Լիբանանեան

Պասիլ. «Պահ Դրուած Գումարները Գողցողներուն  Համաներումը Մերժելի Է, Եւ Բանակին Ու Անոր  Նահատակներուն Կողմնակիցները Պիտի Մնանք»

Պասիլ. «Պահ Դրուած Գումարները Գողցողներուն Համաներումը Մերժելի Է, Եւ Բանակին Ու Անոր Նահատակներուն Կողմնակիցները Պիտի Մնանք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է, եւ զայն բացատրելու համար ժողովներու կարիք չկայ. անիրաւուածներուն համաներումը պարտաւորութիւն է, իսկ թմրեցուցիչներու վաճառականներու եւ մարդասպաններու համաներումը մերժելի է, պահ դրուած գումարները գողցողներուն համաներումը մերժելի է»: «Կարիք չկայ բացատրելու բանակայիններ սպաննածներուն համաներման հարցը, որովհետեւ բանակին եւ անոր նահատակներուն կողմնակիցները պիտի մնանք», աւելցուց ան: «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աուն դեսպան Սիմոն Քարամին ցուցմունք տուաւ չքննարկելու լիբանանեան կողմին ճշդած օրակարգի կէտերը, եթէ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր թշնամական արարքները չդադրեցնէ»: .ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ պաշտօնատարները կը շարունակեն ամերիկեան կողմին հետ իրենց հաղորդակցութիւնները` հինգշաբթի օր բանակցային ժողովէն առաջ զինադադարը ամրագրելու համար, եւ եթէ Իսրայէլ զինադադարը չյարգէ, այդ ժողովին ընթացքին այդ...

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի  Պետը Կը Յայտարարէ.  «Հիւսիսային Ճակատին Վրայ Լիբանանի Հետ  Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ճակատին Վրայ Լիբանանի Հետ Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց, որ հիւսիսային ճակատի վրայ Լիբանանի հետ զինադադար գոյութիւն չունի: Զամիր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբին մէջ լսումի նիստի ընթացքին նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու նպատակ չէ ճշդած: «Մեր նպատակը հակազրահապատ հրթիռներու սպառնալիքը արգիլելը, Գալիլիա ներթափանցումը արգիլելն ու Հըզպալլայի կազմաքանդման պայմաններու ստեղծումն է», նշած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:  

Պըն Զայետ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Կը Զօրակցին Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան  Հաստատման Համար Լիբանանի Որդեգրած Քայլերուն»

Պըն Զայետ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Համար Լիբանանի Որդեգրած Քայլերուն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանին եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը անոր յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը շրջանին դիմագրաւած այս նուրբ պայմաններուն մէջ կը զօրակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եղբայրական ժողովուրդին: Աուն Պըն Զայետին ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ գումարուող լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան ժողովներու հոլովոյթի վերջին զարգացումները:...

Սալամ Դամասկոսի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Շարհի Հետ

Սալամ Դամասկոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ: Սուրիական «Իխպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, տնտեսական ու առեւտրական գործակցութիւնը զարգացնելու եւ կայունութեան ամրապնդման ու մարտահրաւէրներու դիմակայման համար ապահովական համակարգումը ամրապնդելու կարելիութիւնները: Անոնք նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու...

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին`  Քումաթի. «Ի՞նչ Իրաւունքով Կը Շրջանցես  Պըրրին Եւ Լիբանանի Ճակատագիրին Վերաբերեալ  Որոշումը Ինքնագլուխ Կու Տաս»

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին` Քումաթի. «Ի՞նչ Իրաւունքով Կը Շրջանցես Պըրրին Եւ Լիբանանի Ճակատագիրին Վերաբերեալ Որոշումը Ինքնագլուխ Կու Տաս»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց. «Սիոնական գոյացութիւնը ախորժակ ունի մեր հողին, երկինքին եւ ջուրին նկատմամբ, եւ ասիկա բացայայտ կերպով կը յայտարարէ ճշդելով Մեծն Իսրայէլի սահմանները, որոնք կը ներառեն Լիբանանը, Սուրիան եւ յայտարարած շրջանէն մնացեալ մասերը, եւ ատոր ամերիկեան գետնի վրայ կը զօրակցին Թրամփն ու Պարրաքը, ինչպէս նաեւ կարգ մը արաբներ եւ դժբախտաբար կարգ մը լիբանանցիներ»: «Հանրապետութեան...

Պասիլ. «Հըզպալլան Խնդիր Է, Որովհետեւ  Իրանեան Օրակարգին Հիմամբ Կը Գործէ»

Պասիլ. «Հըզպալլան Խնդիր Է, Որովհետեւ Իրանեան Օրակարգին Հիմամբ Կը Գործէ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ամերիկեան «Սի.Տի.Էմ.» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Քանի տակաւին պատերազմներ կան, չափաւորական անձերու դերակատարութիւնը լուսանցքային պիտի ըլլայ»: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն` ան ըսաւ. «Իսրայէլացիները այս պատերազմին որեւէ հասարակութիւն չեն պաշտպաներ, այլ բոլորին վրայ յարձակում կը գործեն, բոլորը կը սպաննեն, եւ բոլոր տուները կը քանդեն: Քրիստոնեաներն ու քրիստոնէական գիւղերը ի վերջոյ իրենց դրացիներուն...

Ֆատլալլա. «Դիմադրութիւնը Պիտի Չարտօնէ  2 Մարտէն Առաջուան Կացութեան Վերադառնալ»

Ֆատլալլա. «Դիմադրութիւնը Պիտի Չարտօնէ 2 Մարտէն Առաջուան Կացութեան Վերադառնալ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Մեր երկրին վրայ իսրայէլեան յարձակումի դիմակայման մէջ մենք մեր գոյութեան ու ճակատագիրի պաշտպանութեան դիրքի վրայ ենք: «Գոյութիւն ունի նոր փուլ մը, ուր Դիմադրութիւնը չ՛ընդունիր 2 մարտէն առաջուան կացութեան վերադառնալ: Երբ մեր գիւղերուն եւ մեր արուարձանին վրայ յարձակում կը գործուի, թշնամին պէտք է պատասխան սպասէ, եւ Դիմադրութիւնը այդ է, որ կը կատարէ»: «Գինն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ յառաջիկայ օրերուն զինուորական մագլցումի պիտի դիմէ` աշխուժացնելով օդային յարձակումները, թիրախաւորելով քաղաքայինները եւ տեղահանութեան ծիրը ընդլայնելով մինչեւ Աուալի գետ` լիբանանցի բանագնացին վրայ ճնշումի յաւելեալ խաղաքարտեր ունենալու համար»: . ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն շարունակ աշխուժ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ եւ ջանքեր կը թափէ հինգշաբթի օր նախատեսուած ժողովէն առաջ զինադադար հաստատելու նպատակով, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակցութիւններուն...

Ռուպիօ. «Անհրաժեշտ Է Դադրեցնել Հարաւային  Սուրիոյ Մէջ Բռնաբարումներն Ու Անմեղներու  Սպանութիւնները, Որոնք Տեղի Ունեցան  Եւ Տակաւին Տեղի Կ՛ունենան»

Ռուպիօ. «Կ՛ուզենք, Որ Լիբանանի Մէջ Օրինական Կառավարութիւնը Ուժեղ Ըլլայ, Սակայն Հըզպալլան Անոր Խոչընդոտ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ քննարկած է Իրանի կացութիւնն ու անոր վարչակարգին ներկայացուցած վտանգները: Ռուպիօ նշեց, որ բոլորը համամիտ են, թէ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելը անընդունելի է` աւելցնելով. «Կը սպասուի, որ այսօր Իրանէն պատասխան մը ստանանք»: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ Լիբանանի մէջ...

Լահպիպ. «Լիբանանը Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի  Միջեւ Պատանդ Բռնուած Է Իր Կարողութենէն  Աւելի Մեծ Ճգնաժամի Մը Պայմաններուն Մէջ»

Լահպիպ. «Լիբանանը Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Պատանդ Բռնուած Է Իր Կարողութենէն Աւելի Մեծ Ճգնաժամի Մը Պայմաններուն Մէջ»

Եւրոպական Միութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու բարձրագոյն յանձնակատար Հաժժէ Լահպիպ յայտարարեց, թէ Լիբանան Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատանդ բռնուած է իր կարողութենէն աւելի մեծ ճգնաժամի մը պայմաններուն մէջ: Լահպիպ Հըզպալլայի կոչ ուղղեց դադրեցնելու Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները, նաեւ կոչ ուղղեց Հըզպալլան զինաթափելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ քաղաքային կառոյցներուն վրայ իր օդային յարձակումները դադրեցնելու: Եւրոպական Միութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու բարձրագոյն յանձնակատարն...

Ընդունելով Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը`  Մնասսա. «Բանակցութիւնները Պետութեան  Իշխանութեան Ամբողջական  Վերականգնման Միակ Ուղին Են»

Ընդունելով Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Մնասսա. «Բանակցութիւնները Պետութեան Իշխանութեան Ամբողջական Վերականգնման Միակ Ուղին Են»

Պաշտպանութեան նախարար հազարապետ-զօրավար Միշել Մնասսա Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւններուն, ընդգծուեցաւ պատերազմի վերջնական դադրեցման առաջնորդող ապահովական համաձայնութեան հասնելու եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու համար ապահովական համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան միջնորդութեամբ կատարուած եւ սպասուող հանդիպումներուն, ընթացող քաղաքական եւ...

Այցելելով Նախագահ Աունի`  Մախզումի Կոչ Կ՛ուղղէ` Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններու Եւ Պետութեան  Դերակատարութեան Վերականգնման

Այցելելով Նախագահ Աունի` Մախզումի Կոչ Կ՛ուղղէ` Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններու Եւ Պետութեան Դերակատարութեան Վերականգնման

Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Մախզումի հանդիպումէն ետք ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց «այն հոլովոյթին, որ նախագահ Աունը կը ղեկավարէ Լիբանանի պաշտպանութեան, պետութեան դերակատարութեան ամբողջական վերականգնման եւ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու ընտրանքին առումով, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի գերագոյն շահերը, հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը կ՛ապահովէ եւ պետութեան գերիշխանութիւնը կ՛ամրագրէ»: Ան նաեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փաքիստանի մէջ բանակցային հոլովոյթի ընթացքը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի կացութեան վրայ: Իսլամապատի մէջ ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ զարգացումները կը դիտարկուին` իմանալու համար Լիբանանի որդեգրելիք ռազմավարական ուղղուածութեան բնոյթը»: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան պետութիւնը սկսաւ պատրաստուիլ Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ շաբաթ որոշուած բանակցութիւններու երկու փուլերուն եւ Միացեալ Նահանգներուն յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ դեսպան Սիմոն Քարամ, իսկ...

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով.  Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական  Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

Աուն. «Նահատակներու Յիշատակը Յարգելը Խոստումի Վերանորոգում Է, Թէ Կատարուած Զոհաբերութիւնները Ապարդիւն Պիտի Չմնան»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց. «Մայիսի 6-ին ամբողջ Լիբանանը` հեռաւոր հիւսիսէն մինչեւ հեռաւոր հարաւ, ակնածանքով եւ հաւատարմութեամբ կը կանգնի այն հոգիներուն առջեւ, որոնք ամէն ինչ զոհաբերեցին, որպէսզի մենք կարենանք հայրենիք ունենալ»: «Նահատակներու տօնը պարզապէս օրացոյցին մէջ կանգառ մը չէ, այլ վերանորոգում մը խոստումի, թէ կատարուած զոհաբերութիւնները ապարդիւն պիտի չմնան», ըսաւ ան: «Այսօր այս յիշատակը կը նշենք, մինչ մեր հայրենիքը հսկայական...

Պըրրի. «Իմ, Նախագահին Եւ Վարչապետին  Միջեւ Յարաբերութիւնը Ամուր Է»

Պըրրի. «Իմ, Նախագահին Եւ Վարչապետին Միջեւ Յարաբերութիւնը Ամուր Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իր, հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, եւ կայունութեան ամրապնդման համար կարեւոր է այդ յարաբերութիւններուն պահպանումը»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: «Արաղչին (Իրանի արտաքին գործոց նախարար, «Ա.») մեզի ըսաւ, թէ Լիբանանը Ուաշինկթընի հետ զինադադարի որեւէ համաձայնութեան մաս կը կազմէ», ըսաւ Պըրրի: «Յոյս ունինք, թէ իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւնները...

Սալամ. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները  Բնականոնացնելու Չենք Երթար,  Այլ` Դէպի Խաղաղութիւն»

Սալամ. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Չենք Երթար, Այլ` Դէպի Խաղաղութիւն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանը դէպի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում չ՛երթար, այլ` դէպի խաղաղութիւն: Սալամ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով կը բանակցի: «Լիբանան յաջողեցաւ հաստատել, որ ինքն իր համար կը բանակցի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ լիբանանեան հոլովոյթը Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններու հոլովոյթէն ամբողջովին անջատ է», նշեց վարչապետը: Ան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Լիբանանն ու Իսրայէլը 14 եւ 15 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն»: . «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան այս շաբաթ պիտի այցելէ Պէյրութ` հանդիպում ունենալու լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկելու զինադադարի հաստատման նպատակով թափուող միջազգային ջանքերը»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի...

Աուն. «Այն, Ինչ Որ Կ՛ընեմ,  Բոլոր Լիբանանցիներու Շահին Համար Է»

Աուն. «Այն, Ինչ Որ Կ՛ընեմ, Բոլոր Լիբանանցիներու Շահին Համար Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Մարժաայունէն, Քլէյաայէն, Տէյր Միմասէն, Պըրժ Մլուքէն, Ըպլ Սաքիէն եւ Քաուքապայէն պատուիրակութիւն մը, որուն առջեւ շեշտեց. «Երբ հարաւային Լիբանանը յոգնած ըլլայ, ատիկա ամբողջ Լիբանանի վրայ անդրադարձ կ՛ունենայ, եւ ժամանակն է, որ հարաւային Լիբանանը եւ անոր հետ ամբողջ Լիբանանը հանգչին»: «Կը շարունակեմ ջանքերը աւարտելու պատերազմը, որմէ բոլորը տառապեցան, որպէսզի խաղաղութիւնը տեւական կերպով տիրէ,...

Լիբանան Իրանի Դեսպանը Նկատեց  «Ոչ Փափաքելի Անձ» Եւ Պահանջեց  Երկրէն Անոր Հեռացումը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կը Դատապարտենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Վրայ Իրանեան Յարձակումները»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «ամէնէն բուռն եւ խիստ ձեւով» դատապարտեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները թիրախաւորած իրանեան մերժելի յարձակումները»` զանոնք նկատելով եղբայրական պետութեան մը գերիշխանութեան, միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բացայայտ խախտում մը` աւելցնելով, որ այդպիսի արարքները շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ վտանգաւոր սպառնալիք են: Նախարարութիւնը Լիբանանի «ամբողջական ու հաստատ» զօրակցութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու...

Page 38 of 985 1 … 37 38 39 … 985

Արխիւներ