Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ. Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարին Ձգձգումը Այլեւս Անհասկնալի Է

August 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

havadarmutyun_81116

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստէն ետք պլոքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ յայտնեց, թէ Ազգային երկխօսութեան նիստը կը շարունակուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պատասխանատուութեամբ` աւելցնելով, որ այդ նիստերը վստահութիւն եւ յոյս կը ներշնչեն լիբանանցիներուն` Լիբանանը կայուն ընթացքի մէջ զետեղելու առումով:

Ֆատլալլա նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը կը մնայ հիմնական ելք մը ապահովելու քաղաքական լուծումները, որոնք կը վերաբերին նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական օրէնքի մշակման:

«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կը մաղթէ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը յանգին այնպիսի համաձայնութեան մը, որ վերջ մը դնէ նախագահական թափուր աթոռի դրութեան` առիթ տալով սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին աշխուժացման», ըսաւ Ֆատլալլա` ցաւ յայտնելով ոմանց կատարած այն յայտարարութիւններուն համար, որոնք սադրանքներ կը նախապատրաստեն:

Ֆատլալլա հաստատեց, որ պլոքին համար այլեւս անհասկնալի է ապօրինի համացանցին թղթածրարին քննարկման ձգձգումը` կոչ ուղղելով դատական իշխանութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ այս հարցով վճռական ըլլալու:

Պլոքը դրուատեց ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին ու անոր գաղտնի սպասարկութեան գործելաձեւը` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց մղած պայքարը` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Դրուատեց Բանակին Տրամադրուած Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Դեսպան Մկրտչեանի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.