Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի դէմ պատերազմը կրնայ վայրկեաններու ընթացքին բռնկիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն շրջանը յանձնած ըլլայ Իրանի:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ծովուժի ջոկատը երէկ Իպրահիմ գետին մէջ փրկեց 18 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնց նաւակը խանգարուած էր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար հաւանական նկատեց, որ Արսալի ճակատը որեւէ ատեն բռնկի Սէուտական Արաբիոյ հրահանգով: Ան շեշտեց, որ պահանջուածը Սուրիոյ վարչակարգին հետ միացեալ պատերազմ մղելն է, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի մայրուղիին վրայ, բանակին անցարգելէն քիչ անդին, գողութեան պատճառով սպաննուած է քաղաքացի մը:

ԱՍՈՐԻ կաթողիկէ համայնքի Մար Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի իսլամներուն շինիչ բառամթերք օգտագործելու, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել իր ներկայ տագնապալի իրավիճակը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը տեղեկացնէ, թէ իրենց համար նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը նախատեսելի չէ բանակի նոր հրամանատարի մը նշանակումը:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարի համաձայնագիրը Լիբանանը պիտի փրկէ մագլցողական հսկայ քայլերէ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ գործակցութիւնը առկայ է` առեւանգուած լիբանանցի վարորդներուն հարցը լուծելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն երկխօսութեան լեզուով եւ ոչ թէ զէնքի լեզուով խօսելու:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի դիմագրաւէ իր դէմ ծառացող դժուարութիւնները, որովհետեւ զայն կայուն պահող սկզբունքը կայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռապիէի եւ Պքերքէի մէջ յարաբերութիւնները խզուելու աստիճանին պիտի չհասնին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու թղթածրարին առումով դրական զարգացումներ կան: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Քաթար կը վարէ բանակցութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ խստացուցած են իրենց հսկողութիւնը եւ շրջուն ջոկատներով մնայուն կերպով կը կատարեն այդ հսկողութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ հակառակ շրջանին մէջ տիրող ահաբեկչական մթնոլորտին, լիբանանցիներու սրտերուն մէջ ատելութիւն գոյութիւն չունի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ չի փափաքիր ուղղուիլ խորհրդարան, սակայն ան պիտի շարունակէ գործել լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ, մինչեւ որ իր դերակատարութիւնը փոխանցէ իր զաւկին` Թէյմուր Ժոմպլաթի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ինք չի մերժեր լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կայ իրանեան որոշում մը, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն կը կապէ շրջանի տագնապներուն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետը ոչ ոքէ արտօնութեան կարիքը ունի` Լիբանանի անունով պաշտօնական խօսք մը արտասանելու պարագային:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ ներկայիս պայմանները ձեռնտու են նախագահական ընտրութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ հիւլէական թղթածրարին գծով գոյացած համաձայնութիւնը միջազգային օրինականութեան յաղթանակ է:

Նախորդը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Փաքիստանի Հետ Սահմանին Վրայ Կը Վնասազերծէ Ահաբեկչական Բջիջ Մը

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ Անհետանալէ Ետք Մարուան Իսա Սպաննուած Կը Գտնուի Իր Ինքնաշարժին Սնտուկին Մէջ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?