Լիբանանեան

Սալամ. «Ոչինչ Կ՛արդարացնէ Լիբանանի  Հակամարտութիւնը Կապել Ուրիշներու Պատերազմներուն,  Որոնց Մէջ Շահ Չունինք»

Սալամ. «Ոչինչ Կ՛արդարացնէ Լիբանանի Հակամարտութիւնը Կապել Ուրիշներու Պատերազմներուն, Որոնց Մէջ Շահ Չունինք»

Աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները ընդլայնեց մինչեւ 14 քիլոմեթր խորութիւն` հասնելով Պայյատա»: Նշենք, որ Պայյատան կը գտնուի Իսրայէլի սահմանէն շուրջ 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Զինուորական աղբիւրներ իրենց կարգին կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ քանդել սահմանի առաջին գիծին վրայ գտնուող լիբանանեան գիւղերուն մէջ գտնուող տուները»: Հըզպալլա յայտարարեց, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթը, վկայակոչելով Պաապտայի պալատի այցելուները, կը նշէ, «Նախագահը ամբողջովին կը գիտակցի կացութեան նրբութեան ու զգայնութեան, եւ պատասխանատուութեան բարձր ոգիով կը գործէ: Ան կը պահպանէ իր տոկունութիւնը, աներերութիւնն ու պետութեան ու հաստատութիւններուն վարկին եւ միասնականութեան ու համերաշխութեան կառչածութիւնը»: . ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ նախագահ Աուն կառչած կը մնայ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու իր կոչին եւ...

Ժընահի Եւ Խալտէի Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակումներ

Ժընահի Եւ Խալտէի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Արեւմտեան Պեքայի Սըհմոր գիւղին վրայ գործեց 4 յարձակումներ, որոնց հետեւանքով արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ գիշերուան ընթացքին Պէյրութի մէջ գործած է երկու յարձակումներ (Ժընահ եւ Խալտէ, «Ա.»), որոնք թիրախաւորած են «Հըզպալլայէն ականաւոր ղեկավար մը եւ այլ ականաւոր ղեկավար մը»: Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ժընահ շրջանին վրայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Երէկ` չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեանի: Հանդիպումէն ետք, վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց մամուլին` «Այցելեցինք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն զօրավար Ժոզեֆ Աունին, մեր համայնքին անունով եւ անձնապէս Մեր զօրակցութիւնը յայտնելու իր եւ իր գլխաւորած կառավարութեան աշխատանքներուն...

Նախարարական Ժողովը Կեդրոնացաւ  Մարտական Կացութեան Վրայ

Նախարարական Ժողովը Կեդրոնացաւ Մարտական Կացութեան Վրայ

Երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ ու մեծաթիւ նախարարներու մասնակցութեամբ գումարուած նախարարական ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնը, զինուորական ու ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու կարիքներու բաւարարման հարցը եւ այդ առնչութեամբ կառավարութեան որդեգրած քայլերը: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ վարչապետը ժողովի մասնակիցներուն ներկայացուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական ու ապահովական ներկայութիւնը, եւ մատակարարումներ կատարելու ու անհրաժեշտ...

Մուսա. «Կռիւի Հանդարտելէն Ետք,  Ուսումնասիրման Համար Գաղափարներ  Առաջարկեցինք»

Մուսա. «Կռիւի Հանդարտելէն Ետք, Ուսումնասիրման Համար Գաղափարներ Առաջարկեցինք»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Զինուորական որեւէ հակամարտութիւն միշտ պէտք է բանակցութեան սեղանի վրայ աւարտի»` աւելցնելով. «Ատոր է, որ իրանեան-իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմին բոլոր կողմերը կը ձգտին»: Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան ճակատին, Եգիպտոսի դեսպանը հաւանական նկատեց, որ «Իսրայէլ կրնայ հիմա Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնել չուզէ` Նեթանիահուի կողմէ ներքին ընտրութիւններուն իբրեւ վառելանիւթ օգտագործելու համար»: «Կայ...

Պըրրի. «Պահանջուածը Դիւանագիտական Արտակարգ Ջանք,  Պատերազմը Դադրեցնելու Մեքանիզմ  Եւ Նոյեմբեր 2024-ի Համաձայնութեան Ամբողջական  Գործադրութիւնն Է. Վերջակէտ»

Պըրրի. «Պահանջուածը Դիւանագիտական Արտակարգ Ջանք, Պատերազմը Դադրեցնելու Մեքանիզմ Եւ Նոյեմբեր 2024-ի Համաձայնութեան Ամբողջական Գործադրութիւնն Է. Վերջակէտ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն մէկ ամիս ետք իր նախատեսութեան վերաբերեալ հարցումի մը, յայտնեց. «Ոեւէ մէկը կրնա՞յ կանխատեսել կամ նախատեսել, թէ իսրայէլեան կառավարութեան եւ պատերազմական խորհուրդին միտքին մէջ ի՛նչ կայ: Այնտեղ միայն սպաննել եւ քանդել շարունակելը կայ, հակասելով միջազգային մարդասիրական օրէնքի բոլոր կանոններուն` կոտրելու համար լիբանանցիներուն կամքն ու զանոնք իրենց հողերուն...

Շէյխ Քասեմին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Խամենէի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Դիմադրութեան Աջակցիլ»

Շէյխ Քասեմին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Խամենէի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Դիմադրութեան Աջակցիլ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Իսլամական Դիմադրութեան պատմութիւնը լեցուն է պայքարով, քաջութեամբ եւ զոհաբերութիւններով. Դիմադրութեան ղեկավարները իրենց կեանքերը զոհեցին որեւէ սպառնալիքէ առանց վախի ժողովուրդը պաշտպանելու սիրոյն»: Խամենէի խօսքը շէյխ Քասեմին ուղղելով նշեց, որ ան այսօր շարժումը կը ղեկավարէ Դիմադրութեան պատմութեան մէջ կարեւոր պահուն` վստահութիւն յայտնելով անոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կը հաղորդէ, որ ականաւոր հեղինակութիւն մը իր այցելուներուն յայտնած է. «Հաշիւնիդ ըրէ՛ք, պատերազմը կրնայ մինչեւ սեպտեմբեր երկարիլ, եւ Ուաշինկթընի ու Թեհրանի միջեւ կրնայ զինադադար գոյանալ, սակայն Լիբանանի մէջ պատերազմը կրնայ մինչեւ սեպտեմբեր երկարիլ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են, որ Փարիզ դիւանագիտական խողովակներու ճամբով ու Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին ճամբով Պէյրութի մարտական կացութեան վատթարացման եւ դէպի յաւելեալ...

Քաց. «Աւարտին Մեր Բանակը Մինչեւ Լիթանի  Երկարող Ապահովական Շրջանի Մէջ Պիտի Տեղակայուի»

Քաց. «Աւարտին Մեր Բանակը Մինչեւ Լիթանի Երկարող Ապահովական Շրջանի Մէջ Պիտի Տեղակայուի»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի պիտի ստեղծուի, եւ մինչեւ Լիթանի գետ երկարող շրջանը վերահսկողութեան տակ պիտի պահուի: «Զինուորական գործողութիւններու աւարտին (իսրայէլեան) բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի տեղակայուի մինչեւ Լիթանի գետ երկարող ապահովական գօտիի մը մէջ», շեշտեց Քաց: Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի շուրջ 600 հազար բնակիչներ, որոնք տեղահանուած են, պիտի չկարենան իրենց...

Ֆատլալլա. «Դիմադրողները Հարաւի  Սահմաններուն Վրայ Լիբանանի  Նոր Պատմութիւն Մը Կը Գրեն»

Ֆատլալլա. «Իրանի Դեսպանի Վտարման Որոշումը Սահմանադրական Արժէք Չունի, Կարծէք Գոյութիւն Չունի, Եւ Պիտի Չգործադրուի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Նեթանիահուի կառավարութիւնը կ՛ուզէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի ստեղծել եւ այդպիսով կը խաբէ հիւսիսի բնակեցուածները: Ան կարո՞ղ է Թել Աւիւի բնակիչները հրթիռներէն պաշտպանել: Թշնամին նախապէս 1978-ին այդպիսի գօտի մը ստեղծեց, եւ բնակեցուածներուն անվտանգութիւն չապահովեց»: Անդրադառնալով Իրանի դեսպանի վտարման հարցին Ֆատլալլա յայտնեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը լիբանանեան պետութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք. «Պէտք է Լիբանանի մէջ խաղաղապահ զինուորներուն վրայ յարձակումներուն վերջ տալ եւ անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկել»: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Իրանի դեսպանի վտարման պատմութիւնը պատճառ դարձաւ նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ վստահութեան մեծ ճգնաժամի. վերջինս իր այցելուներուն յայտնեց, որ նախագահին հետ ամբողջական համակարգման շուրջ համաձայնած էր, սակայն անակնկալի մատնուեցաւ ոչ թէ արտաքին գործոց...

Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը  Վտանգող Ձեռքը Պիտի Կտրուի»

Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Վտանգող Ձեռքը Պիտի Կտրուի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաստատեց, որ` «քաղաքացիական խաղաղութիւնը վտանգող ձեռքը պիտի կտրուի»: «Ապահովական մարմինները խիստ քայլեր կ՛որդեգրեն որեւէ ապահովական խախտում արգիլելու համար, ձերբակալումներ կը կատարեն եւ զէնքեր կը գրաւեն», նշեց ան: «Լիբանանի մէջ ոչ ոք քաղաքացիական պատերազմի ծագումը կ՛ուզէ, եւ պղտոր ջուրերու մէջ որսալու փորձերը պիտի ձախողին», յայտնեց նախագահ Աուն: «Հարաւի մէջ իրավիճակը ողբերգական է` Իսրայէլի կատարած հսկայական ոտնձգութիւններուն պատճառով:...

Ամրիէի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակում`  Բանակի Անցարգելին Վրայ

Ամրիէի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակում` Բանակի Անցարգելին Վրայ

Լիբանանի մէջ պատերազմական վիճակը կը շարունակէ մնալ տիրական: Հարաւի մէջ գետնի վրայ իսրայէլեան գործողութիւնները կը շարունակուին, Հըզպալլա կը հակադարձէ եւ իր կարգին կը հարուածէ իսրայէլեան շրջաններ, իսկ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր անխնայ կը քանդեն հարաւային շրջանները` պատճառելով քաղաքացիական զոհեր եւ վիրաւորներ, թիրախ դարձնելով նոյնիսկ հիւանդատարներն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան մարմինները: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց. «2 մարտէն ի վեր լիբանանեան...

Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Անծանօթ Ռումբի Մը Պայթումին Պատճառով Խաղաղապահ Զինուոր Մը Սպաննուած Է, Ուրիշ Մը Ծանրօրէն Վիրաւորուած

ՖԻՆԻՒԼ երէկ յայտարարեց, թէ խաղաղապահ զինուոր մը սպաննուած է, եւ ուրիշ մը ծանրօրէն վիրաւորուած, երբ Ատշիթ Քուսէյր գիւղին մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքի մը մէջ ռումբ մը պայթած է: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժը նշեց, որ միջադէպի ծալքերու բացայայտման համար հետաքննութեան ձեռնարկած է եւ մինչեւ հիմա չի գիտեր ռումբին աղբիւրը: ՖԻՆԻՒԼ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու միջազգային օրէնքը եւ մնայուն կերպով երաշխաւորելու...

Կառավարութեան Նիստի Մասնակիցները  Կը Զգուշացնեն Սադրիչ Հռետորաբանութենէն  Ու Մտահոգիչ Գրգռութենէն

Կառավարութեան Նիստի Մասնակիցները Կը Զգուշացնեն Սադրիչ Հռետորաբանութենէն Ու Մտահոգիչ Գրգռութենէն

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Ժողովէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, թէ վարչապետը ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնած է այն, որ ներկայ օժանդակութիւնները հետզհետէ աճող կարիքներէն շատ աւելի քիչ են` զգուշացնելով, մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու ճամբով, սադրիչ հռետորաբանութենէն ու մտահոգիչ գրգռութենէն, ինչպէս նաեւ տնտեսական ընդհանուր ճահճացումէն: Ժողովականները անդրադարձան տեղահանութեան ալիքներու աճին եւ ապահովական կացութեան ամրապնդման...

Իզզէտտին. «Ներկայ Ժամանակին Ամէնէն Շատ  Դիմադրութեան Կարիքը Կայ, Եւ Անիկա Է  Ամէնէն Անհրաժեշտը»

Իրանի Դեսպանատունը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքը

Թէեւ 24 մարտին Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանին Լիբանանի համար «ոչ փափաքելի անձ» է եւ պէտք է մինչեւ 29 մարտ 2026 հեռանայ Լիբանանէն, բայց եւ այնպէս դեսպանը մնաց Լիբանան: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 30 մարտին յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը բաց է եւ Պէյրութի մէջ իր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ երէկ Սուրի գաւառի Պրղըլիէ գիւղէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով` յայտարարեց. «Լիբանանցիներուն ճակատագիրը պէտք չէ պատանդ մնայ Լիբանանին ու անոր շահերը շրջանցողներուն ձեռքը»: . «ԱՍԱՍ  » կը հաղորդէ, որ, ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, «Հանրապետութեան նախագահին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին եւ լիբանանցիներու արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժիի միջեւ յարաբերութիւնը աւելի լարուած դարձաւ: Այս իրավիճակի ստեղծման մեծագոյն ազդակը արտաքին...

Պարրօ. «Լիբանանը Պատերազմի Դաշտ Չէ»

Պարրօ. «Լիբանանը Պատերազմի Դաշտ Չէ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Լիբանանը չի կրնար այլ պետութիւններու կռիւի դաշտ ըլլալ»: Ան բարձր գնահատեց «Հըզպալլայի վերաբերեալ լիբանանեան կառավարութեան որոշումները»: Պարրօ շեշտեց. «Իսրայէլ պէտք է ետ կանգնի որեւէ ցամաքային գործողութիւն շղթայազերծելէ կամ քաղաքային ենթակառոյցներ եւ Պէյրութի նման խիտ բնակուած շրջաններ յարձակումի ենթարկելէ»: «Լիբանանը պէտք չէր ներքաշուեր այս պատերազմին մէջ, եւ ատոր պատասխանատուութիւնը ուսերուն վրայ է կուսակցութեան,...

Բախումներն Ու Փոխադարձ  Յարձակումները Կը Շարունակուին

Բախումներն Ու Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին

Իսրայէլեան բանակը երէկ պնդեց, թէ իր ուժերէն մասնայատուկ միաւոր մը «ձախողութեան մատնեց զինեալներու Հերմոն լերան սահմանակից շրջանին մէջ հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ տեղակայուելու փորձերը»: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Հերմոն լերան սուրիական կողմէն անդրսահմանեան գործողութիւն մը կատարած է: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ շաբաթ գիշեր Լիբանանէն արձակուած հրթիռներու հետեւանքով Մթըլլէի մէջ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուած են: Իսրայէլեան բանակը...

Page 45 of 985 1 … 44 45 46 … 985

Արխիւներ