Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան 33-րդ Նիստը` Վեթոյի Եւ Սպիտակ Ծուխի Սպասման Միջեւ

Դեկտեմբեր 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցիներու, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու  հայեացքները սեւեռած են այսօր տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան 33-րդ նիստի արդիւնքներուն վրայ` քաջ գիտնալով, որ այս անգամ եւս ի զուր պիտի սպասեն «սպիտակ  ծուխ»-ին: Արդարեւ, հակառակ կարգ մը շրջանակներու մօտ տիրած սկզբնական խանդավառութեան, պատկան կողմեր սկսած են անդրադառնալ, թէ նման առաջադրանք տակաւին որոշ հասունացման կը կարօտի:

21915_rayi10

Այս իմաստով ուշագրաւ է, օրինակ` վարչապետ Թամմամ Սալամի «խոստովանութիւնը», թէ որոշ խոչընդոտներ կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան հեզասահ ընթացքը: Նոյն ծիրին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ իր կարգին «խոստովանեցաւ», թէ այս անգամ եւս ընտրութեան հարցը կարծուածին կամ ակնկալուածին չափ հեզասահ չէ: Ան իր ցասումն ու ընդվզումը արտայայտեց` յայտնելով, թէ կ՛ամչնայ, երբ հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ տակաւին նախագահ չունինք:

Այլ խօսքով, ցարդ բոլոր կողմերուն յարգանքն ու համակրանքը վայելող` Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան հաւանականութեան արծարծումը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ սխալ պահու սխալ ընտրանք նկատուեցաւ, որուն գծով «քողարկուած վեթոները» հետզհետէ սկսան բացայայտուիլ` այլազան պիտակներով ու պատրուակներով ծածկուած: Փաստօրէն, երկար ատենէ ի վեր ձգձգուող այս թղթածրարը քաղաքական խորհրդակցութեանց եւ լիբանանցիներու հետաքրքրութեան առաջնակարգ նիւթ դարձաւ` տրուած ըլլալով, որ պարզապէս թեկնածուի անունին արծարծումն իսկ որոշ շփոթ յառաջացուց քաղաքական նոյնիսկ համակիր կողմերուն միջեւ: Այլ խօսքով, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անունը ինքնին որոշ հարցականներ դրաւ յատկապէս քրիստոնեայ կարեւոր խմբակի մը համակիրներուն մօտ, որոնց հետ թէեւ անցեալին, բայց պատմական կարեւորութեամբ արիւնալի յիշատակներ կան:

Aoun_Gegea_121515

Այս իմաստով պէտք է ըմբռնել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներուն մօտ տիրող այն համոզումը, թէ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը նախընտրէ իր երբեմնի «թշնամի»-ին` զօր. Միշել Աունի անունը առաջարկել իբրեւ թեկնածու, քան ընդառաջել Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան գաղափարին: Այս ծիրին մէջ քուլիսային սերտ ճիգերը կը շարունակուին միջին եզր մը գտնելու եւ համոզելու համար տարակարծիք կողմերը համախոհութեան գալու Ֆրենժիէի թեկնածութեան գծով, ինչպէս կը հաստատեն Մարտ 14-ի յատկապէս նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ:

Alain-Aoun_121515

Միւս կողմէ, Մարտ 8-ի աղբիւրներ առանց կտրուկ կերպով մերժելու Ֆրենժիէի անունը` կ՛առաջադրեն հասարակաց թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան գոյացման անհրաժեշտութիւնը: «Թող բոլոր կողմերը համաձայնին  առաջադրուող թեկնածուի անուան շուրջ ու մենք առաջինը կ՛ըլլանք, որ ժողովասրահ կը ներկայանանք ընտրութեան համար», այս գծով հաստատեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն: Ըստ մեկնաբաններու, այս կեցուածքը կը դրսեւորէ այն համոզումը, թէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը փոխարինող այլընտրանքներ չկան, կամ` երկրորդ եւ երրորդ ընտրանքներ չկան:

Այսուհանդերձ, Ֆրենժիէի թեկնածութեան հաւանականութեան արծարծումը ինքնին, անկախ անոր ստեղծած քաղաքական «տաղտուկ»-էն, պարզեց որոշ երեւոյթներ: Փաստօրէն, հակառակ ցուցաբերուող ակնյայտ թէ քողարկուած դժկամութեան, առաջադրուող թեկնածու երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ տակաւին կը պնդէ, թէ ինք պատրաստ է յետս կոչելու իր «թեկնածութիւնը», եթէ համոզուի, թէ զօր. Աունի յաջողութեան յոյսերը աւելի գերակշիռ են: Երեւոյթ մը, որ բարոյական պարկեշտութիւն կը ցոլացնէ քաղաքական յարափոփոխ երեւոյթներու խճանկարին մէջ: Նմանապէս` զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան կառչած մնալու եւ անոր զօրավիգ կանգնելու Հըզպալլայի կեցուածքը եւս շատ բան կը փոխանցէ, յատկապէս երբ քաղաքական նմանօրինակ պարագաներու, սկզբնական թեկնածուներու անունները պարզապէս «այրելու» համար  հրապարակ կը նետուին, ինչպէս ծանօթ է քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Մինչդեռ Հըզպալլա տակաւին կառչած մնալով զօր. Աունի թեկնածութեան ընտրանքին, «կը ջրէ» անոր թեկնածութիւնը «այրելու» միտող հաւանականութիւնը:

Ճիշդ է, որ այսօրուան նիստին շատ հաւանաբար ձեռնունայն մեկնին ընտրութեան զօրավիգ երեսփոխանները, սակայն այս թղթածրարը այլեւս իր «շոգեկառքի ճամբուն» լծուած է ու ետդարձ չկայ եւ ճիգերը պիտի շարունակուին եթէ ոչ տարեվերջին, գէթ տարեսկիզբին դրական արդիւնքներու յանգելու ակնկալութեամբ:

Նախորդը

Երրորդ Օրն Ըլլալով` Խորհրդարանի Նախագահը Շարունակեց Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ Իր Քրոջ Մահուան Առիթով

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան Մասնակցած Է Զոհուած Զինուորին Յուղարկաւորութեան

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?