ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը այսօր կէսօրուան ժամը 1:00-ին պիտի գումարէ ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել իր որդեգրելիք մագլցողական քայլերուն մանրամասնութիւնները: Խորհուրդը հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը երկրին ընկերային հարցերուն լուծումներ չունի, եւ անհրաժեշտ է մագլցողական քայլեր որդեգրել` ներկայացնելու համար արդար պահանջները:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրարու հետ բախումներ ունեցան, երբ հացադուլի դիմած իրենց ընկերը վերադարձաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ կոչ ուղղեց սարակներուն վերստին գործադուլի դիմելու: Բախումները աւարտեցան ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը Մազարեհ Շեպաայի հիւսիսային բաժինին մէջ սկսած են փորել եւ պատրաստել զինուորական ճամբայ մը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին արտասանած իր ճառով ՏԱՀԵՇ-ի հետ հաշտութիւն կնքելէ շատ աւելի լուրջ քայլ մը առած է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Մարուան Համատէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն խնդրեց ուղղուիլ խորհրդարան եւ մասնակցիլ ժողովրդավարական մրցակցութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նոր վարչապետը ճշդելու իմաստով ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառէն ետք նախագահական ընտրութեան լուրջ առիթ մը գոյութիւն ունի: Ան հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին իրանեան-սէուտական լուրջ երկխօսութիւն մը սկսի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով իր լաւատեսութիւնը հիմնած է քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններուն վրայ: Ան շեշտեց, որ 5 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին գծով լուրջ պատրաստութիւններ կան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յոյս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի թեկնածութեան մասին Սէուտական Արաբիա ժխտական կեցուածք չցուցաբերէ:
ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր այցելեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուիի եւ շնորհաւորեց զայն` յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պաալպեք – Հերմելի կարիքները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մերժողական կեցուածքը զօր. Ժան Քահուաժիի անձին դէմ որդեգրուած կեցուածք մը չէ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ վարչապետի պաշտօնին մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած խօսքը դրական է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը ցաւակցութիւն յայտնեց Նիս քաղաքին մէջ արձանագրուած զոհերուն ընտանիքներուն` շեշտելով, որ Ֆրանսա կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Միշել Սլէյման ողջունեց Արսալն ու անոր բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ծերակոյտ մը հիմնելու որոշումը անհրաժեշտութիւն է, սակայն այդ մասին կարելի չէ խորհրդակցիլ կամ քննարկումներ կատարել քաղաքական տագնապի շրջագիծին մէջ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքէն հրաժարիլը ազգային իրաւացի պահանջ է:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններէն ետք, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ սէուտական բացայայտ զօրակցութիւն պէտք է ապահովէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակը Լիբանանի պատմութեան մէջ խաղաղութեան նոր ժամանակաշրջան մը ստեղծած է, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի նկատմամբ Դիմադրութեան յաւելեալ զօրութիւնը հաստատած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնը ՄԱԿ-ի բոլոր օրէնքներուն դէմ գործուած խախտում մըն է:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը ինքնին նախաձեռնութիւն մըն է, որուն մասին կ՛արժէ մտածել:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի սահմաններուն վրայ կը տիրէ կայուն իրավիճակ: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ կը տիրէ խաղաղ մթնոլորտ: