Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Լիբանան հրաւիրուած է Սուրիոյ տագնապին վերաբերող Վիեննայի խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2015-ին` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ:
Զախարովա յայտնեց, որ այդ խորհրդաժողովին հրաւիրուած են նաեւ Իրան, Եգիպտոս, Իրաք եւ Լիբանան:
Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ Վիեննայի խորհրդաժողովին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հունգարացի իր պաշտօնակիցին` Փիթըր Զայճարթոյի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Եւրոպայի կողմէ տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւնները անբաւարար են, որովհետեւ անոնք չեն կրնար լուծել սուրիացի գաղթականներուն հարցը:
Ան եւրոպական պետութիւններէն խնդրեց իսկական աջակցութիւն, այնպէս, ինչպէս Թուրքիոյ տրամադրուած էր:
Պասիլ պահանջեց նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնել եւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը լուծել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու գոյութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան վրայ:
Իր կարգին Զայճարթօ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան դիմագրաւած ամէնէն լուրջ հարցը սուրիացի գաղթականներուն հարցն է` աւելցնելով, որ Հունգարիա երեք միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ Լիբանանի եւ Յորդանանի: