Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ կառավարութեան համար 2017-ի պետական պիւտճէի եւ ընտրական օրէնքի վաւերացումը առաջնահերթութիւններ են:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ առողջապահութեան նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի սկսած դրական աշխատանքը` շեշտելով, որ իշխանութիւնը հետեւողականութիւն է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծումը զուտ լիբանանեան էր:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ իրենք փտածութեան դէմ պայքարին առումով լուրջ աշխատանք պիտի տանին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք, կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ստանալու համար նաեւ լիբանանցիներուն վստահութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ճիգ պիտի չխնայեն ընտրական միացեալ նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ միակ ընդդիմադիր քաղաքական ուժը Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն է: Ան մաղթեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակուի` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը խորհրդարանին ներկայացուցած է անհատական ընտրաշրջանի դրութեան հիմամբ ընտրական օրինագիծ մը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի մաղթեց, որ կառավարութիւնը պէտք է մշակէ ընտրական օրէնք մը, որ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը միայն իբրեւ պատկեր ներկայ է, որովհետեւ իսկական իշխանութիւնը Իրանին ենթակայ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար մաղթեց, որ մշակուի ընտրական նոր օրէնք մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի մշակումը անտրամաբանական է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական պատասխանատուներէն մէկը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին առկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ` կարգ մը բարեփոխումներ կատարելով այդ օրէնքին մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի գոհունակութիւն յայտնեց քաղաքական իր ընտրանքներուն չհամապատասխանող կառավարութեան մը, որովհետեւ ան քաջ գիտէր, թէ իր պայքարը ձախող դուրս պիտի գայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Այն գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած պայթումին պատճառը ձեռնառումբն է:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կը պատրաստուին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ հանդիպումներ ունենալու:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր նիստերուն պիտի վերսկսի յառաջիկայ չորեքշաբթի, 4 յունուար 2017-ին, նախագահական պալատին մէջ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին մշակումը տակաւին վերջնական չէ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը շարք մը այլ թղթածրարներու լուծման բանալին է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով կարգ մը քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը ժխտական ազդեցութիւն պիտի չկրէ` ո՛չ համամասնական եւ ո՛չ ալ խառն դրութեամբ ընտրական օրէնքի մը գոյութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն վրայ հիմնուած խառն ընտրական օրէնքը ուսումնասիրութեան առարկայ է:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է զօրակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարող բոլոր ուժերուն:

Նախորդը

Ռուս 35 Դիւանագէտներ Միացեալ Նահանգներէն Վտարելու Հարց Փութին Մերժեց Ամերիկացի 35 Դիւանագէտ Վտարելու Լաւրովի Առաջարկը

Յաջորդը

Մաշնուք Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն Ենթարկուելու Նոր Տարուան Գիշերը Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?