Երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու 15 յուլիսին յետաձգումը պիտի պահանջէ, արտերկրի լիբանանցիներուն արտօնելու համար Լիբանան գտնուելնուն ընթացքին քուէարկելու:
Ան նշեց, որ այս առաջարկը պիտի ներկայացնէ քաղաքական կարգաւորման մը ծիրին մէջ, որ քուլիսներուն ետին կը պատրաստուի: