Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ժամանակն է, որ իշխանութիւնն ու անոր միջազգային գործընկերները տագնապի կառավարումէն (սուրիացի) տեղահանուածներուն իրենց հայրենիք վերադարձի ճամբով դէպի գործնական լուծում անցնին, մանաւանդ որ Սուրիան վերագտաւ իր համեմատական կայունութիւնը»:
Ազգային ազատ հոսանքը իշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատարութեան կոչ ուղղեց` վերագնահատելու աջակցութեան ու հսկողութեան մեքանիզմները եւ դադրեցնելու որեւէ վարմունք, որ կը վնասէ կենսոլորտին կամ կ՛ամրագրէ տեղահանուածներուն պահպանումը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երեսփոխանական պլոքները պատասխանատու նկատեց իր ներկայացուցած ներգաղթի կանոններու որդեգրման տատամսման համար:
«Լիբանանի փրկութիւնը կը սկսի քաջարի որոշումով մը, որ կը վերականգնէ մարդու արժանապատուութեան եւ հայրենիքի գոյատեւման իրաւունքին միջեւ հաւասարակշռութիւնը», եզրափակեց հոսանքը: