Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնական Օրերու Խանդավառութեան Ակնկալութեամբ. Լիբանանցիներու Հարցադրումները Կը Ճիւղաւորուին

December 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ham_121615

Լիբանան երէկ դարձեալ կորսնցուց նախագահի ընտրութեան առիթ մը, որուն գծով իշխանութեան պատկան կողմեր (երեսփոխաններ, կուսակցական ներկայացուցիչներ… ) ընտրական, քաղաքական, ներքին թէ արտաքին այլազան հիմնաւորումներով բացատրեցին իրենց կեցուածքը: Ասիկա նաեւ ընդվզում եւ ափսոսանք յառաջացուց լիբանանեան նոյնքան յանձնառու եւ մտահոգ կողմերու, մարմիններու մօտ: Այս իմաստով մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց եւ իր պոռթկումը արտայայտեց` ընդգծելով, որ «ոչ ոք իրաւունք ունի «խաղալու» երկրի ճակատագիրին հետ եւ խանգարելու ամէն բան»: «Պէտք է յարգել սահմանադրութիւնն ու կիրարկել զայն», շեշտեց ան:

Նմանապէս, այլ անձնաւորութիւններ եւս իրենց վրդովումը արտայայտեցին երկրի այլ հարցերու դասաւորման արգելակումը վերագրելով նախագահի բացակայութեան: Սակայն այս բոլորին մէջ ամէնէն աւելի մտահոգ է օրը-օրին օրապահիկը ճարող լիբանանցիներու մեծ զանգուած մը, որ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան մէջ յոյսի նոր նշոյլ մը կը նկատէ` մաղթելով, որ ատիկա կրնայ բարելաւել երկրին ոչ նախանձելի վիճակը: Այն մտավախութիւնը, թէ քաղաքական հարցերու բարդացումը (որոնց ամէնէն կարեւորը` նախագահի բացակայութիւնը) կրնայ իր տնտեսական ու մանաւանդ ապահովական ժխտական անդրադարձները ունենալ երկրին առօրեային վրայ, առաւել եւս կը շեշտէ ու կը ճիւղաւորէ անոնց հարցադրումները:

Անոնց յոռետես այս կեցուածքները կը մեկնին Լիբանանի գծով կարգ մը դեսպանատուներու իրենց քաղաքացիներուն ուղղած զգուշացումներէն: Նմանապէս` անոնց մտավախութիւնը կը մեկնի որոշ վերլուծումներէ եւ մեկնաբանութեանց դրսեւորումներէ, որոնց նորագոյնը, օրինակ` եւրոպացի դիւանագէտի մը այն «խոստովանութիւն»-ն է, թէ ` «ձեր տագնապը տակաւին երկար է»: Դիւանագէտը իր կարծիքը կը հիմնաւորէր այն համոզումով, թէ լիբանանեան հարցերու լուծումն ու կարգաւորումը կախեալ են շրջանային իրադրութեանց զարգացումի հոլովոյթէն ու այս գծով միջազգային գերուժերու տրամադրութենէն կամ կեցուածքներէն: Միւս կողմէ, սակայն, այլ աղբիւրներ կը փորձեն աւելի իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերել եւ նշեալ զգուշացումները կը վերագրեն պարզապէս կարգ մը կողմերու հասցէագրուած «ճնշումի միջոցներու»: Անոնք լաւատեսութիւն կը յայտնեն հարցերու մօտալուտ դասաւորման գծով`  յիշեցնելով, որ Լիբանան աւելի դառն ու դժուար պայմաններ դիմակալեց ու յաջողեցաւ գոյատեւել, ներկայիս ալ պիտի շարունակէ վճռակամօրէն յաղթահարել խոչընդոտները եւ յանգիլ բարւոք լուծման:

Յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան այս մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք կը պատրաստուին դիմաւորել տօնական օրերը` «իրենք իրենց իւղով տապկուելու» համոզումով:

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստը` 7 Յունուարին

Յաջորդը

Տինքի Սպանութեան Հարցով Դատ Պիտի Բացուի Թուրք Նախկին Պաշտօնատարներու Դէմ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.