Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներ այցելող ոեւէ լիբանանցի ղեկավար կամ պատասխանատու ճիգ պիտի չխնայէ այդ երկիրներուն եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները վերադարձնելու նոյն հեզասահութեան:
Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ իրենք Ծոցի երկիրներու պատասխանատուներուն պիտի փոխանցեն, որ Լիբանան հիւրընկալ երկիր է եւ կը սպասէ արաբ զբօսաշրջիկներուն:
Պատասխանելով հարցումի մը` նախարար Կիտանեան ըսաւ. «Օդանաւային տոմսերու բարձր սակերու հարցը լուծելու առումով աշխատանք պիտի տարուի»: