Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 20, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պրազիլի դեսպան Թարսիսիօ Քոսթա հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յանձնեց Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվայի նամակը, որ կը պարունակէր «երկու երկիրներուն միջեւ պատմական գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով» Պրազիլ այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Մարտին խորհրդարանական ընտրութիւններուն կամ այլ հարցով օրէնսդրական նիստ գումարելու մասին խօսակցութիւններն ու նախատեսումները սխալ են եւ ներկայիս շօշափելի տուեալներու վրայ չեն հիմնուիր»:

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխաններէն մէկը «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան իրենց ժամկէտին` մայիսին, եւ մթնոլորտը մինչեւ հիմա այլընտրանք մը ցոյց չի տար, հակառակ յետաձգման կամ խորհրդարանի նստաշրջանը մէկ կամ երկու տարիով երկարաձգելու մասին խօսակցութեան»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն մէկը «Տիար» օրաթերթին. «Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ժամկէտին, եւ կը բացառեմ ու կը մերժեմ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման գաղափարը: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան դիրքորոշումը ծանօթ է. կ՛ուզենք, որ արտերկրի լիբանանցիները սփիւռքի մէջ 128 երեսփոխաններու քուէարկեն»:

. «ԼԱՏԻ»-ի գործադիր տնօրէն Տիանա Պապա «Անպա» օրաթերթին. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները կանգնած են լուրջ վտանգներու առջեւ, որոնք կրնան բողոքարկման աստիճանի հասնիլ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Արտասահմանէն շիի երկեակին, Ազգային ազատ հոսանքի եւ անկախներու շարք մը թեկնածուներ յառաջիկայ օրերուն իրենց թեկնածութիւնը պիտի ներկայացնեն 16-րդ ընտրաշրջանին համար, որուն յաւելեալ վեց աթոռները յատկացուած են արտերկրի լիբանանցիներուն»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ» կը հաղորդէ, թէ շուրջ մէկ ամիս առաջ հաղորդուած է, որ Թուրքիոյ մէջ անհետացած են թրքական հողերուն վրայ բնակող Լիբանանի վեց քաղաքացիներ, որոնց ինքնութեան մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ ոչ բաւարար տուեալներ գոյութիւն ունին: Հարցը կը հետապնդուի պաշտօնական ու ապահովական բարձր մակարդակներու վրայ:

«Մուտուն» կը նշէ, որ այն, ինչ որ անորոշութիւնը եւ լիբանանեան կողմի հետաքրքրութիւնը կ՛աւելցնէ, այս հարցի զուգադիպութիւնն է լիբանանեան հողերու վրայ Լիբանանի քաղաքացիներու առեւանգման ու անհետացման կրկնուող դէպքերու:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Մինչ Իսրայէլի իշխանութիւնները կը փորձեն նուազեցնել Հարաւային Լիբանանի մէջ բնակավայրերու կառուցման գործունէութիւնն ու ծրագիրները` զանոնք կոչելով «պատրանքներ», «Ուրի Հացֆոն» կազմակերպութիւնը կը պնդէ, որ կրնայ մօտիկ ապագային իրականացնել «հրէական վերաբնակեցման» իր ծրագիրը, եւ հաստատեց, որ այս բնակավայրը պիտի իրականացուի իսրայէլեան բանակին կողմէ նախապատրաստուող զինուորական գործողութեան ընթացքին, որուն իրականացումը դարձած է անխուսափելի»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Հիւսիսային սահմանին վրայ պատրաստ վիճակի դրութիւն` Հըզպալլայի հետ մագլցումի նկատմամբ մտավախութեան պատճառով»:

Նախորդը

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ժալիլ Քանա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Յաջորդը

Խազեն. «Պահանջուածը Իսկական Բարեկարգում Է, Որ Սահմանափակ Եկամուտ Ունեցող Քաղաքացիին Բեռը Ծանրացնող Տուրքերու Յաւելման Դիմելու Վրայ Չէ Հիմնուած»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.