Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

February 19, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտնեց. «Որեւէ պետութեան գերիշխանութիւնը միայն անոր սահմաններով կամ արտաքին յարաբերութիւններով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ կապ ունի երկրին մէջ իր իշխանութեան ամրապնդման հետ»: Ան այս մասին յայտնեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Պետութեան շրջագիծէն դուրս եղող զինեալ որեւէ խմբաւորման ներկայութիւնը մերժելի է», շեշտեց ան:

Խուրի նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները կառավարութեան մաս կազմելնէն ի վեր պահանջեցին Պաշտպանութեան գերագոյն մարմինի ժողով գումարել` կարգաւորելու համար «բոլոր ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու զէնքի հարցը»:

«Այս թղթածրարին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրը այն է, որ մենք անհամբեր կը սպասենք լիբանանեան բանակին Հըզպալլայի վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններուն մէջ տեղակայման կարողութեան, սակայն կուսակցութեան պետութեան կառուցման իրապէս յանձնառու ըլլալուն պարագային պէտք է ինք նախաձեռնէ եւ իր զէնքը յանձնէ լիբանանեան պետութեան», նշեց նախարարը:

«Հըզպալլայի պաշտօնատարներուն կողմէ յայտարարուած դիրքորոշումը զէնքին յստակ կառչածութիւն ցոյց կու տայ, եւ ատիկա լիբանանցիներու մեծ զանգուածի մը կողմէ մերժելի է», նշեց ան:

«Լիբանանցիները նախանձախնդիր են լիբանանեան բանակին ու կուսակցութեան միջեւ որեւէ զինուորական ճակատումէ խուսափելու, եւ ատիկա կը պահանջէ անոր վրայ լուրջ ճնշումներ բանեցնել` զայն իր զէնքը յանձնելու մղելու համար», ըսաւ ճարտարարուեստի նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի բանակին Լիթանի գետէն հիւսիս տեղակայման, ան ըսաւ. «Բանակը մօտաւորապէս մէկ ամսուան կը կարօտի Լիթանիէն հիւսիս տեղակայման երկրորդ փուլը գնահատելու համար: Բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ կառավարութեան վերջին նիստի ընթացքին մեզի բացատրեց, որ այս տարածքի աշխարհագրական բնոյթը կը տարբերի Լիթանիէն հարաւ տեղակայումէն, եւ որ բնակչութիւնը աւելի մեծ է, ինչ որ կը պահանջէ աւելի մեծ ճշգրտութիւն եւ աւելի լայն տեղակայում:

«Այս առաքելութեան համար բանակի հասանելի անձնակազմը կը կազմէ Լիթանիէն հարաւ տեղակայուած ուժերուն շուրջ 30 առ հարիւրը, ինչ որ կը սահմանափակէ աւելի արագ կշռոյթով յառաջ շարժելու կարելիութիւնը: Ի հարկէ, այս բոլոր գործօններուն վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Հըզպալլայի կողմէ համագործակցութեան բացակայութիւնը»:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսութեան, ճարտարարուեստի նախարարը շեշտեց, որ երկրին մէջ թէ արտասահմանի մէջ գտնուող սեփական մարզը պատմականօրէն լիբանանեան տնտեսութեան աճին ու բարգաւաճման շարժիչ ուժը եղած է, սակայն այսօր գոյութիւն ունեցող տատամսումին պատճառը հիմնականին մէջ զէնքը պետութեան մենաշնորհը չըլլալն ու անոր օրինական ծիրէն դուրս միլիսներու եւ զինեալ խմբաւորումներու գոյութիւնն է, ինչ որ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ վստահութեան, ներդրումին եւ տնտեսական զարթօնքի առիթներուն վրայ:

«Բարեկարգումները, որոնց գործադրութիւնը արտաքին ֆինանսաւորում կը պահանջէ, պիտի չկատարուին, այնքան ատեն որ զէնքը պետութեան ծիրէն դուրս է», ըսաւ նախարարը:

Խուրի յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուները տէր կանգնին իրենց ազգային պատասխանատուութիւններուն եւ զէնքը լիբանանեան բանակին յանձնելու կը նախաձեռնեն, «ինչ որ կայունութեան ու բարեկարգումի նոր փուլի դուռը կը բանայ»:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է  Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը  Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»
Լիբանանեան

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

February 19, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.