. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթի հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Իրանի դեսպանի վտարման որոշումէն ետդարձ կատարելու որեւէ ցուցանիշ գոյութիւն չունի»:
Ան թերագնահատած է շիի երկեակի նախարարներու պոյքոթի կամ հրաժարականի ազդեցութիւնը կառավարութեան վրայ` նշելով, որ 2006 թուականին Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան ժամանակ նախադէպ ստեղծուած էր, երբ անոնց նախարարները հրաժարական տուին, եւ կառավարութիւնը շարունակեց առանց անոնց գործել:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան այլեւս տեղեակ դարձաւ, որ Իրանի դեսպանը այսօր պիտի չհեռանայ եւ Հըզպալլայի ու Պըրրիի զօրակցութեամբ պիտի հակառակի պետութեան որոշումին: Կը մնայ տեսնել, թէ յաջորդ փուլը ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ, որովհետեւ դեսպանը իր դեսպանատան մէջ փաստացի փախստական պիտի դառնայ»:
. ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ պաշտօնի վրայ եղող քաղաքական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մինչեւ հիմա Լիբանանի ճակատամարտը հանդարտեցնելու եւ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու որեւէ արտաքին կողմէ որեւէ նախաձեռնութիւն չկայ, բացի հաղորդակցութիւններէ, որոնց բնոյթը հետազօտական է»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Եգիպտացիները կը փորձեն պատերազմին վերջ տալու օգնել, սակայն նախաձեռնութիւն մը չունին: Տեղ քայլը կը մնայ տիրական, որովհետեւ Ուաշինկթըն մինչեւ այս պահս չի միջամտեր որեւէ առաջարկ ներկայացնելու, մինչ Ֆրանսան աշխուժ աշխատանք կը տանի»:
. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան մօտիկ շրջանակներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ուալիտ Ժոմպլաթի Պաապտայի պալատ այցելութիւնը կեդրոնացաւ քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան վրայ, ինչպէս չարտօնելու որեւէ ապահովական բաց, որուն ճամբով կարելի է ներթափանցել համայնքայնութեան բոցավառ կրակին վրայ ձէթ թափելու համար»:
. ՔԱՅԻ քաղաքապետ Պաշիր Մաթար քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Հիւսիսային Պեքայի մէջ հարցերու զարգացման նկատմամբ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, եւ այդ զարգացումներուն դէպի յոռեգոյնը ուղղուելու հաւանականութիւնը մեծ է»:
. ՍՈՒՐԻՈՅ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ սուրիական բանակը Հոմսի Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին մօտ յայտնաբերած է փապուղի մը, որ սուրիական հողերն ու լիբանանեան հողերը իրարու կը կապէ:
«Փապուղին լիբանանեան զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կ՛օգտագործուէր մաքսանենգման համար, եւ բանակին մէջ առնչակից կողմերը զայն փակեցին», նշեց Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:


