Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին պիտի փոխանցէ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի 10-ամեակին պատգամը, այդ առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին: Դիմադրութեան յաղթանակին նուիրուած ձեռնարկը պիտի կատարուի Պընթ Ժպէյլի մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ իսլամական երկիրներուն պետերը պէտք է իրարու միջեւ երկխօսութիւն կատարեն, որպէսզի կարենան փրկել իրենց ժողովուրդները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի, Հասպայայի, Շեպաայի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մարտիկները ռմբակոծեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերն ու խրամատները:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ ինք տակաւին մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ` աւելցնելով, որ Արսալի մէջ տիրող պայմանները տանելի են:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը որոշումի հոսանք է եւ ոչ թէ խորհրդակցութեան` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ կրնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան կառչած չմնալ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ ինքնաշարժի մեքանիքի քննութեան հարցը լիբանանեան պետութեան փտածութեան բացայայտ գայթակղութիւններէն մէկն է եւ ոչ ոք հաշուետուութեան կը կանչէ այդ թղթածրարին պատասխանատուները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ մշակութային եւ գիւղական զբօսաշրջութիւնը Անֆէի մէջ աշխուժ կերպով առկայ է: Ան նշեց, որ ծովեզերեայ Անֆէ շրջանին մօտակայքը գտնուող ջուրերուն տակ հնութիւններ գոյութիւն ունին: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ երկրին դիմագրաւած աղբի տագնապը աւելի ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է երկրին զբօսաշրջութեան մարզին վրայ, քան` քաղաքական տագնապը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ երբեք կարելի չէ նախագահական աթոռը թափուր պահել եւ ազգային երկխօսութեան ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերը սառեցնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանան կը տառապի փտածութենէ, իսկ նախագահական ընտրութիւնը կ՛երաշխաւորէ հարցերուն լուծումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ իրենք քաղաքապետարաններէն չեն պահանջեր ապօրինի քայլերու դիմել, այլ կը փափաքին, որ անոնք յանձնառու մնան լիբանանեան օրէնքին գործադրութեան: Սէյիտ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրենց համար ներկայիս Հալէպի ճակատամարտը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումները ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա իր ընթացքէն ոչինչ փոխած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան սկզբունքը անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ հիմք` լիբանանեան վարչակարգի գոյատեւման:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ ընդգծեց մշակութային եւ օրէնսդրական աշխատանքը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` ամրապնդելու համար լիբանանցի կնոջ պաշտպանութիւնը: Քէյրուզ խստիւ դատապարտեց Մայմունա Ահմետ Ապուլայլէի սպանութիւնը` ձեռամբ իր ամուսնոյն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ երբ կը խօսին հանրապետութեան նախագահին մասին, ապա իրենք կ՛անդրադառնան համայնքներուն միջեւ հաւասարակշռութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ամբողջովին կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ծերակոյտի կազմութիւնը հիմնական անցք մը կը նկատուի դէպի ընտրական արդի օրէնքի մշակում:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ ինք պիտի պատրաստէ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի  պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հրամանագիրը եւ զայն ներկայացնէ կառավարութեան գումարելիք 22 օգոստոս 2016-ի նիստին:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան կառչած կը մնայ Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, անհաւանական է, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, որ եթէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին, ապա ինք 16 երեսփոխան հաշուող պլոք մը կրնայ ունենալ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի պատասխանատուներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, այնքան ատեն որ ան նախագահական ընտրութեան թեկնածու է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Մարիօ Աուն հաստատած է, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

 

Նախորդը

«Իրանի Հետ Սուրիոյ Շուրջ Առաւել Եւս Պիտի Գործակցինք» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Կատարուի Իրանի Արտօնութեամբ» Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.