նատեր Թաննուսի Սպանութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Հասարակութեան Բոլոր Հատուածները Պաշտպանելու

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց 15 օգոստոսին սուրիացի Նատեր Պուլոս Թաննուսի սպանութիւնը` կոչ ուղղելով շտապ հետաքննութիւն կատարելու եւ ոճիրին պաշտօնատարները հաշուետուութեան ենթարկելու: Նախարարութիւնը նշեց, որ ոճիրը տեղի ունեցած է քրիստոնեաներու համար յատուկ կարեւորութիւն ունեցող օր մը` Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է այս քստմնելի արարքին հեղինակները անմիջապէս արդարադատութեան յանձնել»: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց` որդեգրելու...

«Վարչապետին Գրգռիչ Եւ Անպատասխանատու Արարքներուն Նկատմամբ Մեր Համբերութիւնը Սկսաւ Սպառիլ»  Կ՛ըսեն Իրաքի Մէջ Հըզպալլայի Փաղանգները

«Վարչապետին Գրգռիչ Եւ Անպատասխանատու Արարքներուն Նկատմամբ Մեր Համբերութիւնը Սկսաւ Սպառիլ» Կ՛ըսեն Իրաքի Մէջ Հըզպալլայի Փաղանգները

Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգներու ապահովական պատասխանատու Ապու Մուժահետ Ասսաֆ քննադատեց Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտին` զայն ամբաստանելով գրգռիչ եւ անպատասխանատու արարքներ գործելու յանցանքով: Ասսաֆ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Վարչապետին գրգռիչ ու անպատասխանատու արարքներուն նկատմամբ մեր համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ»` նշելով, որ «վարչապետին դատարկ պոռոտախօսութեան» հանդէպ աւելի քան հարիւր օր համբերած է: Ան յայտնեց, որ որեւէ կառավարութեան հետ զէնքի հարցին վերաբերեալ մօտեցումին իր...

Իրանի Խորհրդարանը «Թշնամական» Լրատուամիջոցներու Հետ Հարցազրոյց Կատարելը Քրէականացնող Օրէնք Մը Որդեգրեց

Իրանի Խորհրդարանը «Թշնամական» Լրատուամիջոցներու Հետ Հարցազրոյց Կատարելը Քրէականացնող Օրէնք Մը Որդեգրեց

Իրանեան «Շարք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանը կիրակի օր որդեգրած է օրէնք մը, որ հակաիրանեան նկատուող լրատուամիջոցները, ներառեալ ամերիկեան կամ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, կամ Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ ֆինանսաւորուող լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցներ կատարելը կամ որեւէ տեսակի կապ հաստատելը քրէական յանցանք կը նկատէ: Ուժի մէջ մտնելէ առաջ Սահմանադրութեան պահպանման խորհուրդին կողմէ քննուելու կարիքը ունեցող օրէնքին համաձայն, վերոնշեալ լրատուամիջոցներուն հետ հարցազրոյցներ կատարելը...

Պրազիլի Իշխանութիւնները Արժանթինի  Դեսպանէն Պահանջեցին Հեռանալ Երկրէն

Պրազիլի Իշխանութիւնները Արժանթինի Դեսպանէն Պահանջեցին Հեռանալ Երկրէն

Արժանթինի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ Պրազիլի կառավարութիւնը իրենց փոխանցած է, թէ իշխանութիւնները Արժանթինի դեսպանէն պահանջած են երկրէն հեռանալ, եւ Պուէնոս Այրեսի մէջ Պրազիլի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը կը նուազեցնեն գործավարի մակարդակի: Յայտնենք, որ Արժանթինի նախագահ Խաֆիեր Միլի իր պրազիլցի պաշտօնակից Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի հասցէին իրերայաջորդ վարկաբեկիչ խօսքեր հնչեցուցած էր, ինչ որ երկու շաբաթ առաջ պատճառ դարձան Արժանթինի մէջ Պրազիլի դեսպանի...

Page 13 of 881 1 … 12 13 14 … 881

Արխիւներ