. «ԱՆՊԱ» օրաթերթը, վկայակոչելով Պաապտայի պալատի այցելուները, կը նշէ, «Նախագահը ամբողջովին կը գիտակցի կացութեան նրբութեան ու զգայնութեան, եւ պատասխանատուութեան բարձր ոգիով կը գործէ: Ան կը պահպանէ իր տոկունութիւնը, աներերութիւնն ու պետութեան ու հաստատութիւններուն վարկին եւ միասնականութեան ու համերաշխութեան կառչածութիւնը»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ նախագահ Աուն կառչած կը մնայ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու իր կոչին եւ առիթ չի փախցներ միջազգային ընտանիքին փոխանցելու այն պատգամը, թէ Լիբանան կը մերժէ իր ճակատագիրը Իրանին կապել:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նախարարական աղբիւրներ յոյս կը յայտնեն, որ վերստին ջերմանան նախագահ Աունի ու վարչապետ Սալամի խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին հետ յարաբերութիւնները, որոնք գաղջ դարձած էին վերջինիս Իրանի դեսպանը անբաղձալի անձ յայտարարելու որոշումը մերժելուն պատճառով:
. ԱՆՑՆՈՂ երկու օրերուն Տար Ֆաթուա այցելողներէ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին յայտնած են. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը անհրաժեշտ է, Լիբանանին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման համար անփոխարինելի»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 16000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.397.000 լ.ո.-ի եւ 2.438.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 62000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.415.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 12000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.842.000 լ.ո.-ի:


