Լիբանանեան

Նախարարաց Խորհուրդը Պետական  Քննութիւնները Ջնջեց

Նախարարաց Խորհուրդը Պետական Քննութիւնները Ջնջեց

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգին վրայ կային վարչական կէտեր, շարք մը օրինագիծեր, նշանակումներ եւ պաշտօններու առնչուած թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ գումարուող ժողովներու եւ խորհրդաժողովներու մասնակցութեան դիմումներ: Նախքան ժողովը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ երկկողմանի ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ երկրին ընդհանուր կացութեան, ինչպէս...

Իսա. «Իսրայէլեան Հեռացումը Ի Վերջոյ  Տեղի Պիտի Ունենայ, Սակայն Ոչ Վաղը»

Իսա. «Իսրայէլեան Հեռացումը Ի Վերջոյ Տեղի Պիտի Ունենայ, Սակայն Ոչ Վաղը»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլեան հեռացումը ի վերջոյ տեղի պիտի ունենայ, սակայն ոչ վաղը»: «Մթնոլորտը դրական է, եւ պէտք է փորձառական շրջանները ընտրել, իսկ մտադրութիւններու հաղորդագրութիւնը` վաղուան ժողովին», ըսաւ ան: «Վաղը փորձառական շրջաններու ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ», յայտնեց Իսա:  

Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Աղբիւրներ  Կը Հերքեն «Ռոյթըրզ»-ի Լուրը

Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Աղբիւրներ Կը Հերքեն «Ռոյթըրզ»-ի Լուրը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան ըսած է.«Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր հաստատած արգելակիչ գօտիի մէկ բաժինէն հեռացաւ` լիբանանեան կառավարութեան նկատմամբ բարի կամեցողութեան իբրեւ նշան»: «Լիբանանեան բանակը այժմ պէտք է շարժի դէպի այն շրջան, ուրկէ Իսրայէլ հեռացաւ», նշած է պաշտօնատարը: Լիբանանեան աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդած լուրը ճիշդ չէ:...

Խօսք Ուղղելով Իսրայէլացիներուն`  Քաանի. «Եթէ Լիբանանէն Ձեր Կամքով Չհեռանաք,  Պիտի Ստիպուիք Նուաստացած  Ու Պարտութեան Մատնուած Փախուստ Տալու»

Խօսք Ուղղելով Իսրայէլացիներուն` Քաանի. «Եթէ Լիբանանէն Ձեր Կամքով Չհեռանաք, Պիտի Ստիպուիք Նուաստացած Ու Պարտութեան Մատնուած Փախուստ Տալու»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի իր խօսքը իսրայէլացիներուն ուղղելով յայտնեց. «Պէտք է լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանաք, որովհետեւ այս հողը տոկալու եւ դիմադրութեան դաշտ է, եւ ոչ թէ բռնագրաւողներու դաշտ»: «Եթէ այսօր ձեր կամքով չհեռանաք, վաղը պիտի ստիպուիք նուաստացած ու պարտութեան մատնուած փախուստ տալու», զգուշացուց Քաանի: «Մի՛ մոռնաք 2000 թուականը, եւ նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի Պընթ Ժպէյլի պատմական...

Ֆատլալլա. «Իշխանութեան Կողմէ Թշնամիին  Որեւէ Զիջում Պիտի Չընդունուի»

Ֆատլալլա. «Իշխանութեան Կողմէ Թշնամիին Որեւէ Զիջում Պիտի Չընդունուի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Զինադադարի իսրայէլեան խախտումներ կան, յարձակումներ եւ թշնամիի իրանեան-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ իր յանձնառութիւններէն խուսափելու փորձեր կան, որովհետեւ ան չ՛ուզեր այս համաձայնութիւնը յարգել, սակայն Դիմադրութիւնը գիտէ այս հարցին հետ ինչպէ՛ս վարուիլ, առնչակից տղաքը գիտեն ինչպէ՛ս դիմակայել, եւ այդ առնչութեամբ ցուցմունքները ի՛նչ են»: «Իրանեան-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագիրը մեծ ձեռքբերում է Իրանի իսլամական հանրապետութեան համար, որ...

Հաժ Հասան. «Իրան Լիբանանի Նկատմամբ  Իր Յանձնառութիւնները Կատարեց»

Հաժ Հասան. «Իրան Լիբանանի Նկատմամբ Իր Յանձնառութիւնները Կատարեց»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Իրանը իր դիւանագիտութեան եւ քաղաքական ու զինուորական ճնշումներուն ճամբով կրցաւ թշնամիին զինադադար պարտադրել, երբ ամերիկեան խոստումները, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տուածները, իսրայէլեան յարձակումները չդադրեցուցին, այլ Իսրայէլին աւելի լայն տարածք շնորհեցին գործելու, թիրախաւորելու եւ քանդելու` մինչ պաշտօնական Լիբանանը լուռ մնաց»: «Վերջերս Ուաշինկթըն այցելած լիբանանեան պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Երէկուան Լիբանան-Իսրայէլ զինուորական բանակցութիւններու նիստին դրական ու շինիչ մթնոլորտ տիրեց, ինչ որ հարաւային սահմաններուն վրայ կայունութեան ամրապնդման եւ առկախ թղթածրարներու կարգաւորման գործնական հոլովոյթի սկզբնաւորման համար ջանքերու շարունակութեան ցուցանիշ է»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ուաշինկթընեան փուլին տեղի ունեցածը բանակցային հոլովոյթի սահմանումն էր: Լիբանան բանակցութիւնները կը նկատէ զինադադարի իրականացման եւ բռնագրաւումի դադրեցման ուղղուած ուղի, մինչդեռ...

Նախագահ Աուն. «Ուաշինկթընի Մէջ  Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Անջատ Են Զուիցերիոյ Մէջ  Միացեալ Նահանգներ-Իրան Ժողովներու  Արդիւնքներէն»

Նախագահ Աուն. «Ուաշինկթընի Մէջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Անջատ Են Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Ժողովներու Արդիւնքներէն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը եւ յայտնեց, որ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Բրիտանիոյ աջակցութեան շարունակման եւ 2027 թուականի սկիզբը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան պահպանման իր ջանքերուն անոր զօրակցութեան: Աուն ըսաւ, որ աշխատանք կը տարուի հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարը ամրապնդելու, որմէ ետք իսրայէլեան ուժերը պէտք է հեռանան, լիբանանեան բանակը պէտք է...

Սալամ. «Ուաշինկթընեան Հոլովոյթը  Զուիցերիական Հոլովոյթէն Տարբեր Է»

Սալամ. «Ուաշինկթընեան Հոլովոյթը Զուիցերիական Հոլովոյթէն Տարբեր Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Աունի Քաաքէի գլխաւորութեամբ մամլոյ սենտիքայի պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանին փոխանցուեցաւ պատկերացումը Զուիցերիոյ մէջ գոյացած բջիջին, որուն մենք մաս կը կազմենք, եւ անոր նպատակը զինադադարը ամրապնդելն է: Սակայն Ուաշինկթընի հոլովոյթը անկէ տարբեր է: Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն գացինք, որովհետեւ ատիկա Լիբանանի համար նուազագոյն գին ունեցող ուղին է: Համաձայնութեան պիտի հասնի՞նք: Ոչ ոք նախօրօք գիտէ որեւէ բանակցութեան արդիւնքը:...

Ռուպիօ. «Լիբանանեան Թղթածրարը  Իրանէն Անջատ Է»

Ռուպիօ. «Լիբանանեան Թղթածրարը Իրանէն Անջատ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Ուղղակի կերպով լիբանանեան կառավարութեան հետ գործ ունինք, եւ Լիբանանի թղթածրարը Իրանէն անջատ է»: «Շրջանին մէջ թշնամական արարքներուն կարելի չէ վերջ տալ, եթէ Իրանի գործակատարները հրթիռներ կ՛արձակեն», ըսաւ ան: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց, թէ որեւէ պետութեան չ՛արտօնուիր միջազգային ջրանցքներուն վրայ վճարումներ կամ տուրքեր հաստատել:

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «2024-ի Համաձայնութիւնը Պատրաստ Առիթ Է»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրին շուրջ համաձայնութենէն ետք քաղաքական ու զինուորական իրադարձութիւնները: Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց Լիբանանի կարեւորութիւնը եւ անոր կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը առաջնահերթ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց Ֆրանսայի եւ այլ բարեկամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը` լիբանանեան բանակին...

Քալիպաֆ. «Զինադադարի Ծիրը Հարաւային  Արուարձաններէն Լիբանանի Ամբողջ  Շրջաններուն Վրայ Ընդլայնուեցաւ»

Քալիպաֆ. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեզի Համար Նոյնքան Կարեւոր Է, Որքան Իրանի Դէմ Պատերազմին Վերջ Տալը»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց, թէ իր երկրի քաղաքականութիւնը հիմնուած է շրջանային անվտանգութեան վրայ, որ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ ինքնին շրջանի պետութիւններուն կողմէ: Ան ըսաւ, որ Իրան պատրաստ է շրջանի պետութիւններուն հետ` ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիմամբ գործակցելու: Քալիպաֆ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարն ու պատերազմին վերջ տալը Իրանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան Իրանի մէջ...

Արտաքին Յարաբերութիւններու  Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Մեծարեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Մեծարեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն նախագահը երեսփոխան Ֆատի Ալամէն է, իսկ քարտուղարը` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Նիստը գումարուեցաւ մեծարելու համար դեսպան Մակրոն Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքի աւարտին մօտենալուն առիթով: Յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց այն ջանքերը, որ Ֆրանսայի դեսպանը թափեց արտակարգ մարտահրաւէրներով յատկանշուած անցնող երեք տարիներու ընթացքին,...

Լիբանանեան-Բրիտանական Խորհրդարանական  Հանդիպում Մը Քննարկեց Բանակին Աջակցութեան  Եւ Իսրայէլի Հեռացման Հարցերը

Լիբանանեան-Բրիտանական Խորհրդարանական Հանդիպում Մը Քննարկեց Բանակին Աջակցութեան Եւ Իսրայէլի Հեռացման Հարցերը

Լիբանան-Բրիտանիա բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը, որուն անդամ են Իպրահիմ Քանաանը (նախագահ), Ֆուատ Մախզումին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, Նիքոլա Սահնաուին, Քամիլ Շամունը եւ Էտկար Թրապուլսին խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմիշ Քաուըլի: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն, թէ Բրիտանիան ինչպէ՛ս կրնայ նպաստել միջազգային ընտանիքը մղելու գործադրելու ՄԱԿ-ի որոշումները, ներառեալ Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումը, բանակի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ երեք պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան. «Իսրայէլն ու Լիբանանը կը քննարկեն ամերիկեան զօրակցութիւն վայելող փորձառական ծրագիր մը, որուն հիմամբ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ կարգ մը հողեր պիտի յանձնեն լիբանանեան բանակին»: «Լիբանանեան բանակը ամերիկեան մարզումի եւ ապահովական քննութեան պիտի ենթարկուի», աւելցուցած են պաշտօնատարները: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ-Լիբանան բանակցութիւնները կը կեդրոնանան «փորձառական շրջաններու»-ն վերաբերեալ մանրամասն փոխըմբռնումներու գոյացման փորձին...

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարարին

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարարին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց նախարար զօր. Ահմետ Հաժժարի, որուն հետ կատարեցին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի քննութիւնը եւ հաստատուած զինադուլի գործադրման ընտրանքը: Յատուկ կարեւորութեամբ քննուեցաւ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ գաղթականներու հարցը եւ զայն կանոնաւորելու խնդիրը: Արծարծուեցան նաեւ Պէյրութի եւ այլ քաղաքապետութիւններու հետ կապուած հարցերը: Ներքին գործոց նախարարը...

Թրամփ. «Ո՞վ Ըսաւ, Թէ Իսրայէլ  Լիբանանեան Հողերէն Պիտի Չհեռանայ»

Թրամփ. «Ո՞վ Ըսաւ, Թէ Իսրայէլ Լիբանանեան Հողերէն Պիտի Չհեռանայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ ապասառեցուելիք իրանեան գումարները բացառապէս ամերիկացի հողագործներէ սննդեղէն գնելու պիտի օգտագործուի: «Եթէ Իրան իր խոստումները չյարգէ, պէտք եղածը պիտի ընեմ», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանի զինուորական կարողութիւնները ոչնչացուցինք, եւ ան դժուար կացութեան մէջ է»: «Վանսի ղեկավարութեամբ բանակցային խումբը լաւ աշխատանք տարաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանի հետ Օպամայէն ու դեմոկրատականներէն ամբողջովին տարբեր ձեւով կը...

Նեթանիահու, Քաց Եւ Զամիր Կը Յայտարարեն.  «Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Իր Գործողութիւնները Պիտի Շարունակէ»

Նեթանիահու, Քաց Եւ Զամիր Կը Յայտարարեն. «Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իր Գործողութիւնները Պիտի Շարունակէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր ապահովական ժողովէ մը ետք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն աշխատանքը «վնասազերծելու» այն սպառնալիքները, զորս կը դիմագրաւեն Իսրայէլի զինուորները եւ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեն քանդել զինեալ խմբաւորումներու ենթակառոյցները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանը պահպանել: Միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ իսրայէլացի...

Աուն. «Լիբանան Կանգնած Է Ճակատագրական Ընտրութեան Առջեւ»

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Շարհի Յայտարարած Կեցուածքը

Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր հետ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ քննարկած Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ զինադադարի յայտարարութենէն եւ անոր յաջորդած քայլերէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան: Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձած են ֆրանսական Էվիան քաղաքին մէջ «Եօթներու...

Վանս Եւ Ռուպիօ Հեռաձայնեցին  Նախագահ Աունին

Վանս Եւ Ռուպիօ Հեռաձայնեցին Նախագահ Աունին

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նամակին պատասխանելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու լիբանանեան կառավարութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ Լիբանանի մէջ միակ օրինական իշխանութիւն, եւ Ուաշինկթըն մտադիր է լիբանանեան պետութեան հետ աշխատելու` զայն իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ իր օրինական իշխանութիւնը ամրապնդելու կարող դարձնելու համար»: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, Վանս ըսած է, թէ...

Page 28 of 985 1 … 27 28 29 … 985

Արխիւներ