
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան` «Սի. Այ. Էյ.»-ի փոխտնօրէն Տէյվիտ Քոհեն աւելի քան տասը օր առաջ գաղտնի այցելութիւն մը տուած է Լիբանան:
Երեք ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին Քոհեն առանձին հանդիպումներ ունեցած է ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Միւս կողմէ, ան միացեալ հանդիպում մը ունեցած է Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի, բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատելի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կարիքները` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու իմաստով:


