Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբի Տագնապին Լուծման «Վերջին Ճիգեր»

October 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շեհայէպ եւ Սալամ
Շեհայէպ եւ Սալամ

Աղբերու տագնապին լուծման նպատակով եւ կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին շրջագիծին մէջ նախանցեալ երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած առաջարկին լոյսին տակ, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, որուն վստահուած է աղբի տագնապին լուծման պատասխանատուութիւնը, մեծ աշխուժութեամբ վերսկսաւ խորհրդակցութիւններու այլ շարքի մը, որ իր բառերով կը կոչուի «վերջին ճիգեր»:

«Վերջին ճիգեր»-ուն շրջագիծին մէջ, երէկ առաւօտեան Շեհայէպ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ ունեցաւ հանդիպում մը:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ ինք վարչապետին ներկայացուցած է ընդհանուր տեղեկագիր մը աղբի տագնապին լուծման նպատակով գործադրուելիք ծրագիրին մասին` աւելցնելով, որ իրենք կը գործեն քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ գործակցութեան սկզբունքով:

«Այս ջանքերը 48 ժամէն պիտի աւարտին դրական կամ ժխտական պատասխանով», ըսաւ ան:

Շեհայէպ աւելցուց նաեւ, որ աղբի տագնապին լուծման համար երկրին քաղաքական ուժերը իրենց խօսքերը պէտք է գործերու վերածեն եւ պատասխանատուութեամբ աշխատին` աղբանոցներ ապահովելու առումով:

«Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը իրենց պարտականութիւնը կատարած են Պեքաայի մէջ աղբանոց մը տրամադրելու իմաստով», յայտնեց ան` շեշտելով, որ բջիջային հեռաձայնի եկամուտներէն քաղաքապետարաններուն կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւնները արդէն իսկ պատրաստ են:

Վարչապետարանէն ետք Շեհայէպ ուղղուեցաւ Սայֆի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աղբի տագնապի լուծման հոլովոյթին զարգացումները:

Սայֆիէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Շեհայէպ յայտնեց, որ եթէ յաւելեալ խոչընդոտներ չըլլային, ապա աղբի հարցը ցարդ լուծուած կ՛ըլլար:

Ան նշեց, որ այս հարցը բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի:

Շեհայէպ յայտնեց, որ Ժեմայէլ առաջարկած է Քեսրուանի մէջ աղբանոց մը ունենալ` աւելցնելով, որ այդ առաջարկին մանրամասնութիւնները երեկոյեան պիտի փոխանցուին վարչապետ Սալամին:

Ժեմայէլի հետ հանդիպում ունենալէ ետք Շեհայէպ ուղղուեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի մօտ` քննարկելու նոյն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ շեշտեց, որ խորհրդակցութիւններէն եւ հաղորդակցութիւններէն ետք պէտք է անցնիլ գործնական հանգրուանին, որովհետեւ երկրին վիճակը ահաւոր է եւ աղբի տագնապը` անհանդուրժելի:

«Աղբի հարցը ազգային հարց է եւ վաղը վերջին ժամկէտն է», ըսաւ Շեհայէպ` յոյս յայտնելով, որ մինչեւ վաղը (այսօր) կարելի պիտի ըլլայ լուծել աղբի տագնապը:

Իր կարգին, Ապու Սաապ շեշտեց, որ երկրին մէջ լիբանանցիները ամէն բան կը բաժնեկցին` աւելցնելով, որ աղբի տագնապի լուծման ծրագիրին մէջ կատարուած բարեփոխումները պէտք է գործադրուին:

«Մենք կ՛ուզենք աղբի տագնապին ամբողջական լուծում մը, որ կը ներառէ վնասուած բոլոր կողմերը», ըսաւ ան:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Շեհայէպ վերադարձաւ վարչապետարան, դարձեալ հանդիպելու Սալամի հետ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Վարչապետարան հասնելու պահուն հարցումի մը պատասխանելով Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ «երկրին աղբի տագնապը լուծելու համար կարիքը ունինք քաղաքական համախոհութեան»:

Նշենք նաեւ, որ նախքան աղբի տագնապի լուծման հեռանկարները քննարկելու երեկոյեան նիստը, նախարար Էլիաս Ապու Սաապ այցելած էր վարչապետ Սալամի, որուն հետ քննարկած էր երկրին իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանէն մեկնումի պահուն ան յայտնած էր, որ աղբի հարցի լուծման ծրագիրին վրայ արձանագրուած բարեփոխումները ետքայլ կը նկատուին:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին նիստը վերջ գտաւ եւ նախարարները հեռացան վարչապետարանէն` առանց շօշափելի արդիւնքի մը յանգելու աղբերու տագնապին լուծման հարցով, սակայն այսուամենայնիւ ճիգերը պիտի շարունակուէին մինչեւ ճշդուած 48 ժամուան պայմանաժամին աւարտը:

 

Նախորդը

Բողոքելով Աղբերու Տագնապին Հարցով Կառավարութեան Անտարբեր Կեցուածքին Դէմ` Քաղաքացիական Շարժումը Սպիտակ Զգեստներով Եւ Մոմերով Քայլարշաւ Մը Կատարեց

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Դարձեալ Կողմերը Նոյն Նժարին Վրայ Դնող Յայտարարութիւն Հրապարակած Են

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.