Վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի բարձր գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` շեշտելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
«Կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին զօրակցելու առումով ոչինչ պիտի խնայէ, որպէսզի բանակը լաւագոյնս կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը», շեշտեց Հարիրի: