Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Մախզումի հանդիպումէն ետք ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց «այն հոլովոյթին, որ նախագահ Աունը կը ղեկավարէ Լիբանանի պաշտպանութեան, պետութեան դերակատարութեան ամբողջական վերականգնման եւ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու ընտրանքին առումով, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի գերագոյն շահերը, հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը կ՛ապահովէ եւ պետութեան գերիշխանութիւնը կ՛ամրագրէ»:
Ան նաեւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան եւ «անոր գերիշխանական որոշումներուն, որոնք Լիբանանի պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընտանիքի վստահութիւնը կը վերականգնեն»:
Երեսփոխանը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերել` հեռու մնալով կարգախօսներէ եւ բանավէճերէ, «որոնք Լիբանանը հասցուցին իր ներկայ ճգնաժամերուն»:
Մախզումի Իսրայէլին կոչ ուղղեց` յարգելու գոյացած փոխըմբռնումները եւ աստիճանաբար հեռանալու լիբանանեան հողերէն:
«Մայրաքաղաքը իր բնական դերակատարութիւնը կրնայ վերականգնել միայն օրինական անվտանգութեան ճամբով եւ ամրագրելով այն սկզբունքը, թէ լիբանանեան պետութեան իշխանութենէն վեր իշխանութիւն չկայ», ըսաւ ան:
«Համաներման արդար ու համապարփակ օրէնքի որդեգրումը բանավէճերէ եւ պարանաձգութիւններէ հեռու ազգային ու մարդասիրական անհրաժեշտութիւն է», նշեց Մախզումի:


