Լիբանանեան

Հաղորդագրութիւն

«Մայատին»-ի Լրագրող Ֆաթմէ Ֆթունի Եւ «Մանար»-ի Լրագրող Ալի Շհէյպ Իսրայէլեան Յարձակումի Զոհ

Իսրայէլ նախանցեալ օր Ժեզզինի ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը` պատճառելով չորս զոհեր, որոնցմէ երկուքը լրագրողներ էին: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ իր լրագրողներէն Ֆաթմէ Ֆթունի հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումի զոհ գացած է: «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յայտարարեց, թէ իր լրագրողներէն Ալի Շհէյպ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումի զոհ գացած է: Նախագահ Ժոզեֆ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի...

Քալըն. «Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցողին Նպատակը  Կրնայ 1974-ին Կոլանի Մէջ Տեղի Ունեցածին  Նմանող Իրողութեան Պարտադրումը Ըլլալ»

Քալըն. «Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցողին Նպատակը Կրնայ 1974-ին Կոլանի Մէջ Տեղի Ունեցածին Նմանող Իրողութեան Պարտադրումը Ըլլալ»

Թրքական հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ներկայ պատերազմը կրնայ շրջանի ժողովուրդներուն` թուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներուն եւ պարսիկներուն միջեւ երկարատեւ պատերազմ յառաջացնել: Ան նշեց, որ նպատակը միայն Իրանի հիւլէական ծրագիրով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ կ՛ընդգրկէ մինչեւ տասնամեակներ տեւող հակամարտութիւններու ստեղծում: Քալըն յայտնեց, որ Թուրքիան զգօն է եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ քաոսի եւ հակամարտութիւններու տարածումը կանխարգիլելու համար, սակայն նշած է, որ...

Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութեան Գծով.  Դոկտ. Պայրագտարեանի Հաղորդագրութիւնը

Պայրագտարեան Կը Գուժէ «Ռիսալա» Սկաուտական Միութեան Շտապօգնութեան Վեց Անդամներուն Մահը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան գուժեց մահը «Ռիսալա Իսլամիա» սկաուտական միութեան շտապօգնութեան վեց անդամներուն, որոնք շաբաթ եւ կիրակի օր նահատակուեցան: Պայրագտարեան յայտնեց. «Շտապօգնութիւն կատարողները դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորելը կը հակասէ բոլոր անգիր օրէնքները, ուխտերն ու միջազգային օրէնքները, մանաւանդ որ անոնք իրենց կամաւոր աշխատանքը կը կատարեն ծառայելու համար մարդուն ու հայրենիքին, եւ պէտք է վայելեն անձեռնմխելիութիւն, որուն ուշադրութիւն չ՛ընծայեր իսրայէլացի...

Ժահժահ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  5 Եւ 7 Օգոստոսին, Մինչեւ Իսկ 2 Մարտ 2026-ին  Յանդուգն Որոշումներ Որդեգրեց»

Ժահժահ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը 5 Եւ 7 Օգոստոսին, Մինչեւ Իսկ 2 Մարտ 2026-ին Յանդուգն Որոշումներ Որդեգրեց»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ օր Մեհրապի մէջ «Ազգային հանդիպում»-ի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Քառասուն տարիէ ի վերջ եւ մինչեւ այսօր ամէն ինչ ըրինք, որպէսզի Լիբանանը զերծ կացուցենք այսօր անոր դիմագրաւածէն»: «Ցոյց կատարեցինք, պահանջեցինք, բանտարկուեցանք եւ շարք մը նահատակներ տուինք, Ռաֆիք Հարիրիէն մինչեւ Լուքման Սլիմ, սակայն անոնք երկիրը ներկայ իրավիճակին մատնելու վրայ պնդեցին», նշեց ան: «Լիբանանեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթի հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Իրանի դեսպանի վտարման որոշումէն ետդարձ կատարելու որեւէ ցուցանիշ գոյութիւն չունի»: Ան թերագնահատած է շիի երկեակի նախարարներու պոյքոթի կամ հրաժարականի ազդեցութիւնը կառավարութեան վրայ` նշելով, որ 2006 թուականին Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան ժամանակ նախադէպ ստեղծուած էր, երբ անոնց նախարարները հրաժարական տուին, եւ կառավարութիւնը շարունակեց առանց անոնց գործել: . ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան...

Պենեթ. «Որեւէ Տեղ՝ Ո՛չ Լիբանանի Մէջ, Ո՛չ Կազայի Մէջ Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն»

Պենեթ. «Որեւէ Տեղ՝ Ո՛չ Լիբանանի Մէջ, Ո՛չ Կազայի Մէջ Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն»

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Նեթանիահուն` նշելով. «Իսրայէլ յաղթելը կ՛ատէ: Որեւէ տեղ՝ ո՛չ Լիբանանի մէջ, ո՛չ Կազայի մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրեն» «Իրանի մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրե՞ն», հարց տուաւ Պենեթ: Ամերիկեան «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները «ներխուժում» որակեց: Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը Հըզպալլան չզինաթափէ, մենք այդ մէկը պիտի կատարենք»: Հըզպալլա...

Լիբանան Իր Այցելութեան Արդիւնքը  Ներկայացնելով Ռուպիոյին`  Ապտելաթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Մագլցումը  Անմիջապէս Դադրեցնելու»

Լիբանան Իր Այցելութեան Արդիւնքը Ներկայացնելով Ռուպիոյին` Ապտելաթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Մագլցումը Անմիջապէս Դադրեցնելու»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծուած են Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան աջակցութեան եւ ամրապնդման կարելիութիւնները: Անոնք նաեւ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են շրջանին մէջ կացութեան վերջին զարգացումներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած...

Հեգնելով Իրանի Դեսպանը Վտարելու Որոշումը`  Ռաատ. «Չէզոքութեան Հայեցակարգի  Լիբանանեան Մեկնաբանութիւններէն Մէկը»

Հեգնելով Իրանի Դեսպանը Վտարելու Որոշումը` Ռաատ. «Չէզոքութեան Հայեցակարգի Լիբանանեան Մեկնաբանութիւններէն Մէկը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ բազմազանութիւնը Լիբանանի յատկութիւններէն մէկն է, եւ որ իմամ Մուսա Սատըրը ատենօք զայն ազգային հարստութիւն նկատած է: Ան նշեց, որ պառակտումը յստակ կ՛երեւի օտար երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ մօտեցումներուն մէջ, «որովհետեւ ոմանց կարծիքով` ամերիկեան ցուցմունքներուն բաւարարումը գերիշխանութիւնը կը պաշտպանէ, մինչ ուրիշներ այդ մէկը զայն...

Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Սալիպան

Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Սալիպան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց երեսփոխան Նաժաթ Աուն - Սալիպան եւ անոր հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնն ու ընդհանուր հարցեր: Նախարարը ներկայացուց ներկայ կացութեան ազդեցութիւնը նախարարութեան աշխատանքին վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայ կառավարութեան շրջանին իրագործուած ձեռքբերումները եւ այն ծրագիրները, զորս գործադրեց եւ մտադիր է գործադրել անմիջապէս, որ կացութիւնը կայունանայ եւ պատերազմը աւարտի:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ Լիբանանը պաշտպանելու իր առաջարկի փաստաթուղթը յանձնեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքին: . 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 50000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.364.000 լ.ո.-ի եւ 2.405.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 101.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.295.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազինը` 28000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.868.000 լ.ո.-ի: . ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռիմա Քարամէ յայտարարեց. «Կաթողիկէներուն համար...

Եգիպտոս Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու  Եւ Ֆրանսայի Հետ Կը Հաղորդակցի Մագլցումի  Թուլացման Եւ Իսրայէլեան Ներթափանցման  Դադրեցման Համար

Եգիպտոս Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Հետ Կը Հաղորդակցի Մագլցումի Թուլացման Եւ Իսրայէլեան Ներթափանցման Դադրեցման Համար

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկ այցելեց Լիբանան: Ան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ տեսակցելէ ետք յայտնեց. «Եգիպտոս պատրաստ է ընդառաջելու Լիբանանի մէջ եղբայրներուն խնդրանքներուն եւ լիարժէք քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելու: Մեր հաղորդակցութիւնները կը յատկացնենք մագլցումի թուլացման, եւ ատոր համար համակարգում կը կատարենք ֆրանսացի գործընկերներու հետ»: «Հակառակ անոր, որ որոշակի ելքերու չհասանք, սակայն լաւատես ենք», նշեց Ապտելաթի:...

Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Պաշտօնատարներու Այցելութեան  Կը Սկսինք Եւ Կը Ներկայացնենք Երկխօսութեան Ճամբով  Լիբանանը Մեծ Վտանգէն Պաշտպանելու Առաջարկ Մը»

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Պաշտօնատարներու Այցելութեան Կը Սկսինք Եւ Կը Ներկայացնենք Երկխօսութեան Ճամբով Լիբանանը Մեծ Վտանգէն Պաշտպանելու Առաջարկ Մը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: «Մենք պաշտօնատարներու այցելութեան կը սկսինք եւ կը ներկայացնենք մեր միջեւ երկխօսութեան եւ ոչ թէ բախումի ճամբով Լիբանանը մեծ վտանգէն պաշտպանելու առաջարկ մը», յայտարարեց Պասիլ: «Լիբանանի պաշտպանութեան փաստաթուղթը կը բովանդակէ երեք գլխաւոր միտքեր. առաջինը վարքագիծի կանոնագիրք է,...

Ժեմայել Ողջունեց Իրանի  Դեսպանի Հեռացման Որոշումը

Ժեմայել Ողջունեց Իրանի Դեսպանի Հեռացման Որոշումը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել, Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք Փաղանգաւորներու երեսփոխանական պլոքին անունով ողջունեց «իրանցի դեսպանին վերաբերեալ որդեգրուած որոշումը»` նշելով. «Ատիկա պահանջ մըն է, որ որոշ ժամանակէ ի վեր կը ներկայացնէինք` Իրանի կողմէ Լիբանանը զինուորական թատերաբեմի վերածելու եւ զայն պատերազմներու մէջ ներքաշելու լոյսին տակ, որոնց հետ լիբանանցի ժողովուրդը կապ չունի»: «Ճակատ բանալն ու Լիբանանը...

Ֆատլալլա. «Դիմադրողները Հարաւի  Սահմաններուն Վրայ Լիբանանի  Նոր Պատմութիւն Մը Կը Գրեն»

Ֆատլալլա. «Դիմադրողները Հարաւի Սահմաններուն Վրայ Լիբանանի Նոր Պատմութիւն Մը Կը Գրեն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Դիմադրողները Հարաւի սահմաններուն վրայ Լիբանանի նոր պատմութիւն մը կը գրեն եւ յոյս կու տան իրենց տոկացող ու համբերող ժողովուրդին` ձախողութեան մատնելով արգելակիչ գօտի մը ստեղծելու եւ իր սահմանը Լիթանի գետը դարձնելու թշնամիի նպատակները: «Անոնք միայն հարաւային Լիբանանը չեն պաշտպաներ, այլեւ արգելք կը հանդիսանան, որ հայրենիքը իյնայ բռնագրաւումի ճիրաններուն մէջ, որպէսզի Լիբանանը մնայ ազատ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԹՈՒՐՔԻՈՅ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան. «Նեթանիահուն ոչ միայն Իրանի վրայ յարձակում կը գործէ, այլ իր ծրագիրները կը գործադրէ նաեւ Լիբանանը բռնագրաւելով»: . ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս. «Կարեւոր է, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը միասնաբար նստին կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու համար»: . «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Նախագահական պալատը յոյս կը կապէ ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Այցելեց  Հանրապետութեան Նախագահին.  Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Մէկ Ճիգ  Պէտք Է Խնայել Կասեցնելու Յարձակումը»

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին. Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Մէկ Ճիգ Պէտք Է Խնայել Կասեցնելու Յարձակումը»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 24 մարտին այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին: Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահին կ՛այցելեն այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք նուազագոյնը կարելի է որակել իբրեւ աննախընթաց ու արտակարգ: «Արտակարգ` իրենց սարսափներով, արհաւիրքներով, դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով: Նման պայմաններու մէջ, տարրական պարտականութիւն է այցելել...

Լիբանան Իրանի Դեսպանը Նկատեց  «Ոչ Փափաքելի Անձ» Եւ Պահանջեց  Երկրէն Անոր Հեռացումը

Լիբանան Իրանի Դեսպանը Նկատեց «Ոչ Փափաքելի Անձ» Եւ Պահանջեց Երկրէն Անոր Հեռացումը

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Լիբանանի մէջ Իրանի հաւատարմատարը եւ անոր փոխանցեց Լիբանանի որոշումը` յետս կոչելու Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան  Մոհամետ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանիի հաւատարմագրութիւնը, զայն նկատելու ոչ փափաքելի անձ եւ պահանջելու, որ Լիբանանէն հեռանայ մինչեւ 29 մարտ: Նոյն պարունակին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհրդակցութիւններու համար Լիբանան կանչեց Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմետ Սուէյտան`...

Քաց. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Արգելակիչ  Շրջան Պիտի Ստեղծենք Ռաֆահի  Եւ Պէյթ Հանունի Մէջ Մեր Ստեղծածին Օրինակով»

Քաց. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Արգելակիչ Շրջան Պիտի Ստեղծենք Ռաֆահի Եւ Պէյթ Հանունի Մէջ Մեր Ստեղծածին Օրինակով»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանէն դէպի հիւսիս գաղթած բնակիչները հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն անվտանգութեան երաշխաւորումէն առաջ Լիթանի գետէն հարաւ պիտի չվերադառնան: Քաց յայտնեց, որ Լիթանի գետին վրայ գտնուող հինգ կամուրջներ պայթեցուած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի գրաւեն մնացեալ կամուրջներն ու մինչեւ Լիթանի երկարող ապահովական շրջանը: «Հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ շրջան պիտի ստեղծենք Ռաֆահի եւ Պէյթ Հանունի...

Մըթրի. «Ծոցէն Մեր Եղբայրներուն Լիբանան Գալու  Մտահոգութիւնները Փարատելու Համար  Յառաջադէմ Քայլեր Կատարեցինք»

Մըթրի. «Լիբանանի Բանակցելու Կոչը Մինչեւ Հիմա Ընդառաջումի Չարժանացաւ»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց, որ Լիբանանի բանակցելու կոչը մինչեւ հիմա ընդառաջումի չարժանացաւ: Ան նշեց, որ Լիբանանը ակամայ պատերազմի մէջ ներքաշուեցաւ, եւ կառավարութեան որոշումը չէ փոխուած: Միւս կողմէ, Մըթրի նշեց, որ սուրիական բանակը Լիբանանի հետ սահմանին վրայ նախազգուշական քայլեր որդեգրած է` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ չ՛ուզեր Լիբանանի հարցերուն միջամտել:

Page 46 of 985 1 … 45 46 47 … 985

Արխիւներ