Լիբանանեան

Պըրրի. «Անհրաժեշտ Է, Որ Միջազգային  Կազմակերպութիւնները Իսրայէլեան Ոճիրներուն  Դատապարտման Նկատմամբ  Իրենց Դերակատարութեան Տէր Կանգնին»

Պըրրի. «Անհրաժեշտ Է, Որ Միջազգային Կազմակերպութիւնները Իսրայէլեան Ոճիրներուն Դատապարտման Նկատմամբ Իրենց Դերակատարութեան Տէր Կանգնին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ ներկայացուցիչ Փաոլօ Ֆոնթանին: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին ու տարբեր մակարդակներու վրայ անոր հետեւանքներուն, մասնաւորաբար հարաւայի Լիբանանի մէջ հնագիտական, մշակութային, կրօնական, կրթական եւ քաղաքային վայրերու թիրախաւորման: Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այդ ոճիրներուն դատապարտման...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին. «Իսրայէլեան բանակը պահանջեց ամերիկեան սահմանափակումներ վերցնել, որպէսզի Հըզպալլան հարուածելը շարունակէ»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Սէուտական Արաբիան Իսրայէլի հետ բանակցութեան սեղան բերել ձախողելէ ետք, Թրամփ աշխատանք կը տանի Լիբանանի նախագահին եւ Նեթանիահուի միջեւ վեհաժողովի գումարման ուղղութեամբ»: . ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային, մասնաւորաբար ամերիկեան հաղորդակցութիւնները վերջին օրերուն աշխուժացան ենթահող պատրաստելու համար բանակցային նոր փուլի մը, որ...

Նախագահ Աուն. «Նեթանիահուի Հետ  Հանդիպումի Համար Պահը Յարմար Չէ»

Նախագահ Աուն. «Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Համար Պահը Յարմար Չէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը եւ շեշտեց. «Մեր ազգային որոշումով եւ միասնականութեամբ կրնանք բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայել, եւ Լիբանանի մէջ սադրանքի շուրջ շինծու ամբողջ ժխտական մթնոլորտը անհիմն է»: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ընթացող հանդիպումները կարեւոր ձեռքբերում են Լիբանանի համար, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ: «Ասիկա մեծ...

Սալամ. «Բանակցութիւնները  Տակաւին Չսկսան,  Եւ Ուաշինկթընի Ժողովները  Նախապատրաստական Են»

Սալամ. «Բանակցութիւնները Տակաւին Չսկսան, Եւ Ուաշինկթընի Ժողովները Նախապատրաստական Են»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Երկիրը նոր հունի վրայ դրինք, եւ Պէյրութի վերաբերեալ որոշումին գործադրութիւնը շաբաթներու եւ ամիսներու կը կարօտի, եւ անկէ ետդարձ չկայ»: Ան կոչ ուղղեց Պէյրութի մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդելու եւ խախտում արձանագրողները զսպելու: Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի մջ բանակցութիւններուն, ան նշեց, որ տակաւին բանակցութիւններ չկան, եւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, նախապատրաստական հանդիպումներ են` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու...

Պքերքէ Այցելելով`  Իսա. «Նեթանիահուն «Հրէշ» Չէ, Եւ Լիբանան Ոչինչ  Կը Կորսնցնէ, Եթէ Նախագահ Աուն Իր Երկրին Պահանջները  Թրամփի Ներկայութեան Անոր Ներկայացնէ»

Պքերքէ Այցելելով` Իսա. «Նեթանիահուն «Հրէշ» Չէ, Եւ Լիբանան Ոչինչ Կը Կորսնցնէ, Եթէ Նախագահ Աուն Իր Երկրին Պահանջները Թրամփի Ներկայութեան Անոր Ներկայացնէ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եթէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթըն այցելէ եւ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ, Լիբանան վնաս չի կրեր»: «Աուն հանդիպումի ընթացքին Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կը ներկայացնէ Լիբանանի պահանջները, որմէ ետք բանակցութիւնները կը սկսին, եւ ատիկա զիջում կամ կորուստ չէ»,...

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք  Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Շէյխ Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Զինադադար Չկայ, Այլ Իսրայէլեան-Ամերիկեան Շարունակուող Յարձակում»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտնեց. «Լիբանանն ու շրջանը կը դիմագրաւեն իրենց պատմութեան եւ սերունդներու ապագային մէջ վտանգաւոր փուլ մը»: «Լիբանանի մէջ զինադադար չկայ, այլ իսրայէլեան-ամերիկեան շարունակուող յարձակում», ըսաւ ան: Անդրադառնալով 27 նոյեմբեր 2024 թուականի զինադադարի համաձայնութեան` շէյխ Քասեմ նշեց. «Լիբանան յարձակումի ենթարկուած կողմն է, եւ իր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան...

Ֆայիատ. «Իշխանութեան Հետ  Բախում Չենք Ուզեր»

Ֆայիատ. «Իշխանութեան Հետ Բախում Չենք Ուզեր»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իշխանութեան հետ բախում մը չենք ուզեր: Չենք ուզեր երկիրը ներքին խնդիրի տանիլ, թէեւ գոյութիւն ունի Դիմադրութեան թշնամի այլ խումբ մը, որ արգելք չունի, թերեւս ալ կը ջանայ երկիրը զինաթափման խորագիրին տակ ներքին խնդիրի մէջ ներքաշել, սակայն իրատեսական գնահատումով, գոյութիւն ունի երկրի ինքնութեան, ապագային, դիրքին ու շահերուն կապուած հոլովոյթ մը, որուն մէջ յառաջ...

Մուսաուի. «Տեղեկատուական Պատերազմին  Նպատակը Սադրանք Յառաջացնելու Փորձն Է»

Մուսաուի. «Տեղեկատուական Պատերազմին Նպատակը Սադրանք Յառաջացնելու Փորձն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Չի բաւեր, որ թշնամին կը սպաննէ եւ կ՛ահաբեկէ մեր երիտասարդները, մեր հողը գետնի հաւասար կ՛ընէ, մեր սեփականութիւնները կը քանդէ, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ու ամէն տեղ սպանութիւն, քանդում եւ գետնի հաւասարում կը տարածէ, ան մեր սրբութիւններուն դէմ սկսած է աւերիչ լրատուական պատերազմ, որուն միջոցով կ՛ուզեն Դիմադրութեան արիւնն ու դատը կորսնցնել ամերիկեան եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանան-Իսրայէլ երրորդ հանդիպումը Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր: Դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատ պիտի ներկայացնէ Լիբանանը, եւ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ դեսպան Սիմոն Քարամ միանայ բանակցութիւններուն»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի միջեւ որեւէ հանդիպում, ըլլայ այդ Թրամփի հովանաւորութեամբ կամ ոչ, բացարձակապէս բացառուած է, եւ նախագահ Աուն կրնայ Ուաշինկթըն այցելել բացառապէս...

Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»

Աուն. «Լիբանանի Մէջ Համայնքապետներուն Եւ Հոգեւոր Հեղինակութիւններուն Նկատմամբ Վատ Վերաբերմունքը Դատապարտելի Եւ Մերժելի Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետներուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքը դատապարտելի եւ մերժելի արարք է` նկատի ունենալով հոգեւոր պետերուն ունեցած այն արժէքները, որոնք կրօնականէն անդին անցնելով կը հասնին ազգայինին, ուստի բոլորէն կը սպասուի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի միասնականութիւնը մարմնաւորող այդ արժէքները չխաթարել, ինչպէս նաեւ կիրարկուող օրէնքները կ՛արգիլեն այդպիսի արարքները եւ անոնց հեղինակները...

Պըրրի Դատական Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ`  Կրօնական Ու Ազգային Խորհրդանիշերուն Նկատմամբ  Վիրաւորանքի Եւ Յարձակումի Հարցով  Անմիջապէս Գործի Լծուելու

Պըրրի Դատական Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Կրօնական Ու Ազգային Խորհրդանիշերուն Նկատմամբ Վիրաւորանքի Եւ Յարձակումի Հարցով Անմիջապէս Գործի Լծուելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «կրօնական ու ազգային խորհրդանիշերուն նկատմամբ վիրաւորանքն ու յարձակումը, որեւէ կողմէ որ ալ ըլլայ, որեւէ միջոցով ալ ըլլայ, ըլլայ այդ լրատուամիջոցներու մէջ կամ համացանցի վրայ»: Պըրրի բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` գիտակցելու վտանգին ներքաշուելու սադրանքին մէջ, «որուն մասին միշտ երազած ու աշխատանք տարած է լիբանանցիներուն` քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն հասարակաց թշնամին»: «Չափազանց զգուշ եղէք այս...

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Գիտակից Ըլլալու Եւ Մերժելու Ատելութեան Հռետորաբանութիւնը` Երկիրը Սադրանքի Մթնոլորտին Մէջ Չներքաշելու Համար

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Քաղաքական տարակարծութիւնը որքան ալ խոր ըլլայ, խօսքի ազատութեան կառչելովս հանդերձ, զգուշացուցի անձնական վիրաւորանք պարունակող որեւէ արտայայտութենէ, բռնածաղրէ եւ դաւաճանութեան պիտակաւորումէն, որոնք բոլորն ալ դատապարտելի են եւ կը ծառայեն լարուածութեան ստեղծման եւ նեղմտութեան հրահրման»: «Հայրենակից եղբայրներուս ու քոյրերուս կոչ կ՛ուղղեմ` առաւելագոյն աստիճանի գիտակից ըլլալու եւ մերժելու ատելութեան հռետորաբանութիւնը` երկիրը չներքաշելու համար սադրանքի մթնոլորտին մէջ, որուն հետեւանքները ծանր...

Հոգեւոր Պետերը Կը Դատապարտեն

Հոգեւոր Պետերը Կը Դատապարտեն

Լիբանանի տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը դատապարտեցին վերջին քանի մը օրուան ընթացքին լրատուամիջոցներու եւ մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ տարբեր հոգեւոր պետերու եւ կրօնական հեղինակութիւններու հասցէին կատարուած վիրաւորանքները: Հանրապետութեան Միւֆթին Հեռաձայնեց Ռայի Պատրիարքին Մարոնի համայնքի պատրիարքարանի դիւանը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան հեռաձայնած է մարոնիներու Ռայի պատրիարքին` բուռն կերպով դատապարտելով անոր հասցէին հնչած վիրաւորանքները: Հաղորդագրութեան համաձայն, շէյխ Տրիան իր ամբողջական...

Ռայի Պատրիարք. «Ընկերային Ցանցերու Վրայ  Բանավէճերը Լեզուի Եւ Արժէքներու Մտահոգիչ Անկում Են,  Ինչպէս Նաեւ Արժանապատուութեան Ոտնահարում»

Ռայի Պատրիարք. «Ընկերային Ցանցերու Վրայ Բանավէճերը Լեզուի Եւ Արժէքներու Մտահոգիչ Անկում Են, Ինչպէս Նաեւ Արժանապատուութեան Ոտնահարում»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ Աստուածածինի նուիրուած ամսուան բացման սուրբ պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ նշեց. «Կը գտնուինք հայրենիքի մը մէջ, որ մտահոգութեան, շփոթահարութեան եւ սպասողական վիճակներու մէջ կ՛ապրի: Կանգնած ենք իրողութեան մը առջեւ, որ մեր վրայ պարտադրուած ու մերժելի պատերազմի եւ քանդումի, տեղահանութեան ու սպանութեան միջեւ կը տատանուի: Առկախ իրավիճակ մը, որ ուժաթափ կը դարձնէ մարդը եւ կը...

Ֆատլալլա. «Բանակցութիւնները` Իրենց  Բոլոր Արդիւնքներով, Մեզի Չեն Վերաբերիր,  Մենք Զանոնք Պիտի Չգործադրենք  Եւ Անոնց Վաւերացումը Պիտի Չարտօնենք»

Ֆատլալլա. «Բանակցութիւնները` Իրենց Բոլոր Արդիւնքներով, Մեզի Չեն Վերաբերիր, Մենք Զանոնք Պիտի Չգործադրենք Եւ Անոնց Վաւերացումը Պիտի Չարտօնենք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը այսօր ազգային ընտրանքն է, որուն մեր հողերու ազատագրման եւ մեր ժողովուրդն ու երկիրը պաշտպանելու այլընտրանքը չկայ, եւ անիկա պիտի շարունակէ եւ պիտի գոյատեւէ: «Նահանջ պիտի չարձանագրենք, մինչեւ որ թշնամին մեր հողերէն դուրս գայ եւ մեր երկրին վրայ յարձակումները դադրեցնէ: «Ամէն գնով ու զոհողութիւններով պիտի չընդունուի անցեալ փուլին, այսինքն` 2...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի առաքելութիւնը իր ընտրուած ժամանակով առիթ մըն էր փոխանցելու, թէ Ուաշինկթըն կառչած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան առաջնորդող ուղղակի բանակցութիւններու հասնելու կարեւորութեան»: . ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի միջեւ հանդիպումը բացառուած է, նախագահ Աուն այդ առնչութեամբ շարք մը կեցուածքներ յայտնեց, եւ նոյնիսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բացառուած է»:...

Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ  Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Թրամփը` Նեթանիահուին. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Սահմանափակ Զինուորական Գործունէութեամբ Բաւարարուիս»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանն ու Հըզպալլան Լիբանանը քանդեցին: Ան այս մասին յայտնեց «Աքսիոս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Երբ Իրանին վերջ տանք, Հըզպալլան ինքնաբերաբար վերջ կը գտնէ», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանն ու անոր ղեկավարութիւնը կը հաւնի` նշելով, որ երկիրը կրնայ անգամ մը եւս ոտքի կանգնիլ: Թրամփ Լիբանանի վերաբերեալ զգուշացուց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն` շեշտելով,...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին.  Իսրայէլ Ուաշինկթընէն Խնդրած Է Լիբանանի Հետ  Բանակցութիւններուն Առաւելագոյնը Մինչեւ  Մայիսի Կէսը Ժամանակ Ճշդել

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլ Ուաշինկթընէն Խնդրած Է Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններուն Առաւելագոյնը Մինչեւ Մայիսի Կէսը Ժամանակ Ճշդել

Իսրայէլ կը ջանայ լիբանանեան կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն համար ճշդել երկուքէն երեք շաբաթ երկարող եւ մայիսի կիսուն աւարտող պայմանաժամ մը, եւ արտօնութիւն կը խնդրէ Լիբանանի դէմ իր պատերազմի «նախնական ծրագիր»-ին վերադառնալու, եթէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չարձանագրուի: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, որ կը նշէ, թէ այս առաջարկը ներկայացուած է չորեքշաբթի երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Իր Յարձակումները

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Իր Յարձակումները

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի մէջ հակաօդային հրթիռով վար առած է իսրայէլեան զինուորական անօդաչու թռչող սարք մը` նշելով. «Դէպքը հետաքննութեան կ՛ենթարկուի»: Հըզպալլա իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իր մարտիկները երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին հակաօդային հրթիռով  վար առած են Նապաթիէ քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես-450-Զիք» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը: Հըզպալլա նաեւ յայտարարեց,...

Քումաթի. «Մեր Դիրքորոշումը Հաստատ Է.  Իսրայէլի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւններ  Սկսելէ Առաջ Պէտք Է Լիակատար Զինադադար Հաստատուի»

Քումաթի. «Մեր Դիրքորոշումը Հաստատ Է. Իսրայէլի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելէ Առաջ Պէտք Է Լիակատար Զինադադար Հաստատուի»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի նշեց. «Մեր դիրքորոշումը հաստատ է. Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններ սկսելէ առաջ անհրաժեշտ է լիակատար զինադադար հաստատել»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Քումաթի ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը պիտի չդադրի, մինչեւ որ լիբանանեան հողերը ամբողջովին ազատագրուին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մերժման վրայ շեշտեց, եւ կարելի...

Page 39 of 985 1 … 38 39 40 … 985

Արխիւներ