Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ ահաբեկչական խմբաւորում մը կիրակի երեկոյեան դէպի Արսալ ներխուժումի փորձ մը կատարած է:
Այդ փորձին իբրեւ արդիւնք ահաբեկիչները ինկած են լիբանանեան բանակին լարած թակարդին մէջ. անոնցմէ մէկը սպաննուած է, իսկ միւսը` ձերբակալուած:
Նշենք, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ Խըշաատ շրջանէն Հըզպալլա թիրախ դարձուցած է Քալամունի ճակատը եւ Նահլէ բարձունքին վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումին մարդկային մեծ վնասներ պատճառած: