Երրորդ օրն ըլլալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ իր քրոջ` Մարիամ Պըրրիի մահուան առիթով: Ցաւակցութեան համար Այն Թինէ փութացած էին պետական, պաշտօնական, հոգեւոր, կուսակցական, զինուորական անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ:
Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւս նախապէս այցելած էր ցաւակցութեան համար` հայ հոգեւոր, պաշտօնական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններու կողքին: