Լիբանանեան

Ժիէի Մայրուղիին Եւ Սաատիեթի Ճամբուն Վրայ  Ինքնաշարժներու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

Ժիէի Մայրուղիին Եւ Սաատիեթի Ճամբուն Վրայ Ինքնաշարժներու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան Պէյրութի հարաւը գտնուող Ժիէի մայրուղիին վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Շուրջ մէկ ժամ ետք, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Ժիէի մայրուղիին վրայ երկրորդ յարձակում մը գործելով Պարժա գիւղի մուտքին մօտ հարուածեց այլ ինքնաշարժ մը: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը աւելի ուշ ալ Լեռնալիբանանի Շուֆ գաւառի Սաատիեթի ճամբուն վրայ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ մը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ...

Պաապտայի Պալատէն Ետք Նաեւ  Այն Թինէ Այցելելով`  Քանաան. «Պըրրին Նախանձախնդիր Է Ազգային  Միասնականութեան Եւ Լիբանանի Գերիշխանութեան»

Պաապտայի Պալատէն Ետք Նաեւ Այն Թինէ Այցելելով` Քանաան. «Պըրրին Նախանձախնդիր Է Ազգային Միասնականութեան Եւ Լիբանանի Գերիշխանութեան»

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բոլոր լիբանանցիներուն, հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ պաշտօնատարներուն առաջին հետաքրքրութիւնը կրակոցը դադրեցնելն ու Լիբանանին իր հողին ու կայունութեան նկատմամբ իրաւունքի ամրագրումն է, որովհետեւ Լիբանանի դէմ պատերազմի աղէտները կ՛ապրինք, եւ որեւէ լուծումի բանալին զինադադարի ամրագրումն է»: «Լիբանանի պաշտօնական նպատակը երկրի կայունութեան, սահմաններուն ու հողին...

Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի: Պատուիրակութիւնը նախարարին ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը եւ այս տարուան ընթացքին կատարելիք ձեռնարկները, որոնք պիտի աշխուժացնեն միութեան կեանքը եւ մեկնարկեն մարմնակրթական ու սկաուտական ոլորտներուն մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքը: Պայրագտարեան շնորհաւորեց նորընտիր շրջանային վարչութիւնը, վստահութիւն յայտնեց անոր անդամներուն այդ ծրագիրները...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն  Յայտնեց Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքին Վրայ Ազրպէյճանական Զինուորական Գործողութիւններուն Մասին

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց «Քուէյի Մէջ Յեղափոխական Պահակագունդի Կատարած Մերժելի Արարքները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լիբանան կը դատապարտէ «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն անդամներու մերժելի արարքները, որոնք եղբայրական Քուէյթի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարում, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ բարի դրացնութեան կանոններու խախտում կը նկատուին»: Նախարարութիւնը ըսաւ, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ եղբայրական արաբական պետութիւններու կայունութեան սպառնացող կամ անոնց ազգային անվտանգութիւնը խաթարող որեւէ փորձ:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլի եւ լիբանանեան կառավարութեան միջեւ համաձայնութեան գոյացումը կը պահանջէ իրագործումը երկու գլխաւոր հարցերու. առաջինը Իրանի վարչակարգին տկարացումն է, որ տեղի պիտի չունենայ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի` Իրանի ձեռքէն հարստացուած իւրանիոմը բռնի ուժով առնելէն առաջ, իսկ երկրորդը Հըզպալլան նկատառելի կերպով տկարացնելն է»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Գոյութիւն ունի լիբանանեան պաշտօնական գրաւ, մասնաւորաբար նախագահ Աունի եւ...

Սալամ. «Ոչ Ոք Լիբանանի Տեղ Կը Բանակցի, Եւ Մեր Պահանջները Ծանօթ Են»

Սալամ. «Ոչ Ոք Լիբանանի Տեղ Կը Բանակցի, Եւ Մեր Պահանջները Ծանօթ Են»

Մինչ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երրորդ փուլի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր աշխատանքային օրակարգի գլխաւոր կէտը զինադադարն է: Մեր պահանջները ծանօթ են. անոնք իսրայէլեան հեռացումի ժամանակացոյցի ճշդումը, գերիներու ազատ արձակումն ու Լիբանան վերադարձը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն իրենց գիւղաքաղաքներն ու գիւղերը վերադարձն են, ինչ որ վերաշինութեան սկսիլը կ՛արտօնէ»: «Մենք կ՛ուզենք եւ ամերիկեան...

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք  Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Քասեմ Կոչ Ուղղեց Բանակցութիւններէն Քաշուելու

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ կուսակցութեան «միաւորներու ղեկավարներուն, պաշտօնատարներուն, եւ դիմադրողներուն» ուղերձ մը յղելով յայտնեց, ուր իր կուսակցութիւնը դէմ կը դնէ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումի մը, «որ կ՛ուզէ Լիբանանը ենթակայ դարձնել, որպէսզի ան Մեծն Իսրայէլի մէկ մասը դառնայ»: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլան «պիտի չենթարկուի, անձնատուր պիտի չըլլայ եւ պիտի շարունակէ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանել, որքան ալ ժամանակը երկարի, որքան ալ...

Պայրագտարեան Այցելեց Առողջապահութեան Նախարարին

Պայրագտարեան Այցելեց Առողջապահութեան Նախարարին

Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասրէտտինի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ աթլեթներու եւ մարզիկներու բժշկական պաշտպանութեան արձանագրութեան պատրաստութեան հարցը: Քննարկումը կեդրոնացաւ բժշկական չափանիշներուն, սկզբունքներուն եւ պայմաններուն վրայ, որոնք իբրեւ ուղեցոյց պիտի ղրկուին մարզական խորհուրդներուն եւ կառոյցներուն, զանոնք որդեգրելու համար: Շեշտուեցաւ նաեւ այս ցուցմունքները առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներու եւ փորձագէտներուն հետ գիտականօրէն քննարկելու կարեւորութիւնը:

Միջինարեւելեան Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութիւնները Ջնջուեցան

Միջինարեւելեան Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութիւնները Ջնջուեցան

Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներու եւ Մալիի մէջ յունիսին նախատեսուած ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններու ջնջումը յայտարարեց` «նկատի ունենալով այդ երկիրներուն մէջ տիրող յատուկ պայմանները»: Նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Իրաքի, Իրանի, Իսրայէլի, Քուէյթի, Քաթարի եւ Մալիի մէջ որդեգրուած ֆրանսական դպրոցներու մէջ արձանագրուած աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ազգային կրթութեան կեդրոնին կողմէ որդեգրուած հեռակայ կարգով դասընթացքներու մէջ արձանագրուած աշակերտները...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՍՏ «ԷԼ.ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութեան, Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութեան  առաջին փուլը կը սկսի հինգշաբթի օր, Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:00-ին, եւ կ՛աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, ապա կը շարունակուի ուրբաթ օր: Ժողովը պիտի սկսի պատուիրակութիւններուն միջեւ եռակողմ հանդիպումով, որմէ ետք իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն կ՛առանձնանայ իր ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելու համար, ապա պատուիրակութիւնները դարձեալ ժողովի կը վերադառնան: ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմը Միացեալ...

Ըստ Իսրայէլեան Բանակէն Աղբիւրի Մը.  Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Իր Ցամաքային  Գործողութիւնները Ընդլայնելու

Ըստ Իսրայէլեան Բանակէն Աղբիւրի Մը. Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իր Ցամաքային Գործողութիւնները Ընդլայնելու

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան յարձակումներու շարք մը գործեց Նապաթիէի Եըհմոր Շքիֆ, Քֆարթպնիթ, Շուքին, Ապա գիւղերուն եւ Թուլի մէջ Ռահալ խանութին վրայ: Միեւնոյն ժամանակ Եըհմոր Առնուն, Քֆարթպնիթ, Նապաթիէ Ֆաուքա եւ Մայֆատուն գիւղերը հրետանիով ռմբակոծման ենթարկուեցան: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Պեքայի Քիլիա գիւղին, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Շաքրա, Արապսալիմ, Զըպտին եւ Առնուն գիւղերուն վրայ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ ուղղաթիռի մը թեքնիք...

Նախագահ Աուն Դեսպան Իսայի Հետ Քննարկեց  Ուաշինկթընի Մէջ Եռակողմ Ժողովի Զարգացումները

Նախագահ Աուն Դեսպան Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթընի Մէջ Եռակողմ Ժողովի Զարգացումները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան: Նախագահ Աուն դեսպանին հետ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ այս շաբաթ նախատեսուած լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան եռակողմ ժողովին առնչուած վերջին զարգացումներուն: Նախագահ Աուն Միացեալ Նահանգներու դեսպանին շեշտեց «կրակոցը, զինուորական գործողութիւնները եւ բնակարանները պայթեցնելն ու գետնին հաւասարեցնելը դադրեցնելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը»: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր...

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Սալամ. «Մենք Մեր Պահանջներուն Բաւարարումէն Ետք Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութեան Մը Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Ենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Դամասկոս այցելութեանս նպատակը Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան մակարդակը բարձրացնելն ու յարաբերութիւնները փոխադարձ յարգանքի եւ ուրիշներուն հարցերուն չմիջամտելու հիմամբ ամրապնդելն էր»: «Լիբանանի վրայ սուրիական հոգատարութեան եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան էջը փակեցինք», նշեց վարչապետը: «Մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք մաքսատուրքերու, տարանցման, փոխադրութեան, արտածումներու եւ ելեկտրականութեան կապի ոլորտներուն մէջ տնտեսական գործակցութեան առումով,...

Նեթանիահու. «Իրանեան Վարչակարգի Տապալումը  Հըզպալլայի Վերջը Կը Նշանակէ»

Նեթանիահու. «Իրանեան Վարչակարգի Տապալումը Հըզպալլայի Վերջը Կը Նշանակէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իրան տակաւին շրջանային գործակատարներու կ՛աջակցի եւ հեռահար հրթիռներ արտադրելու աշխատանք կը տանի»: «Իրանեան վարչակարգի տապալումը կարելի է, սակայն երաշխաւորուած չէ, կարելի չէ անոր փոփոխութեան թուականը կանխատեսել, եւ եթէ իրանեան վարչակարգը տապալի, ատիկա Հըզպալլայի, Համասի եւ թերեւս նաեւ հուսիներուն վերջը կը նշանակէ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը: «Ունինք աչքեր եւ ականջներ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Շիպանի. «Լիբանանի Մէջ Պետութեան Գերիշխանութենէն Դուրս Գործող Կարգ Մը Զինեալ Միլիսներու Նկատմամբ Ապահովական Մտավախութիւններ Ունինք»

Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու հարցերու նախարար Ասաատ Շիպանի Եւրոպական Միութեան Միջերկրականի յանձնակատար Տոպրաւքա Շուիսայի հետ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Սուրիոյ միջեւ գործընկերութեան համախմբումին ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիան Լիբանանը կը դիտարկէ իբրեւ Սուրիոյ գործընկեր եւ դրացի, եւ կը յուսանք, որ այդտեղ կայունութիւն կը հաստատուի, եւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւն տեղի կ՛ունենայ»: «Լիբանանի մէջ լիբանանեան...

Հաժ Հասան. «Ուղղակի Բանակցութիւններու  Որոշումը Սխալ Է, Եւ Երկիրը  Նոր Ճգնաժամի Կ՛առաջնորդէ»

Հաժ Հասան. «Ուղղակի Բանակցութիւններու Որոշումը Սխալ Է, Եւ Երկիրը Նոր Ճգնաժամի Կ՛առաջնորդէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Լիբանանեան իշխանութեան Իսրայէլի հետ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու դիմելու որոշումը սխալ ընտրանք մըն է, որ երկիրը նոր ճգնաժամի կ՛առաջնորդէ»: «Ո՞ւր է զինադադարը, որուն համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնեցիք», հարց տուաւ երեսփոխանը աւելցնելով. «Իսրայէլ զայն ամէն օր կը խախտէ եւ կը սպաննէ տասնեակներով անձեր, որոնց շարքին կիներ եւ մանուկներ»:...

Վարչապետարանին Մէջ  Նախարարական Հանդիպում

Վարչապետարանին Մէջ Նախարարական Հանդիպում

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս վարչապետարանին մէջ նախարարական հերթական հանդիպումէն ետք նշեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անդրադարձաւ Սուրիա այցելութեան, որ յարաբերութիւնները յառաջ մղեց եւ դիւրացուց առեւտրական ու մաքսատնային գործողութիւնները»: «Վարչապետը կանգ առաւ իսրայէլեան յարձակումներու շրջագիծին ընդարձակման վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտեց պատերազմական ոճիրներու փաստագրումը շարունակելու եւ զանոնք ՄԱԿ-ին ներկայացնելու կարեւորութիւնը: «Ան նաեւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին հետ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի...

Պասիլ. «Պահ Դրուած Գումարները Գողցողներուն  Համաներումը Մերժելի Է, Եւ Բանակին Ու Անոր  Նահատակներուն Կողմնակիցները Պիտի Մնանք»

Պասիլ. «Պահ Դրուած Գումարները Գողցողներուն Համաներումը Մերժելի Է, Եւ Բանակին Ու Անոր Նահատակներուն Կողմնակիցները Պիտի Մնանք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է, եւ զայն բացատրելու համար ժողովներու կարիք չկայ. անիրաւուածներուն համաներումը պարտաւորութիւն է, իսկ թմրեցուցիչներու վաճառականներու եւ մարդասպաններու համաներումը մերժելի է, պահ դրուած գումարները գողցողներուն համաներումը մերժելի է»: «Կարիք չկայ բացատրելու բանակայիններ սպաննածներուն համաներման հարցը, որովհետեւ բանակին եւ անոր նահատակներուն կողմնակիցները պիտի մնանք», աւելցուց ան: «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աուն դեսպան Սիմոն Քարամին ցուցմունք տուաւ չքննարկելու լիբանանեան կողմին ճշդած օրակարգի կէտերը, եթէ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր թշնամական արարքները չդադրեցնէ»: .ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ պաշտօնատարները կը շարունակեն ամերիկեան կողմին հետ իրենց հաղորդակցութիւնները` հինգշաբթի օր բանակցային ժողովէն առաջ զինադադարը ամրագրելու համար, եւ եթէ Իսրայէլ զինադադարը չյարգէ, այդ ժողովին ընթացքին այդ...

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի  Պետը Կը Յայտարարէ.  «Հիւսիսային Ճակատին Վրայ Լիբանանի Հետ  Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ճակատին Վրայ Լիբանանի Հետ Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտնեց, որ հիւսիսային ճակատի վրայ Լիբանանի հետ զինադադար գոյութիւն չունի: Զամիր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբին մէջ լսումի նիստի ընթացքին նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու նպատակ չէ ճշդած: «Մեր նպատակը հակազրահապատ հրթիռներու սպառնալիքը արգիլելը, Գալիլիա ներթափանցումը արգիլելն ու Հըզպալլայի կազմաքանդման պայմաններու ստեղծումն է», նշած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:  

Page 37 of 985 1 … 36 37 38 … 985

Արխիւներ