Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 12, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աուն դեսպան Սիմոն Քարամին ցուցմունք տուաւ չքննարկելու լիբանանեան կողմին ճշդած օրակարգի կէտերը, եթէ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր թշնամական արարքները չդադրեցնէ»:

.ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ պաշտօնատարները կը շարունակեն ամերիկեան կողմին հետ իրենց հաղորդակցութիւնները` հինգշաբթի օր բանակցային ժողովէն առաջ զինադադարը ամրագրելու համար, եւ եթէ Իսրայէլ զինադադարը չյարգէ, այդ ժողովին ընթացքին այդ հարցը պիտի քննարկուի զայն վճռելու համար, նախքան յաջորդ օր սպասուող բանակցային օրակարգի քննարկումը:

.«ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «աշխատանք կը տարուի հինգշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ բանակցութեան նիստէն առաջ զինադադարը ամրագրելու, եւ եթէ յաջողութիւն չարձանագրուի, անիկա բանակցութեան սեղանի վրայ եղող առաջին կէտը պիտի ըլլայ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է, որ ուրբաթ օր Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պիտի ձեռնարկուին առաջին քայլերը` լուծելու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերը: Սկիզբ պիտի առնէ ցամաքային սահմանի սահմանազատման հոլովոյթը, երբ ծովայինը տարիներ առաջ սահմանազատուած էր:

Աղբիւրին համաձայն, սահմանազատումը կը ներառէ «Կապոյտ գիծ»-ին վրայ գտնոող վիճելի 13 կէտերը` Մազարեհ Շեպաան, Ղաժար գիւղը, որուն լիբանանեան բաժինին շուրջ Իսրայէլ պատ կառուցած է, Ռաս Նաքուրան (Պի1), Քֆարշուպայի բարձունքները, Ըտէյսէն, Մէյս Ժապալը, Մթըլլէ-Ուազզանին, Ալմա Շաապը, Եարինի դիմաց գտնուող պարտէզը, Մարուահինը, Ռմէյշը, Եարուն-Մարուն Ռասը:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, թէեւ Նախագահական պալատի խումբը շրջանառութեան մէջ կը դնէ, թէ բանակցային հոլովոյթը յառաջ կը մղուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ լիարժէք համակարգումով, սակայն վերջինիս մերձաւորները կտրուկ կերպով կը հերքեն այդ մէկը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի դեսպան Սիմոն Քարամի աշխատանքին:

Անոնք կը յայտնեն, որ պատուիրակութեան մէջ նշուող անունները որեւէ կապ չունին խորհրդարանի նախագահին հետ. աւելի՛ն, պատուիրակութեան կազմը կ՛արտացոլացնէ ամէն գնով Իսրայէլի հետ կարգաւորման հասնիլ ուզող իշխանաւորներուն տեսակէտը:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի կացութեան վերաբերեալ ամերիկեան-իրանեան փոխըմբռնումի հասնիլը դիւրին պիտի չըլլայ, նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին վրայ բանեցուած իսրայէլեան մեծ ճնշումները, որպէսզի ան ներկայ փուլին լիբանանեան ճակատին վերաբերող որեւէ փոխըմբռնման գոյացման ուղղութեամբ չընթանայ»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամի Սուրիա այցելութեան կարեւորութիւնը միայն անոր շրջանային նուրբ պահու տեղի ունենալուն մէջ չի կայանար, այլ բնոյթին մէջ այն թղթածրարներուն, որոնք յստակ կերպով ու գործնական մօտեցումով բացուեցան, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները մուտք գործած են տարբեր փուլ, որուն խորագիրն է շահերու կառավարում եւ ոչ թէ ճգնաժամերու կառավարում»:

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «հակառակ կարգ մը երեսփոխաններու հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ ժողովէն բխած դրական մթնոլորտին, այլ երեսփոխաններու մթնոլորտը մինչեւ այս պահս համաներման օրէնքին շուրջ վերջնական համաձայնութեան մը գոյացումը չի յուշեր»:

«Մինչեւ հիմա մթնոլորտը չի յուշեր, թէ կարելի է այս շաբաթ երեսփոխանական յանձնախումբերու միացեալ նիստ մը գումարել, թէեւ օրինագիծը տակաւին չտապալեցաւ, եւ քաղաքական հաղորդակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 6 մայիսին խորհրդարանական յանձնախումբերը երկուշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հրաւիրած էր միացեալ նիստի` քննարկելու համար համաներում շնորհելու եւ պատիժներու ժամկէտները արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծը, սակայն նիստը անորոշ թուականով յետաձգուեցաւ:

. ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը պահանջեց, որ Հապիպ Շարթունիի թղթածրարը ներառուի նախապատրաստուող համաներման որեւէ օրէնքի մէջ:

Շարթունի ամբաստանուած է Լիբանանի նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայելի սպանութեան յանցանքով:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Նախընտրական Հանդիպումները` Դիլիջանի Եւ Իջեւանի Մէջ

Յաջորդը

Պասիլ. «Պահ Դրուած Գումարները Գողցողներուն Համաներումը Մերժելի Է, Եւ Բանակին Ու Անոր Նահատակներուն Կողմնակիցները Պիտի Մնանք»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.