Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք  Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երկուշաբթի օր պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտարարեց. «կը մերժենք իսրայէլեան գոյացութեան հետ բանակցութիւնները»: «Լիբանանի մէջ համաձայնութեան ու միաձայնութեան կարիք ունինք, եւ ոչ ոք առանց լիբանանեան համաձայնութեան Լիբանանը այդ ուղղութեամբ տանելու իրաւունք ունի», նշեց ան: «Կոչ կ՛ուղղենք բանակցային հանդիպումը ջնջելու պատմական դիրքորոշում որդեգրելու», յայտարարեց շէյխ Քասեմ: «Բաւ է իշխանութիւնը Դիմադրութիւնը լքէ, երբ պէտք է անոր...

Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին

Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլա երէկ առտու յայտարարեց, թէ հարուածած է Պայյատա գիւղին մէջ իսրայէլեան նորաստեղծ դիրքը եւ Քֆարժալհատիի մէջ հրետանիի կեդրոնին մօտ ղեկավարման գրասենեակը: Հըզպալլան նաեւ յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Կոլանի մէջ գտնուող Ըլէյքա զօրանոցը: Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակում գործեց Ատլունի, Տէյր Անթարի եւ Սըհմորի, ինչպէս նաեւ Արապսալիմի, Շապրիհայի, Քալաուէյհի, Հաուշի, Առնունի եւ Այն Պաալի ու Այթիթի միջեւ գտնուող շրջանին վրայ:...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Զօրակցի Թրամփի  Որոշումին, Սակայն Զինադադարը  Լիբանանը Չի Ներառեր»

Նեթանիահու. «Ցուցմունք Տուի Կարելի Եղածին Չափ Մօտիկ Ժամանակին Լիբանանի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ցուցմունք տուի կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին Լիբանանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու: Բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Հըզպալլայի զինաթափման եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ»: «Իսրայէլ կը գնահատէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` Պէյրութը զէնքէ զուրկ դարձնելու կոչը», նշեց Նեթանիահու: Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները կրակոցի տակ պիտի ըլլան`...

Զինադադարին Մէջ Լիբանանի Ներառման  Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւն

Զինադադարին Մէջ Լիբանանի Ներառման Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւն

Իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ օր կէս գիշերէն ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Շիահ շրջանին վրայ` աւերելով Ապտելքարիմ Խալիլ թաղին մէջ երեք շէնքեր: Իսրայէլեան օդուժը երէկ նաեւ յարձակումներու շարք մը գործեց Քաֆրա, Ժումժումիէ, Սաֆատել Պաթթիխ, Մաժտալ Սըլմ, Տէյր Անթար գիւղերուն եւ Քասիմիէ կամուրջին մերձակայքին վրայ, մինչ հրետանին ռմբակոծեց Հարիս գիւղը: Ապպասիէ գիւղին վրայ օդային յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 7 զոհեր եւ 4...

Սալամ. «Բանակէն Եւ Ապահովական Մարմիններէն  Պահանջեցինք Պէյրութի Նահանգի Մէջ Պետութեան  Իշխանութիւնը Ամրապնդել Եւ Այնտեղ  Զէնքի Մենաշնորհում Կատարել»

Սալամ. «Բանակէն Եւ Ապահովական Մարմիններէն Պահանջեցինք Պէյրութի Նահանգի Մէջ Պետութեան Իշխանութիւնը Ամրապնդել Եւ Այնտեղ Զէնքի Մենաշնորհում Կատարել»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը, որուն սկիզբը ժողովի մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին չորեքշաբթի օր իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք գերիշխան ու գոյութիւն ունեցող պետութիւն ենք, պետութիւնն է, որ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ չենք ընդունիր, որ մեզմէ բացի ոեւէ մէկը բանակցի»: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ժողովէն ետք...

Բագրատունի. «Տակաւին Կանուխ Է  Խաղաղութեան Մասին Խօսիլ»

Բագրատունի. «Տակաւին Կանուխ Է Խաղաղութեան Մասին Խօսիլ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի կարծիք յայտնեց, որ հաւանական զինադադարի պայմաններուն մէջ մեծագոյն դժգոհութիւնը պիտի հնչէ Իսրայէլի կողմէ: «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ թէեւ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական մօտեցումները խորքային առումով կը համընկնին, սակայն գործնական եւ ժամանակային հարթութիւններուն մէջ անոնք տարբեր են: «Նեթանիահուի համար յստակ է, որ ինք...

Վանս. «Լիբանանը Զինադադարի  Համաձայնութեան Մէջ Ներառուած Չէ»

Վանս. «Լիբանանը Զինադադարի Համաձայնութեան Մէջ Ներառուած Չէ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ տեղի ունեցածին պատճառը իսկական սխալ հասկացողութիւն մըն է, որովհետեւ իրանցիները կարծեցին, թէ զինադադարը Լիբանանը կը ներառէ, սակայն այդպէս չէր, եւ մենք երբեք այդ խոստումը չտուինք»: «Իսրայէլացիները Լիբանանի մէջ ինքնազսպում առաջարկեցին», նշեց ան: «Իսրայէլացիները կը փորձեն Իրանի վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ մեր յաջողութեան պայմանները պատրաստել, եւ իրանցիները պէտք է յաջորդ քայլը առնեն,...

Մաքրոն. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները  Ուղղակի Սպառնալիք Կը Ներկայացնեն Լիբանանը  Ներառելիք Զինադադարի Կայունութեան»

Մաքրոն. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Ուղղակի Սպառնալիք Կը Ներկայացնեն Լիբանանը Ներառելիք Զինադադարի Կայունութեան»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ խօսեցայ, եւ Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցի ընդդէմ Իսրայէլի Լիբանանի մէջ գործած անկանոն յարձակումներուն, որոնք շատ մեծաթիւ քաղաքային զոհեր պատճառեցին: Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այս հարուածները»: «Այդ յարձակումները ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն ամբողջ լիբանանեան հողերը ընդգրկելիք զինադադարի կայունութեան», նշեց Մաքրոն: «Անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան հողերու անվտանգութիւնը:...

Աուն – Խրիսթոտուլիտես Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Աուն – Խրիսթոտուլիտես Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ առտու նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները: Կիպրոսի նախագահը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը նպաստելու մագլցումի դադրեցման եւ բժշկական ու մարդասիրական շտապ օժանդակութիւններ տրամադրելու ճամբով լիբանանցի բարեկամ ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ կարգ մը անձնաւորութիւններ «Ասաս»-ին. «Եթէ Իսրայէլ իր յարձակումները շարունակէ, պայմանաժամը բաց պիտի չըլլայ, եւ հաստատօրէն հակադարձութիւն պիտի ըլլայ»: . ՔԱՍԻՄԻԷԻ կամուրջի քանդումին պատճառով Լիթանիի հարաւին մէջ պաշարման մէջ յայտնուած ընտանիքները կոչ ուղղեցին զիրենք դուրս բերելու: Լիբանանեան բանակը երէկ բացաւ կամուրջը: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը գուժեց երէկ իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով նահատակուած իր չորս զինուորներուն մահը: . ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար...

Լիբանանի Եւ Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ  Իսրայէլեան Լայնածաւալ Ու Բուռն Յարձակում

Լիբանանի Եւ Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ Իսրայէլեան Լայնածաւալ Ու Բուռն Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքայի վրայ: Օդուժը Շահրիհա-Ապպասիէ շրջանին եւ Սուանէի վրայ յարձակումներ գործեց, Քֆարտունինի մէջ մոթորսիքլեթ մը հարուածեց, ինչպէս նաեւ յարձակումներ գործեց Քանայի եւ Շահապիէի մէջ: Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց Պարղազի հովիտը եւ Ռասուլէյն Սումահիէի մէջ «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը հարուածեց, ինչպէս նաեւ այլ ինքնաշարժներ Քլէյլայի մուտքին, Պլաթի եւ Քասիմիէի մէջ: Իսրայէլեան բանակը...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Զօրակցի Թրամփի  Որոշումին, Սակայն Զինադադարը  Լիբանանը Չի Ներառեր»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Զօրակցի Թրամփի Որոշումին, Սակայն Զինադադարը Լիբանանը Չի Ներառեր»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Իսրայէլ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի վրայ յարձակումները երկու շաբաթով առկախելու որոշումին, սակայն աւելցուց, որ զինադադարը Լիբանանը չի ներառեր: Նեթանիահու ընդգծեց, որ Իսրայէլի ամերիկեան որոշումին զօրակցութիւնը պայմանաւորեալ է Իրանի Հորմուզի նեղուցը բանալով եւ յարձակումները դադրեցնելով: Իսրայէլի վարչապետը նշեց, որ Թել Աւիւ կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն` ապահովելու համար, որ Իրան ապագային...

Պաապտայի Մէջ Ապահովական Ժողովի Ընթացքին.  Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կը Պահանջէ Հսկողութիւն Եւ Պատասխանատուութեան Բարձր Մակարդակ»

Աուն Եւ Սալամ. «Որեւէ Բանակցութեան Պատասխանատուն Միայն Պետութիւնն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ողջունեց ամերիկեան-իրանեան 15 օր տեւողութեամբ զինադադարի յայտարարութիւնը` բարձր գնահատելով «այս համաձայնութեան գոյացման նպաստած բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար Փաքիստանի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ ջանքերը»: Ան յոյս յայտնեց, որ «այս յայտարարութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ դէպի մեր շրջանին մէջ պայթիւնավտանգ գործօններ հանդիսացող տարբեր հարցերու վերաբերեալ վերջնական եւ համապարփակ համաձայնագիրի մը, որ կը պահպանէ իւրաքանչիւր պետութեան գերիշխանութիւնը` այն հիման վրայ, որ...

Պայրագտարեան Ընդունեց  Դեսպան Պաղտասարեանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Դեսպան Պաղտասարեանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնն ու մասնաւորաբար մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ազգային իրավիճակին վրայ անոր ազդեցութիւնը: Նախարարը նաեւ դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնն ու գործադրուած կամ պատերազմի աւարտէն եւ Լիբանանի մէջ կացութեան...

Պու Սաապ. «Ոչ Ոք Յանուն Լիբանանի Կը Բանակցի  Անոր Ուզած Լուծումին Շուրջ»

Պու Սաապ. «Ոչ Ոք Յանուն Լիբանանի Կը Բանակցի Անոր Ուզած Լուծումին Շուրջ»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաւատարիմ է Լիբանանի գերիշխանութեան, եւ ոչ ոք յանուն Լիբանանի կը բանակցի իր ուզած լուծումին շուրջ: «Լիբանանը կը բանակցի այդ հիմքին վրայ, եւ նախագահին վստահուած են այս բանակցութիւնները` համակարգուած եւ բոլոր պատասխանատուներուն, ներառեալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, «արեւմտեան կողմեր լիբանանեան հեղինակութիւններու առաջարկեցին կարգաւորում մը, որ կը նախատեսէ վերջ տալ յարձակումին եւ Իսրայէլին կ՛արտօնէ «ծառէն վար իջնել»` սահմանին վրայ ստեղծելով ապահովական նոր իրողութիւն մը, որ կը նմանի Լիբանանի մէջ 3 քիլոմեթր խորութեամբ արգելակիչ գօտիի մը»: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Դիմադրութեան եւ անոր համակիր զանգուածին շրջափակումը խստացնելու ծիրին մէջ, օդային, ցամաքային եւ ծովային անցակէտերու...

Նախագահ Աուն. «Ապահովական Կացութիւնը  Վերահսկողութեան Տակ Է, Եւ Ներքին Սադրանքը  Պիտի Չարտօնեմ»

Նախագահ Աուն. «Ապահովական Կացութիւնը Վերահսկողութեան Տակ Է, Եւ Ներքին Սադրանքը Պիտի Չարտօնեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի գլխաւորութեամբ «Մունթատա Պէյրութ»-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ ապահովութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը հասարակաց է եւ քաղաքացիներուն, բանակին, ապահովական մարմիններուն եւ քաղաքապետութիւններուն միջեւ ամբողջական համակարգում կը պահանջէ»: «Բանակը Պէյրութի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ վերատեղակայում կատարեց, եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ու մնացեալ մարմիններուն հետ աւելի ներկայութիւն պիտի ըլլայ`...

Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Ցամաքային Գործողութիւններու Ծիրի  Ընդլայնումը Յայտարարեց

Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Գործողութիւններու Ծիրի Ընդլայնումը Յայտարարեց

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «98-րդ զօրախումբը, 91-րդ, 36-րդ եւ 146-րդ զօրախումբերու աշխատանքներուն հետ միաժամանակ, վերջին շաբթուան ընթացքին ընդլայնեց ցամաքային կեդրոնացուած գործողութիւններուն ծիրը` ներառելով հարաւային Լիբանանի մէջ յաւելեալ թիրախներ: «Բանակի ուժերը շարունակեցին հակազրահապատ հրթիռներու արձակումը արգիլելու գիծին վրայ իրենց տեղակայումը եւ կը շարունակեն շրջանին մէջ աշխատիլ` ամրապնդելու համար պաշտպանութեան առաջնագիծը եւ վերացնելու համար հիւսիսի բնակիչներուն սպառնացող վտանգը»: Նշենք, որ...

Այցելելով Նախագահ Աունի`  Հաժժար. «Աշխատանք Կը Տանինք Շրջաններուն Մէջ  Ապահովական Յաւելեալ Ներկայութեան Ապահովման Վրայ»

Այցելելով Նախագահ Աունի` Հաժժար. «Աշխատանք Կը Տանինք Շրջաններուն Մէջ Ապահովական Յաւելեալ Ներկայութեան Ապահովման Վրայ»

Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու նախարար Ահմետ Հաժժար Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք շրջաններուն մէջ ապահովական յաւելեալ ներկայութեան ապահովման վրայ, եւ նախագահ Աունը իր ցուցմունքները տուաւ մարդոց հանգստացնելու եւ քաղաքացիները պաշտպանելը: Լիբանանցիները պետութենէն բացի այլ ապաստան չունին»: «Քննարկեցինք Մասնաայի թեման, այդ առնչութեամբ հաղորդակցութիւններ կան, եւ Աստուած ուզէ զայն շուտով կը վերաբանանք»,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Օ.Թի.Վի.»-ին. «Եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, բոլոր ճակատներուն վրայ աւելի մեծ, բարձր կշռոյթով եւ արագ մագլցումի կարելիութիւնը չէ բացառուած»: . ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Սահմանային անցակէտերու անվտանգութիւնը արտաքին պահանջ մը ըլլալէն առաջ լիբանանեան ազգային կարիք մըն է եւ կը համապատասխանէ պետութեան զէնքի մենաշնորհման ու բոլոր սահմանային անցակէտերու վերահսկողութիւնը բացառապէս լիբանանեան օրինական իշխանութիւններուն ձեռքը դնելու նպատակին»: ....

Page 44 of 985 1 … 43 44 45 … 985

Արխիւներ