Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մերժենք Սուրիացի Գաղթականներու Լիբանան Բնակեցումը» Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ

December 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_121715

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց յատուկ հանդիսութեան, ուր բացումը կատարուեցաւ սուրիացի գաղթականներու տագնապի լուծման ընդառաջ 2016-ի ծրագիրին: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Սալամ յիշեցուց տարի մը առաջ այս հարցի դիմակալման գծով սկսած 2015-ի ծրագիրը եւ այս գծով որդեգրուած քայլերն ու միջոցառումները: Ան հակիրճ ակնարկով նշեց ցարդ արձանագրուած քայլերն ու ձեռք բերուած իրագործումները` սուրիացի գաղթականներու Լիբանանի մէջ տեղակայման ու հոգատարութեան գծով: Ան յայտնեց, որ Լիբանան իր կարելին ըրաւ եւ պիտի շարունակէ ընել թեթեւցնելու համար անոնց բեռը: Սալամ շեշտեց, որ այս բոլորը ժամանակաւոր բնոյթ ունին եւ թէ սուրիացի գաղթականները անպայման պիտի վերադառնան իրենց տուները: Ան կտրուկ կերպով մերժեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան բնակեցումը:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, որ ընդգծեց, թէ սուրիացիք ֆիզիքապէս հոս են, իսկ հոգւով` իրենց հայրենիքին` Սուրիոյ մէջ, եւ թէ օր մը անոնք անպայման պիտի վերադառնան իրենց տուները:

Այս հանդիսութեան, ուր ներկայ էին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ, խօսք առաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, որ յայտնեց, թէ այս հարցով Լիբանանին ցարդ յատկացուած է 3.3 միլիոն տոլար, որ հաւասարակշռուած ձեւով օգտագործուած է գաղթականներու կարիքներուն համար:

Ձեռնարկին իր ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը ըսաւ նաեւ ՄԱԿ-ի աշխատանքներու համակարգող Ֆիլիփ Լազարինի:

Նախորդը

Նախկին Երեսփոխան Հասան Եաագուպ` Արգելափակուա՞ծ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Շալքէ – Հոֆընհայմ Եւ Նիս – Մոնփելիէ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.