. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ երէկ Սուրի գաւառի Պրղըլիէ գիւղէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով` յայտարարեց. «Լիբանանցիներուն ճակատագիրը պէտք չէ պատանդ մնայ Լիբանանին ու անոր շահերը շրջանցողներուն ձեռքը»:
. «ԱՍԱՍ » կը հաղորդէ, որ, ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, «Հանրապետութեան նախագահին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին եւ լիբանանցիներու արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժիի միջեւ յարաբերութիւնը աւելի լարուած դարձաւ: Այս իրավիճակի ստեղծման մեծագոյն ազդակը արտաքին գործոց նախարարութեան` Իրանի դեսպանը անբաղձալի անձ յայտարարելն ու անոր երկրէն հեռանալու պայմանաժամ ճշդելն է»:
. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Անթուան Շտիտը «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Իրանի դեսպանը չի կրնար դեսպանատունէն դուրս գալ, եւ եթէ դուրս գայ, լիբանանեան պետութիւնը կրնայ զինք օդակայան տանիլ ու հեռացնել»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժեց արտաքին գործոց նախարարին` Իրանի դեսպանը վտարելու որոշումը մեղմացնելու կամ անոր գործադրութիւնը կասեցուած որոշում համարելու որեւէ փորձ: Ան պահանջեց անկէ ետդարձ կատարել եւ սրբագրել Թեհրանի նկատմամբ դիւանագիտական վերաբերմունքը»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Կուսակցութիւններու ղեկավարներու եւ ազդեցիկ գործիչներու հետ հանդիպումները կը շարունակուին` պաշտպանելու համար քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ կանխարգիլելու ներքին խաղաղութիւնը խաթարող որեւէ միջադէպ, որ կրնայ երկիրը ներքաշել Լիբանանի կայունութեան սպառնացող վտանգներու մէջ»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութեան նախաձեռնութեան վերաբերեալ հաղորդակցութիւնը որեւէ արդիւնք չտուաւ: Ինչ կը վերաբերի պետական կառոյցներու անվտանգութեան երաշխաւորման, ապա երաշխիքները տակաւին ի զօրու են, սակայն նկատելի է, որ Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան մեծ հետաքրքրութիւն չկայ»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ թղթածրարին շուրջ քաղաքական հաղորդակցութիւններուն ծանօթ քաղաքական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իրանեան կողմը Ուաշինկթընի յղեց յստակ պատգամ մը, որ եթէ լուծումը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան պատերազմի դադրեցում ու բանակցութիւններու ձեռնարկում չներառէ, ապա Թեհրան Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ զատորոշում պիտի կատարէ, այսինքն` ամերիկացիներուն հետ զինադադարն ու համաձայնութիւնը պիտի յարգէ, սակայն Իսրայէլը իր հրթիռներուն թիրախ պիտի մնայ»:
. ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահը «Անպա» օրաթերթին. «Պանդոկներու մէջ ամրագրումներուն համեմատութիւնը 5-էն 10 առ հարիւրի միջեւ կը տարուբերի. 11 առ հարիւրը Պէյրութի մէջ է, եւ 9 առ հարիւրը` Լեռնալիբանանի: Պանդոկներու մէջ կեցութիւն հաստատողներու մեծամասնութիւնը օտար լրագրողներ են, որոնք եկած են պատերազմին հետեւելու համար, եւ անոնց թիւը աւելի քան հազար է, ինչպէս նաեւ դեսպանատուներու կարգ մը աշխատակիցներ կան»:


